
Հ.Հ. Ազգային ժողովը, Յունիս 24-ին, արագ որոշումով մը, ընդունեց Հայաստանի մէջ օտար լեզուներով կրթութիւնը թոյլատրող վիճայարոյց օրինագիծերը: «Լեզուի մասին» եւ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնսդրական ծրարը առաջին ընթերցումէն իսկ վաւերացուեցաւ: Թեր քուէարկեցին 71 պատգամաւորներ, դէմ՝ 13, իսկ ձեռնպահ՝ մէկ: Կառավարութեան ներկայացուցած այս թղթածրարին դէմ քուէարկեցին «ժառանգութիւն» եւ Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւններու ներկայ պատգամաւորները եւ անկախ պատգամաւոր Վիքթոր Տալլաքեան: Իշխող Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան համոզուած է, որ շահագրգիռ ուժերը աշնան քննարկումներուն ընթացքին նոր առաջարկներով հանդէս պիտի գան: «Խնդիրը սկզբունքը պաշտպանելն է՝ չվնասել մայրենիին, չվնասել մեր հայազգի երեխաներու լեզուամտածողութեան, բայց միեւնոյն ժամանակ, նախապատրաստել, որպէսզի յաջողինք համարկուիլ նաեւ աշխարհի հանրակրթական տարբեր համախմբումներուն մէջ», յայտնեց Սահակեան:
Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արտակ Դաւթեան յայտնեց, որ օրէնսդրական ծրարին շուրջ երկրորդ ընթերցումէն առաջ, քննարկումները տեղի պիտի ունենան աշնան:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան եւ Դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան նշեցին, որ կառավարութեան ներկայացուցած խնդիրը կարելի է լուծել առանց «լեզուի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կամ լրացումներ կատարելու: Տալլաքեան կրկին շեշտեց, որ կառավարութեան նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ կը հակասէ Հայաստանի Սահմանադրութեան: