ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ՝ ԱՆՄԱՀՆ ԶԱՀՐԱՏԸ (1924-2007)  

0 0
Read Time:6 Minute, 37 Second

Գէորգ Պետիկեան

bedig43@aol.com

Այսպէս ամէն առաւօտ

Հրաժեշտ կ’առնեմ կը բաժնուիմ ես ինձմէ-

Տանս դուռը երբ կը փակեմ ետեւէս

գիտեմ թէ

Եսս ներսն է –

եւ ամէն քայլ զիս կ’անջատէ

իմ եսէս

                                                              ԶԱՀՐԱՏ

Վերի նշած տողերս շատ-շատերուն ծանօթ, եւ նոյնքան ալ անծանօթ, Պոլսահայ մտաւորական-բանաստեղծ՝ Զահրատին կը պատկանին: Այլ խօսքով՝ Պոլսահայ մտաւորական-բանասատեղծ Զարեհ Եալտըզճեանին, որուն ծննդեան 100- ամեակն է այս Մայիս 10-ին:

Իբրեւ հայ գիրի եւ գրականութեան կամաւոր սպասարկուներ, մեզի համար անարդար եւ անհաճոյ պիտի ըլլայ, եթէ չմտածուի այս եւ բոլոր մեծ անուանի հայ ԳՐԻՉ-ները, մեր  ընթերցողներուն չյանձնելը: Այս անհրաժեշտութիւնը կը զգանք: Պարտաւոր ենք գիտակցիլ: Ջերմ գնահատանք մըն է այս մէկը:

Իսկ գալով Զահրատին՝ պէտք է աւելցնենք, որ ան իր կարգին պերճախօս վկան էր պոլսահայ գրականութեան:

Իբրեւ յոբելեալ, արդ լաւ առիթ է, որ անդրադառնանք այս հայուն, որ յստակ եւ մաքուր արձագանգը ունեցած էր հայ ընթերցողի մտքին մէջ:

Զահրատ եւ հարիւր տարեկան…: Յոբելենական թուական:  Անուն մը անուններուն մէջ, որ ունի իր արդար տեղը, մեր արդի գրականութեան անդաստանէն ներս: Արթուն եւ կենդանի:

Յոբելենական թուական յիշեցի, պէտք էր նաեւ անպայման աւելցնէի մեր կողմէ գնահատանքի տուրք հասկացողութիւնն ալ: Որովհետեւ թուականներու յիշատակումներէն աւելին, էական են մեր ընկալումն ու մեր գնահատանքի չափը: Իր մասին մեր նշումը, անկասկած վերաժեւորումն ալ է:

Զահրատ.- Զարեհ Եալտըզճեան- մտաւորական, մամուլի նուիրեալ եւ բանաստեղծ, որ իր քերթողական մարզէն ներս նորարարութեամբ դարձաւ աչքառու: Պէտք է նաեւ յատկանշել, թէ ան մեծ էր այս նորագոյներուն մէջ իր տաղանդով, որակի հարստութեամբ, եւ գրական անդաստանին եւ արուեստին յատուկ իր պաշտամունքով:

1924-ին Պոլիս ծնած այս գրիչը, գրել սկսած է կանուխէն եւ իր առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է «Աստղ մը» (լոյս տեսած 1943-ին): Մէկ տարի ուսանած է դեղագործական վարժարանի մէջ, Վիեննական Մխիթարեանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք: Ապա երեք տարի յաճախած է բժշկական համալսարան, սակայն կիսատ ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան: Անկէ ետք աշխատակցած է պոլսահայ թերթերուն: Ունի բանաստեղծական ութ ժողովածուներ: Գլխաւոր գործերն են.- «Մեր քաղաքը», «Գունաւոր սահմաններ», «Մէկ քարով երկու գարուն», «Ծուռ նստինք», «Կիկօ խօսինք», «Մաղ մը ջուր», «Բառերուն տակի քերթուածը» եւ շատ ուրիշներ: Իր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու: Այսպէս թրքերէն, յունարէն, անգլերէն, արաբերէն, իրալերէն, ռուսերէն եւ տակաւին…:  Այս բոլորը կը վկայեն իր ստեղծագործական թռիչքը: Յաճախ գործածած է «Զարիկ», «Իշխանաձուկ», «Յ», «Զ» եւ «Լուսարձակ» ծածկանունները: Յիշենք նաեւ, որ արժանացած է զանազան շքանշաններու, մրցանակներու եւ պատուագիրներու: Մահացած՝ 2007-ին Պոլիս:

Ահա՛, ո՞վ էր ինք:

Զահրատ, քերթողական նորարար հատորներու տէր այս մեծատաղանդ բանաստեղծը, մեր անմիջական գրականութեան մէջ նոր ակօս մը բացած ըլլալու հպարտանք կը ներշնչէ: Իր հրամցուցած բոլոր տողերը ընթերցողին կ՛ընծայեն համոզում եւ վստահութիւն: Հոգեկան իր լուռ տագնապները ընթերցողին յաճախ զինաթափ կ՛ընեն: Իր արտայայտելու ձեւը նոր եւ իւրայատուկ է, եւ որուն միջոցով ընթերցողին մտածումները կը սահմանէ:

Անկասկած, իբրեւ բանաստեղծ, ան ունի եզակի հայեացքներ: Ահա թէ ինչո՞ւ

ինք, մեզմէ շատերուն գրական պաշտամունքներուն մէջ, որոշ եւ հաստատ  տեղ գրաւած է, իր ինքնատիպ ոճով: Իր մէջ միշտ ներկայ եղած է մտքի շունչը, եւ իր տաղանդին վարպետ նկարագրող հիւթեղ եւ ճկուն լեզուն:

Իր բոլոր ստեղծագործութիւնները, որոնք ծնունդ առած էին իր իրապաշտ եւ կենդանի գրաւիչ վրձինով եւ լեզուական ներդաշնակութեամբ, նոր արժանիք բերին մեր գրականութեան:

Կը զգաս որ այս Մարդը կեանքին մէջէն քալած է իր բաբախուն, ինքնատիպ, զգայուն, եւ տաք ու քաղցր խորքով եւ զուարթախոհութեամբ:

Հայ գիրի պայծառ այս մշակը, կրկնութեան գնով կրնանք ըսել, թէ հայ գրականութեան մէջ նոր էջ մը բացաւ իր նորարար տողերով, հանդարտ ու հաճելի խորքով, հարազատ պատկերներով, հասկնալի եւ սրտի մօտիկ բառերով, հեռու սովորական չափանիշներէ, հետաքրքրիր նրբութիւններու ըսելիքներով:

Զահրատ.- հոգիով գերազանցօրէն հայ: Ճարտար գրող, եւ նորարար բանաստեղծ.- անկասկած: Երբ զինք կը կարդանք հոգեկան վայելքի պահեր կ՛ապրինք: Շունչ կայ իր բառերուն եւ տողերուն մէջ: Հանդարտ անկեղծութիւն: Վարպետօրէն հոգեկան գիծեր գծած է, որոնք մեր սիրտն ու ուղեղը տեսակ մը բոյրով կը գրաւեն անմիջապէս: Ան անկասկած այն քիչերէն է, որ շատ համարձակ իր բանաստեղծութիւնը խառնած է իրականութեան:

Ու ջերմապէս կը գնահատենք:

Մեծ բանաստեղծ մը, որ տասնամեակներու երկայնքին շարունակ զգալի դարձուցած էր իր ներկայութիւնը գրական հրապարակին վրայ իր յաջորդական ստեղծագործութիւններով: Իր ուսանելի դիտարկումներով:

Պէտք է յիշել, որ ոեւէ գրագէտի կամ բանաստեղծի կեանքին ծանօթանալու համար պայման է նախ կարդալ, մօտէն ծանօթանալ անոր գործերուն: Նման մարդիկ կեանք չունին. իրենց կեանքը, իրենց գրիչէն հոսող եւ բխող աղաղակներն են, որոնք համ եւ հոտ ունին եւ որոնք միաժամանակ կը դառնան իրենց կեանքի հայելին:

Հաւանաբար շատեր անծանօթի պէս իրեն կը նային: Բայց մէյ մը որ մօտենան հետաքրքրութիւնը կը սկսի ուղեւորի մը նման սրտին մէջ:

Ուրեմն՝ ընթերցել Զահրատը: Որովհետեւ ան բոլորիս համար է եւ պիտի մնայ այն հայ մտաւորական-բանաստեղծը, որ մասնակից եղած էր Պոլսոյ գրական-մշակութային եռուզեռին, իր սրտէն փրթած անկեղծ խօսքերով եւ գաղափարներով եւ ստեղծագործ մտքի գրիչով:

*

Սիրերգութիւն

Սեւ հագնիմ

Ամպ հագնիմ անձրեւ հագնիմ

Ցաւը սրտիկս է այրեր

Աշնան չոր տերեւ հագնիմ

Հուր ժողվեմ

Իմ սիրածէս լուր ժողվեմ

Հուրը զոզնան ու երթան

Ես նստիմ փրփուր ժողվեմ

Լուռ քալեմ

Ցաւը սրտիս ծուռ քալեմ

Երբ հանդիպիմ սիրածիս

Ալ հարց չտամ ուր քալեմ

Լոյս իյնայ

Աչքերուն թող յոյս իյնայ

Այդ աչքերովն երբ նայի

Նայուածքը հոգւոյս իյնայ

Հով ըլլամ

Հովուն պէս գինով ըլլամ

Սիրտս զարնէ խենթի պէս

Երբ սիրածիս քով ըլլամ

Տօն ըլլայ

Իմ սիրածս հոն ըլլայ

Ծաղիկը շուտ կը թոռմի

Սիրածս կոկոն ըլլայ

Գինի տամ

Մարդ չտեսնէ գաղտնի տամ

Վարդ այտերը կարմրնան

Համբուրեմ երանի տամ

Տուն մտնեմ

Տան սեմէն ժպտուն մտնեմ

Գըլուխս դընեմ ուսին

Ու երջանիկ քուն մտնեմ

Երազիս

Աստղ մը գայ նստի սազիս

Ես այդ սազով տաղ ըսեմ

Աստղերը թող լսեն զիս

Եար ըսեմ

Սիրածիս գոհար ըսեմ

Թէ մեռնիմ լայ ետեւէս

Ողջննամ մի լար ըսեմ

*

Երկու հատ մոմ

Այս գիշեր

Աստուածամօր մեծ պատկերին առջեւ ես

Երկու հատ մոմ վառեցի

Եւ ըսի —

Եթէ քեզի մոմ մը վառել կը բաւօ

Եթէ մոմով մը կատարուին պիտի իղձերս բոլոր

Աստուածամայրըս իմ դուն

Ըրէ այնպէս մը որ հասնիմ երջանկութեան քայլ առ քայլ

Որովհետեւ աւելի լաւ գիտես դուն

Գիտես թէ ինչ պէտք է ինձի որ երջանիկ ըլլամ ես

Մի մոռնար

Այդ մոմերէն մին ես եմ

Աստուածամօր այսպէս ըսի այդ գիշեր

Երբ պատկերին երկու հատ մոմ վառեցի

Ու ըսի —

Այդ միւս մոմն ալ հաւանաբար կը ճանչնաս թէ որունն է

Անոր մասին շատ եմ խօսեր քեզի հետ

Ան գուցէ

Աստուածամօր կամ Աստուծոյ մասին շատ բան չի գիտեր

Բայց հոգ չէ

Եւ կամ ան

Սա վայրկեանիս լուր չունի թէ մոմ մըն ալ

Իրեն համար վառեցի

Հոգ չէ բայց

Աստուածամայրըս իմ դուն

Ըրէ այնպէս մը որ ան ալ երջանկութիւնը ճանչնայ

Մի մոռնար

Այդ մոմերէն մին ան է

Ու գիտես թէ զինքը որքան կը սիրեմ

*

Զարմանահրաշ

Օր կʼըլլայ

Ես եւ ինքս ձեռք ձեռքի

Անօրինակ փնտռտուքի մը կʼելլենք —

Ու ծալքերուն մէջ էութեանս անպարփակ

Ինքնութիւնս կը պեղենք

Միօրինակ տարազներու յաճախանքէն ձանձրացած

Օր մʼալ մենք

Բազմերեսակ ինքնութիւնս ճանչնալ կʼուզենք մարդկօրէն

Դիւրին չէ —

Անջրպետին մէջ մոլորակ քարկոծելու չի նմանիր —

Ինքնութիւնս այնքան խոր է — այնքան խիտ

Որ ձեր գիտցած տիեզերքին սահմաններէն կը յորդի —

— Երկինքն ի վեր դուք ի վերջոյ քանի՞ հատ աստղ կը համրէք —

Մինչ եթէ

Երբ օր ըլլայ ու — դուք ձեզի — ձեր ինքնութիւնը պեղէք

Ի՜նչքան արեւ կը գտնէք հոն — քանի քանի տիեզերք —

Չէ՛ք գիտեր ինչ հարուստ էք

Ես եւ ինքս եւ դուք եկէք — ձեռք ձեռքի —

Մեր էութեան խառնարանին մէջ անծիր

Զարմանահրաշ փնտռտուքի մը ելլենք

*

Վահան

Վահան մը լոյս

Վահան մʼաննիւթ — զուտ գաղափար — բորբ հաւատք

Հպարտ փռներ եմ կուրծքիս

Լուտանքներուն դէմ մոլեգնած աշխարհին

Դարանակալ խժգուժութեան դէմ անզուսպ

Մինչ մայթերէն — իբր թէ

Հանդարտօրէն կը քալեմ

Երազատես սուրբի նման անտարբեր —

Իսկութեան մէջ ես կուրծք կու տամ հազարումէկ հարուածի

հազարումէկ թշնամանքի ու դաւի —

Երբ հանդիպիք դուք ինծի

— Թշնամի թէ բարեկամ —

Մէկուն վրայ այս քաղաքին փոշեպաճոյճ մայթերէն —

Մի կարծիք թէ մինակ եմ

անապաւէն — անօգնական — կամ անէն —

Դուք որ — օտար — չէք նշմարեր հարկաւ վահանն իմ զօրեղ —

Վահան մը լոյս

Վահան մʼաննիւթ — զուտ գաղափար — բորբ հաւատք

Չոր հպարտ

Կուրծքիս վրայ դրօշի պէս կը բռնեմ

*

Երջանիկ բանաստեղծը

Բանաստեղծ եմ երջանիկ —

— Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ

Զիս կʼընդունին գրկաբաց

Ժպիտներուն ամէնէն քաղցրն իրենց դէմքին վրայ կը շողայ —

Երջանկութիւնն այս է կʼըսեմ ես ինծի —

— Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ

Կռնակի վրայ կը բացուի

Ասպպնջական երգ մը կʼիջնէ հոգիս մէջ մեղրի պէս —

Ամէն մէկ դուռ մտերմօրէն կը բացուի

Ամէնէն տաք բարեւներով կʼարծարծի հուրը սրտիս

Ու կը մոռնամ ինչու եկայ — ինչու այս դուռը զարկի

Երջանկութիւնն այս է կʼըսեմ համոզուած

Բանաստեղծ եմ երջանիկ —

Եւ այս գիշեր երբ բոլորուիք դուք սեղանին շուրջ ճաշի

Երբ առօրեայ ձեր հոգերէն ձերբազատ

Մանրէք շերտը թարմ հացին —

Սպաս մըն ալ ինծի դրէք մէկ անկիւնը սեղանին

— Գուցէ կու գամ ու ձեր դուռը կը զարնեմ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles