ՆՇՄԱՐ.- ՄՂՁԱՒԱՆՋԸ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ՛ (ԿԱՄ ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍԻ ՄԸ ՈՏՆԱՁԱՅՆԵՐԸ)

0 0
Read Time:4 Minute, 6 Second

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

9 Մայիս 2024

Պիտի սպասեն վարդահեղեղ գալուստին
Արշալոյսի մ’Արշալոյսի մը` որուն
(Հաւատացէ՛ք ինձ, Մայրեր)
Ես ոտնաձայնը կ’առնեմ…

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

Հայաստանի մէջ վեց տարի առաջ սկսած մղձաւանջը բացորոշ կերպով մօտեցած է իր վախճանին, վերջ պիտի գտնէ վաղը-միւս օր: «Դրական պայթում»-ը, որուն սպասումը շատերու հետ ակնկալած էինք շուրջ 10 օր առաջ, վերահաս է: Բագրատ Սրբազանով մարմնաւորուած պահանջատիրական երթը Երեւան հասաւ այն օրը՝ երբ մարդոց հոգիներուն մէջ կը նշուէր «մոռցուած» Եռատօնը, մասնաւորաբար Շուշիի ազատագրումը…

Բազմատասնեակ հազարաւոր հայորդիներ ողողեցին Երեւանի կեդրոնական հրապարակը եւ յորդեցան անկէ անդին, արթնցնելով Արցախեան Շարժումի առաջին օրերու ծովածաւալ հանրահաւաքներուն յիշատակները: Թէեւ շարժառիթը առերեւոյթ, մի՛այն առերեւոյթ «տեղական» բնոյթ ունի, այսինքն՝ Տաւուշէն Ատրպէյճանի նուէր տրուելիք հողերուն փրկութիւնը, սակայն համատարած է այն գիտակցութիւնը, որ Տաւուշի այդ ափ մը հողին մէջ խտացած է ամբողջ Հայաստանը, ինչպէս որ երէկ Արցախի մէջ խտացած էին ամբողջ(ական) Հայաստանն ու մեր արդարատենչութիւնը: Հինգշաբթիի խաղաղ հանրահաւաքը եկաւ ԲՈԼՈՐ ԹԵՐԱՀԱՒԱՏՆԵՐՈՒՆ եւ փաշինեանական խաբեպատիր ցնորքներով տարուածներուն ցոյց տալու, որ այս շարժումը հատուածական չէ, չի կրնար ձախողիլ, պէտք չէ՛ ձախողի, համոզելու՝ որ ճակատագրական պահուն, հայը կարողութիւնը ունի միացեալ բռունցք դառնալու եւ ծառանալու թշնամիին ու անոր հլու գործակատարը դարձած իշխանախումբին դէմ:

ՔՊ-ակերտ մղձաւանջը պէ՛տք է վերջ գտնէ, վերջ պիտի գտնէ՛ անտարակոյս, շնորհիւ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՒՆ բազուկներուն միացման:

Բագրատ Սրբազանը գիտէ, որ ինք պարզապէս անհատ մըն է, առանձինն բան չի կրնար ընել, հետեւաբար իր շղթայազերծած քայլերթին առաջին օրէն իսկ (նաեւ անկէ առաջ), ապա նաեւ Երեւանի հրապարակէն երէկ արձակած իր կոչին ճամբով, շեշտեց հայրենի հողը միահամուռ պաշտպանելու հրամայականը: Ան առանց բառերը ծամծմելու ցուցահանեց Նիկոլ Փաշինեանի բոլոր ստաբանութիւններն ու հայրենավնաս քայլերը, վերջնագիր տուաւ երկիրը քայքայումէ քայքայում տարած վարչապետին ու կողքին կանգնողներուն, որպէսզի հեռանան խաղաղօրէն, իսկ երբ անոնք անգամ մը եւս անտեսեցին համաժողովրդային այս պահանջը, որ, Սրբազանին բառերով՝ պահանջն է հայաստանաբնակ ու սփիւռքաբնակ հայութեան մեծամասնութեան, յայտարարեց մեկնարկը քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումին, որուն զուգահեռ, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակները պիտի սկզբնաւորեն վարչապետին պաշտօնազրկման օրինական քայլերը:

Քաղաքացիական խաղաղ անհնազանդութիւնը, որ կը սպասենք, պիտի յանգի դրական պայթումին, պիտի սկսի Ուբաթ, 10 Մայիսին, դասադուլերով, գործադուլերով եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ բողոքի խաղաղ ցոյցերով: Մէկ խօսքով, ամբողջ ազգը ոտքի պիտի կանգնի՝ քանի մը օր անդամալուծելու համար երկիրը, որպէսզի Փաշինեան հասկնայ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՄՔԻ ՈՒԺԸ: Սփիւռքը անտարբեր չէ կանգնած. եռքը կլանած է նաեւ գաղութները: Ու եթէ մինչեւ երէկ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ շարժումին միացած էին եկեղեցին, դիւանագէտներ, անհատ զինուորականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, քաղաքական խմբաւորումներ, մտաւորականներ եւ այլն, սպասելի է, որ ուժային կառոյցներն ալ (ոստիկանութիւն եւ հոգ չէ թէ բաւական ջլատուած բանակ) անյապաղ միանան Երեւան հասած «երթ»-ին ու իսկական իշխանափոխութիւնը իրականանայ խաղաղօրէն, սադրանքի փորձերը ձախողութեան մատնուին:

***

Ո՛չ ոք կը տարուի պատրանքներով, որ իշխանափոխութիւնը՝ մղձաւանջին աւարտը ծիածան պիտի տարածէ Հայաստանի վրայ: Վիթխարի, ոմանց կողմէ այսօր անկարելի թուացող ԳՈ՛ՐԾ պիտի իյնայ յաջորդ իշխանութեան ուսերուն:

Տաւուշը կը մնայ առաջին կիզակէտ, խորքին մէջ մեկնակէտը՝ նոր բացուելիք փուլին: Հոն, կրկնակի նահանջի պատկերներ ուրուագծուած են: Ապօրինի եւ որեւէ հիմէ զուրկ «սահմանագծման» նորագոյն հնարքէն ետք, Փաշինեան Մոսկուայի մէջ Չորեքշաբթի օր համաձայնութիւն գոյացուցած է, որպէսզի ռուսական ուժերը քաշուին Տաւուշի սահմաններէն (նաեւ օդակայանէն): Այլ խօսքով, ազերիական անխուսափելի թուացող թափանցումի մը դիմաց, ականապատ դաշտերու մաքրագործման կողքին, պաշտպանական այլ վահան մըն ալ կը վերցուի Երեւանի իշխանութեան պահանջով: Ռուսիա բացայայտ դարձուցած է, որ ներկայ փուլին, ու Հայաստանի իրողական անձնասպանական ծանօթ կեցուածքներուն ի տես, պիտի շարունակէ իր շահերը համակարգել Ատրպէյճանի հետ: Եւ սա արդէն լուսարձակի տակ կը բերէ առաջինը այն հրամայականներէն, որոնք կը ցցուին յաջորդ իշխանութեան դիմաց, այսինքն՝ վերականգնել Հայաստանի շահերուն եւ արդար պահանջներուն համապատասխան՝ միջազգային յարաբերութիւններու տրամաբանական ընթացքը, սկսելով Ռուսիոյ հետ համակարգումի վերականգնումը. համակարգում չի նշանակեր անոր (կամ որեւէ այլ բարեկամի) կամակատարը դառնալ, ինչպէս որ Փաշինեան եւ «ուսապարկերը» դարձած են թուրք-ազերիին կամակատարն ու… պաշտպանեալը: (Ատրպէյճան կը պատրաստուի Պաքու հրաւիրելու «արխատաշ» Փաշինեանը):

Վերջին շաբաթներու փաշինեանական այն յայտարարութիւնները, այսինքն՝ «եթէ չտանք, ազերիները պիտի յարձակին» սպառնալիքները (որոնք ըստ էութեան իր բերնով ուղղուած ալիեւեան սպառնալիքներ են) կարելի չէ ու պէտք չէ անտեսել: Անոնք ցուցանիշ են, որ այս իշխանաւորը դարձեալ լուռ համաձայնութիւն ունի Պաքուի հետ, իր աթոռին պահպանման համար: Այսինքն, ազերիական նոր յարձակումի մը «Դամոկլեան սուր»-ը կախուած կը մնայ Տաւուշի ու ընդհանրապէս Հայաստանի գլխուն վերեւ: Անյետաձգելի հրամայական է կանխարգիլել նման վտանգ…

***

Կարելի չէ այս կամ այն հրամայականը աւելի՛ առաջնահերթ նկատել, քան միւսը: ՔՊ-ականները այնքա՜ն վնաս հասցուցած են հայրենիքին որ, յաջորդ փուլը պիտի ըլլայ տաժանելի:

Կայ բանակին ու պաշտպանական կարողականութեան վերականգմումը:

Կայ դիւանագիտական բազուկի առողջացման եւ իսկական գործի լծման օրակարգը:

Կան ներքին համերաշխութեան վերականգնումը եւ ատելութեան՝ «սեւ-սպիտակ»-ի քարոզչութեան դադարեցումը:

Կայ Հայաստան-Սփիւռք կապերու վերաբնականոնացումը:

Կայ քաղաքական կեանքը խաղի տրամաբանական եւ ընկալեալ օրէնքնրուն վերադարձնելու պահանջը (հոգ չէ թէ այդ խաղերը կրնան այս կամ այն թերութիւնը ցուցահանել):

Կայ տնտեսութեան վերականգնումը:

Կայ ընկերային արդարութեան վերականգնումը:

Կան խլուած Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային գօտիներու վերատիրացման օրակարգերը:

Կան քաղաքական բանտարկեալներու, Ատրպէյճանի ձեռքին մնացող պատանդներու եւ գերիներու ազատագրումի հարցերը:

Կան… Կան… Կան…

Այս բոլորը կը պահանջեն հայութեան նիւթական, իմացական եւ, մէկ խօսքով՝ ԱՄԲՈՂՋ ՈՒԺԻՆ մէկտեղումը՝ ի սպաս Հայրենիքին ու ազգին:

***

Տաւուշէն սկսած շարժումի պէ՛տք է յաջողի: Պէ՛տք է դուրս գալ իշխանաւորներուն պարտադրած՝ թերահաւատութեան ու սեփական կարողութիւններուն վրայ վստահութիւն չունենալու թմբիրէն: Ու եթէ Դանիէլ Վարուժան ապրէր այս օրերուն, հաւանաբար տարբերակ մը գտնէր իր «Ջարդը» բանաստեղծութեան վերջին տողերուն եւ աւետէր նոր արշալոյսի մը ոտնաձայները:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles