
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Այս թիւով, ազդանշանը կու տանք երկար յօդուածաշարքի մը, կիզակէտ ունենալով Սուրիահայութիւնը: Յատուկ «Հայրենիք»ին համար պատրաստուած, յօդուածագիր՝ Աւօ Գաթրճեանի այս ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն Սուրիահայ զանազան գաղթօճախներ եւ անոնց ետին գտնուող հարուստ պատմական անցեալը:
Նաեւ, շաբաթներու վրայ երկարող «Հայերը Սուրիոյ Պատնութեան Մէջ» յօդուածաշարքը կ՛ընդգրկէ կարգ մը անտիպ նկարներ, որոնք կը պատկանին յօդուածագրին, որ սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործած է Սուրիոյ տարածքին մեր շրջաքայութեան ընթացքին հետազօտական, ականատեսի եւ ականջալուրի ու մանաւանդ անձնական գրադարանի արխիւներ, նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւային նիւթեր եւ այլ հրատարակութիւններ:
ՄՈՒՏՔ
«Հայերը Սուրիոյ Պատմութեան Մէջ» ուսումնասիրական աշխատասիրութեամբ փորձ կատարուած է ամբողջական գիծերով ներկայացնելու Սուրիոյ հայկական համայնքը:
Ներկայ ուսումնասիրութիւնը կը միտի հիմնականօրէն լուսաբանել Սուրիա ապրող հայ համայնքի կազմաւորումը, կառուցուածքը եւ այլ կարեւոր տեղեկութիւններ, որ առնչուած է համայնքին հետ մանրամասնօրէն:
Իւրաքանչիւր համայնքի մասին ներկայացուած թղթածրարին մէջ կը ներառուի պատմական ակնարկ՝ համայնքի ձեւաւորման ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, իբրեւ գաղթավայրեր, ինչպէս նաեւ առաջին ներգաղթողներու, համայնքի կազմաւորման փուլերու, հայապահպանման կառոյցներու ստեղծման, ժողովրդագրական գործընթացներու (ներհոսք-արտահոսք եւ ներքին գաղթ-արտաքին գաղթ), հայերու ընկերային կազմի:
Ամէն մէկ շրջանի մէջ գործող եկեղեցիները՝ կրօնական համայնքները (հայ առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական: Անշուշտ գոյութիւն ունի նաեւ Լատին հայերը), հայկական եկեղեցական կառոյցներու գործունէութիւնը: Դպրոցները՝ տուեալ շրջանի հայ կրթական համակարգի առանձնայատկութիւնները, հայկական կրթական հաստատութիւնները (ըստ հիմնադրման թուականի), աշակերտներու մօտաւոր թիւը: Հասարակական, քաղաքական կեանք. քաղաքական, բարեգործական, մշակութային, մարզական, հայրենակցական եւ այլ գլխաւոր կազմակերպութիւնները, խնդիրները եւ նպատակները, իրականացած ծրագիրները: Մշակոյթը. համայնքի մշակութային կեանքը:
Սուրիոյ հայկական համայնքներու հարցը թէեւ հայրենիքի, յատկապէս Խորհրդահայ եւ սփիւռքի հայ պատմաբաններու կողմէ ուսումնասիրուած են, եւ կամ լուսարձակի տակ առնուած, սակայն հոն նշեալ համայնքին մէջ մէկ հատուածի մը միակողմանի քարոզչական լուրջ աշխատանք տարուած է, իսկ միւս հատուածին մասին կարծէք գոյութիւն չունի եւ կամ ընդհանրապէս անտեսումի քաղաքականութիւն կատարուած է: Մենք, սակայն փորձ կատարած ենք ներկայացնել համայնքը իր ամբողջական էութեամբ, բոլոր կողմանի տարրերով անխտիր:
Մեր հետազօտութիւններէն ի յայտ եկած է, որ Սուրիոյ հայերու թուաքանակին եւ բաշխման մասին ճշգրիտ վիճակագրութիւններ չկան: Զանազան գնահատումներ եղած են. կարգ մը աղբիւրներու մէջ հանդիպած ենք 100 հազարի, եւ 150 հազարի: Իսկ այլ աղբիւրներու մէջ նոյնիսկ կը հանդիպինք հակասական թիւերու:
Սոյն աշխատութիւնը ունի արդիական նշանակութիւն, նաեւ այն իմաստով, որ լուսարձակի տակ կ’առնուի մինչեւ օրս, յատկապէս Սուրիոյ վերջին շրջանին 2011-էն
սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմի պատճառով համայնքի կրած տեղաշարժի փոփոխութիւնը եւ անոր գոյատեւումը:
«Հայերը Սուրիոյ պատմութեան մէջ» հետազօտական ուսումնասիրութեան մէջ կը ներկայացուի Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան ազգային փոքրամասնութիւններէն մէկը, հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն մէկ մասը:
«Հայերը Սուրիոյ պատմութեան մէջ» աշխատութեամբ ի յայտ կու գայ, թէ Սուրիահայ ժամանակակից համայնքը եթէ ձեւաւորուած է հիմնականին մէջ 1915-1920 թուականներուն` Հայոց ցեղասպանութեան արդիւնքով, ապա ուղիղ 100 տարի ետք Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Սուրիոյ ժողովուրդին հետ միասին մեծ հարուած ստացած եւ նօսրացած է: Ուստի, աւերիչ պատերազմը չխնայեց եկեղեցի, դպրոց եւ բնակարան՝ սրբապղծելով ու քանդելով զանոնք:
Վերջապէս Սուրիոյ հայութիւնը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի մեր հայահոծ կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը` մեր համազգային ծրագիրներուն եւ անժամանցելի Դատին վերջնական լուծման համար կարեւորագոյն Միջնաբերդը:
Ակնյայտ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան վկայարան դարձած Սուրիան` այսօր նորագոյն փաստը կու տայ շարունակուող ոճրային արարքներու անհրաժեշտ դատապարտման, պատժման եւ հատուցման:
Թէեւ համայնքի թիւը նուազած է, բայց եւ այնպէս համայնքը կը գոյատեւէ եւ կը կազմակերպէ իր կեանքը կը շարունակէ անկոտրում կամքով:
Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս սուրիական հայրենիքի մէջ կը շարունակուի հաւաքաբար կրել տառապալից հետեւանքները աւերիչ ու կործանարար պատերազմին:
Արդ, մինչեւ այն ատեն, որ տասնեակ հազարաւոր հայեր տակաւին կ’ապրին Սուրիոյ մէջ, ուրեմն անոնց պատմութեան ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտութիւն է՝ մէկ կողմէն ճանաչողական եւ գիտական իմաստով, իսկ միւս կողմէ ալ քաղաքական եւ պատմական մեծ կարեւորութեան ու այժմէականութեան համար:
Ուսումնասիրական այս աշխատասիրութեան համար օգտուած ենք արխիւային փաստաթուղթերէ, ականատեսի եւ անձնական հետազօտական արխիւներէ, զանազան հեղինակներու գործերէ, հայկական եւ օտար մամուլէ եւ այլն: Յատկապէս օգտուած ենք Սուրիոյ եւ հայահոծ համայնքներու վերաբերեալ տեղեկանքներէ, շրջաններու տեղացի հայ թէ օտար անձերու հետ մեր կատարած զրոյցներէ:
Բնութագրուած եւ պարզաբանուած սոյն աշխատութիւնը, որ շրջանարութեան մէջ կը դրուի, նպատակ ունի նպաստելու ընդհանրապէս Սուրիոյ Հայ համայնքի մասին հետազօտութեան եւ ուսումնասիրական աշխատանքին:
Ներկայ ուսումնասիրութիւնը կարելի չէ զերծ ըլլալ բացթողումներէ եւ թերութիւններէ: Հետեւաբար, հաւակնութիւնը չունինք ամբողջական սեպելու, սակայն վստահ ենք, որ ան կը դառնայ կարեւոր սկզբնաղբիւր Սուրիոյ հայ համայնքի ուսումնասիրութեան համար:
«Հայերը Սուրիոյ պատմութեան մէջ» աշխատասիրութեան լոյս ընծայումը իր հրատապութեամբ կը կարծենք, որ իր կարեւոր նշանակութիւնն ու ներդրումը ունի հայագիտութեան ուսումնասիրուած ճիւղերէն մէկու՝ սփիւռքագիտութեան զարգացման:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
ՀԱԿԻՐՃ ԱԿՆԱՐԿ
Հայերը Սուրիոյ տարածքին բնակած են հին ժամանակներէ: Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ կապեր սկսած են զարգանալ Տիգրան Մեծի կողմէ: Առաջին տեղեկութիւնները հայ բնակչութեան գաղթի մասին դէպի Սուրիա կը վերաբերի 6-րդ դարուն: Օտար եւ հայ աղբիւրներու մէջ կը հանդիպինք, թէ Մեծն Տիգրանի Հայկական Կայսրութեան (Ք.Ա. 64-84) հարաւային սահմանները հասած են մինչեւ Պաղեստին, իսկ Անտիոք դարձած է հայոց Կայսեր մայրաքաղաքներէն մէկը:
700-862 թուականներուն Հայաստանը ընդգրկուած է Արաբական Խալիֆայութեան կազմի մէջ, որ նոր էջ բացուած է հայ-սուրիական հետագայ կապերու զարգացման պատմութեան մէջ: 9-15-րդ դարերուն մէջ Սուրիոյ մէջ հայերու թուաքանակը բաւականին աճ արձանագրած է` հիւսիսային Սուրիա հայերուն գաղթեցնելու բիւզանդական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Բագրատունեաց եւ Կիլիկեան հայկական թագաւորութիւններու անկման եւ սելճուք-թուրքերու ասպատակութիւններու հետեւանքով:
Ըստ պատմական հաւաստի տուեալներու, հայկական առաջին գաղթը դէպի Սուրիա տեղի ունեցած է Զ. դարուն, պարսից Խոսրով Ա. թագաւորի օրով (531-579), երբ 539 թուին տիրելով Անտիոքի ու Եդեսիոյ ան մեծ թիւով գաղթականներ փոխադրած է այդ քաղեքները, ուր հայեր մեծամասնութիւն կազմած են:
717-728 տարիներուն, դէպի Սուրիա հայերու երկրորդ գաղթի մասին կը յիշուի Ամիդի մետրոպոլիթ Մար Դէոնիսիոս Եագուպ Սալիպիի (1173 թ.) գրութեան մէջ, ուր ան կ’ըսէ, թէ հայեր Սուրիա գալով տիրած են իրենց գիւղերուն, եկեղեցիներուն, վանքերուն, եւ հետեւաբար Մար Աթանաս Գ. Պատրիարք հայոց Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոսէն հոգեւորականներ խնդրած է հովուելու համար Սուրիոյ հայերը: Իսկ Ժ. դարուն, Շուղըրի շրջանի Կարմիր Վանքը եղած է հոգեւոր-մշակութային մեծ կեդրոն մը։
Ապպասեան ԽալիՖայութեան շրջանին (750-1258), հայեր փախչելով բիւզանդական բռնատիրութիւնէն եւ սելճուք-թուրքերու հալածանքներէն, գաղթած են Սուրիա ու Միջագետք։ Մինչ այդ, դէպի Սուրիա հայկական երրորդ գաղթը իրականացած է 973-992 տարիներուն, եւ հայեր տարածուած են Սուրիոյ արեւմտեան շրջանները։
ԺԳ. դարու երկրորդ կիսուն, հայկական գաղթերը աճ արձանագրած են մոնկոլ-թաթարական արշաւանքներուն պատճառով (1220-1468), եւ հայեր 1071ին ինկած Բագրատունեանց Թագաւորութեան իշխող դասակարգին հետ գաղթած են Սուրիա: Հայոց Խաչիկ Ա. Արշարունի Կաթողիկոսի (973-992) կողմէ հիմնուած եպիսկոպոսական Աթոռը առաքելութիւնը շարունակած է մինչեւ ԺԳ. դար, երբ Անտիոքի պատմական դիրքին անշքացումով Հալէպ դարձած է հայ համայնքի գլխաւոր կեդրոնը, ուր կազմաւորուած է բարգաւաճ գաղութ մը։
Հայկական մեծագոյն գաղթերը դէպի Սուրիա իրականացած են Օսմանեան կայսրութեան իրերայաջորդ հալածանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ 1876-ին, 1895-ին, 1909-ին:
Սուրիահայ ժամանակակից համայնքը ձեւաւորուած է հիմնականին մէջ 1915-1920 թուականներուն` Հայոց ցեղասպանութեան արդիւնքով սկսած զանգուածային բռնագաղթի հետեւանքով: Իսկ 1921-ին հայկական Կիլիկիոյ Աղէտին պատճառով:
Հայկական վերջին գաղթը դէպի Սուրիա եղած է 1939-ին, Ֆրանս-Թրքական համաձայնագրի պատճառով, երբ Ալէքսանտրէթի Սանճաքը կցուած է Թուրքիոյ:
Արդարեւ, թրքական իշխանութիւններուն իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով կայսրութեան 2.5 միլիոն հայերէն զոհուած է 1.5 միլիոնը: Շուրջ 800 հազար հայեր գաղթական դարձած եւ ցրուած են աշխարհի տարածքին: Արեւմտեան Հայաստանը զրկուած է իր բնիկ հայ բնակչութենէ:
Կոտորածը շարունակուած է նաեւ հետագայ տարիներուն` տեղափոխուելով դէպի Սուրիա: Հազարաւոր հայեր ոչնչացուած են Րաս ուլ-Էյնի, Տէր Զօրի, Մարկատէի, Շետտատէի եւ այլ սպանդանոցներու մէջ:
Պատմութեան ընթացքին ինչպէս հայերը, նոյնպէս ալ արաբները ճաշակած են Օսմանեան կայսրութեան բարբարոսութիւնը եւ` համաթրքութեան զոհը դարձած. ուստի Մեծ եղեռնի բերած սովի եւ արհաւիրքի օրերը, որուն պատճառով հայը երբ ապաստան գտաւ արաբական, յատկապէս Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին մօտ, ճակատագիրի բերումով անոնք ինքնաբերաբար դարձան հացի եղբայրներ:
1921-1924-ին Կիլիկիոյ Աղէտին պատճառով հայեր ընդհանրապէս տարածուած եւ բնակութիւն հաստատած են գլխաւորաբար Հալէպ, Անտիոքի, Ալեքսանտրէթի սանճաքի, Պէյլանի, Ճէպէլ Մուսայի, Համայի, Հոմսի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Շուղուրի շրջանները:
Կարեւոր կը նկատենք 1927-1930-ին Արեւմտեան Հայաստանի՝ Սասունի հարաւային բաժնին մէջ գտնուող քրտախօս Պշերիկցի հայերու փախուստը դէպի Սուրիոյ Ճեզիրէ տարածքի հետեւեալ շրջանները՝ Հարպա, Տըպպանա, Շէյխ Աճին, Զընտա, Հըլքօ, Ապու Ճալալ, Մլուքսարա, Թլսում, Ճուխա, Ճընէտիէ, Աուէճա եւ այլն::
Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ կը կազմաւորուին գաղթավայրեր, համայնքներ, ինչպէս՝ Գամիշլիի, Տէր Զօրի, Րագգայի, Թել Պրագի, Տէրպէսէի, Ճարապլուսի, Թել Սէմիրի, Թել Քէօչէքի, մէջ:
Ուստի անգամ մը եւս կ’արժէ ընդգծել, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակահատուածին մէջ հայեր Սուրիոյ ամբողջ տարածքին տարածուած են զանազան պատճառներով:
Մեր պրպտումներուն իբրեւ արդիւնք ի յայտ կու գայ, թէ Սուրիոյ հայերու թիւի մասին եւ բաշխման մասին ճշգրիտ վիճակագրութիւններ երբեք չկան:
1918-ին սուրիահայութեան թիւը եղած է շուրջ 142 հազար, որմէ 60 հազարը բնակած է Հալէպի մէջ: Հետագային հայերը աստիճանաբար արտագաղթած են Լիբանան, Եւրոպական երկիրներ, Գանատա, ԱՄՆ եւ Հայաստան (1946-1948 թուականներուն, 1964-1966 թուականներուն): Սուրիոյ մէջ բնակած է շուրջ 150 հազար հայ, մեծ մասը կեդրոնացած է Հալէպի մէջ (շուրջ 70 հազար), մնացեալը` Գամիշլիի մէջ (շուրջ 10 հազար), մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ (շուրջ 8 հազար), Լաթաքիոյ, Հոմսի, Րագգայի, Հասաքէի, Տէր Զօրի, Րաս ուլ-Էյնի, Տերիքի, Քեսապի, Ղընեմիէի, Թել Ապիատի, Սուետիա, Տարաա եւ այլն:
Բերիոյ (Հալէպի) թեմի 1932-ի, 1934-ի, եւ 1935-ի վիճակագրութեան տուեալներու համաձայն՝ սոյն վիճակագրութենէն դուրս կը մնան Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ շրջանները, հայ առաքելականներու թիւն էր 1932-ին` 55.241 անձ, 1934-ին` 48.101 անձ, իսկ 1935-ին` 49.281 անձ:
Իսկ նոյն Բերիոյ թեմի 1949-1950-ի վիճակագրութեան տուեալներու համաձայն՝ Հալէպ 32.000 հոգի, Գամիշլի՝ 9.107, Լաթաքիա՝ 778, Էյն ալ-Արապ՝ 1000, Արաբ Փունար՝ 990, Եագուպիէ՝ 426, Ճըսըր էլ-Շըղուր՝ 115, Թել Ապիատ՝ 560, Ազէզ՝ 644, Րագգա՝ 319, Աֆրին՝ 81 (շրջակայ գիւղերու մէջ՝ Ճենտերէս՝ 12, Չոլախան՝ 5, Իքիախըր՝ 2, Կէմրիկ՝ 6, Րեճօ՝ 30 հոգի), Մէյտան Էքպէզ՝ 90, Թել Քէօչէք՝ 73, Րաս ուլ-Էյն՝ 341, Հասիչէ (Հասաքէ)՝ 350, Տէր Զօր՝ 270, Տերիք՝ 248, Տերպէսիէ՝ 523, Ամուտա՝ 204, Թել Պրագ՝ 70, Քէսապ՝ 551, Գարատուրան (Գալատուրան)՝ 341, Թարթուս՝ 92, Գուպրպիթ՝ 46, Ճարապլուս՝ 633, Ընկզիկ՝ 60, Մընպոճ՝ 60 եւ էլ-Ամրի 80:
28 սեպտեմբեր 1961-ին Սուրիոյ բանակային քաղաքական խմբակ մը Դամասկոսի մէջ կը հռչակէ ազգային կառավարութիւն եւ բոլոր եգիպտացիներէն կը պահանջէ հեռանալ երկրէն: Հետեւաբար Սուրիոյ տարածքին ծայռ առած հալածանքներու եւ բռնութիւններու հետեւանքով ընթացք պիտի առնէր հայերու արտագաղթ դէպի Ամերիկայ Միացեան Նահանգներ (ԱՄՆ), Աւստրալիա, Գանատա, Ծոցի երկիրներ եւ այլ շրջաններ: Իսկ 1962-1970-ին հայերու մեծ զանգուած մը Սուրիայէն հայրենիք հայրենադրձութեան ճամբան կը բռնեն:
Սուրիոյ հայերը կառուցած են Ազգ. Միութենական վարժարաններ (մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական), հանդիսասրահներ, սրահներ, կեդրոններ, գերեզմանատուներ, հիւրանոցներ, դարմանատուներ, մայրանոցներ, Ազգ. պատսպարան, Հայ ծերանոց, ճաշարաններ եւ այլն:
Սուրիոյ տարածքին կը գործեն հայ աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի տեղական մարմինները, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան, Թեքէեան մշակութային միութեան, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի մասնաճիւղերը, Հայ երիտասարդական միութիւնը, Կրթասիրաց մշակութային միութիւնը, Սուրիահայ երիտասարդական միութիւնը, Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութիւնը, Սուրիոյ Պատանեկան միութիւնը, Ազգային մշակութային միութիւնը, Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու ակադեմիան (ABBA), Ուրֆայի Վերածնունդ մշակութային միութիւնը, Հայ Աւետարանական Ջանից-Պատանեաց միութիւնը, Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը (ՔՈՄ), Կիլիկեան մշակութային միութիւնը, Ս. Յովսէփ միութիւնը, Հալէպի Հայ համալսարանական միութիւնը (ՀՀՀՄ), Սուրիոյ Հայ շրջանաւարտից համալսարանական միութիւնը (ՍՀՇՀՄ), Հայ Կաթողիկէ միութիւնը (ՀԿՄ), Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը (ՏՈԵՄ), եւ հայրենասիրական ու մշակութային այլ միութիւններ:
Վերոնշեալ միութիւններու մեծամասնութիւնը ունին իրենց մասնաճիւղերը Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ:
Բարեսիրական շրջածիրին մէջ կը գործեն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), ՀՕՄ-ի (Սուրիահայ օգնութեան խաչ` ՍՕԽ), «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հիմնարկ, «Ճնիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տեղական մարմինները, Բերիոյ թեմի Ընկերային ծառայութեան խորհուրդը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը (Հալէպ), եկեղեցիներու Աղքատախնամ մարմինները: Հայկական «Ալթունեան», «Մազլումեան» եւ «Աստուրեան» հիւանդանոցները, «Ճեպէճեան» ակնաբուժարանը եւ «Վէրժին Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցը (պատերազմական ժամանակաշրջանին դադրած է):
1980-ին գործել սկսած է Մխիթարեան վանքի հայագիտական հինարկը, որ հետագային դադրած է: Սակայն, 1996-էն ի վեր կը գործէ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը, որ եզակի երեւոյթ մըն է ամբողջ Սփիւռքի տարածքին: Հայագիտական բարձրագոյն ուսման հետեւող աշակերտները քառամեայ ընթացքի հետեւելէ ետք է, որ շրջանաւարտ կ’ըլլան:
Հայ եկեղեցին պետութեան կողմէ ընդունուած իրաւական հաստատութիւն է Սուրիոյ մէջ, որ կը ծառայէ հայ իքնութեան պահպանման: Արդ, համայնքի հարցերը, տեղական իշխանութեան մօտ կը կարգաւորուի տուեալ համայնքի հոգեւոր պետի միջոցաւ, իբրեւ այդ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչը:
Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունին հայ երեք յարանուանութիններ, Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական:
Սուրիոյ հայութեան մեծաւ մասամբ կը պատկանի Առաքելական եկեղեցւոյ:
– Արդարեւ, Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի առաքելական երկու թեմ՝ Բերիոյ (Հալէպ), որ կապուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Թեմին կապուած է Սուրիոյ ամբողջ շրջանները (նախապէս Դամասկոս եւ Հոմսն ալ): Գամիշլին Բերիոյ Թեմի փոխառաջնորդութեան կարգավիճակ ունի:
Դամասկոսի թեմը կապուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին (այլ պատճառներով), հետեւաբար Հոմսը կը պատկանի Դամասկոսի թեմին:
– Հայ կաթողիկէ համայնքը՝ առանձին թեմ է Հալէպը, որ ունի իր թեմակալը: Հալէպի Առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ է Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւմտեան շրջանը, որ կ’ընդգրկէ Իտլիպ, Լաթաքիա, Թարթուս, Համա, Հոմս եւ Րագգա նահանգները:
Իսկ Գամիշլիի, Տէր Զօրի, Դամասկոսի եւ Քեսապի ժողովրդապետութիւնները կապուած են ուղղակի Զմմառի Միաբանութեան: Քեսապի ժողովրդապետութիւնը՝ հակառակ հալէպի Թեմին սահմաններուն մէջ գտնուելուն, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի իրաւասութեան տակ է:
– Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետի նստավայրը Հալէպ է: Արդարեւ, Հայ աւետարանական համայնքը, իր եկեղեցիներով կապուած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան` Կեդրոնը Պէյրութ:
Սուրիոյ հայերուն մէջ կայ այլ հատուած մըն ալ «լատինացած հայերը»:
Միւս կողմէ գոյութիւն ունին «հին հայեր»ն ալ: Անոնք Մեծ եղեռնէ առաջ Սուրիա հաստատուած հայերն են, որոնց մեծաւ մասամբ արաբախօս են:
Երեք Հայ յարանուանութիւններու համագործակցութիւնը շատ սերտ է: Յատկապէս Հալէպի մէջ Համայնքապետերը յաճախ կը հաւաքուին միասնաբար ուսումնասիրելու համար հայ հասարակութիւնը հետաքրքրող հարցեր եւ քննելու բարեսիրական ձեռնարկներուն վիճակը («Հայ Ծերանոց» եւ «Արեւիկ» Թերաճներու Կեդրոն): Ինչպէս նաեւ միասին կը կազմակերպեն ազգային մեծ տօները, զորս կը դրուին երեք Հայ Համայնքներու հովանաւորութեան տակ: Սակայն 2011-ի Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Համայնքապետերը ընդհանրապէս շաբաթական հերթականութեամբ եւ երբեմն արտակարգ հանդիպումներով նիստեր կ’ունենան, յատկապէս Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի (ՍՇՕՎՄ) ժողովի եւ այլ նախաձեռնութիւններու համար:
Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու, հայկական բարեգործական, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու հովանիի ներքեւ կը գործեն հայկական դպրոցներ, թատերական ու երաժշտական խումբեր, արուեստի «Արշիլ Կորքի», «Սարեան ակադեմիա», «Արմիս» դպրոցները, ինչպէս նաեւ «Շուշի» պարարուեստի դպրոցը:
Կը գործէ նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի կիրակնօրեայ դպրոցը:
Սուրիոյ մէջ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ կը գործէր նաեւ Սուրիահայ գրողներու համախմբումը: Ինչպէս նաեւ Հալէպի Ազգ. Պատսպարանը եւ Երեք Համայնքներու հովանաւորութիւնը վայելող Հայ Ծերանոցն (Հանգստեան Տուն: Հիմնուած՝ 1923-ին) ու «Արեւիկ» Թերաճներու կեդրոնը (հիմնուած՝ 2001-ին):
Հալէպի մէջ կը գործէ Ազգային Առաջնորդարանի «Արեւելք» տպարանը, որ հիմնուած է 1946-ին:
Սուրիահայ մամուլի մասին եթէ ակնարկ մը նետելու ըլլանք, ապա հոն պիտի տեսնենք, թէ լոյս տեսած են աւելի քան 120 թերթեր, որուն մեծաւ մասամբ հրատարակուած են Հալէպ:
Սուրիոյ առաջին թերթը, «Ֆըռաթ», լոյս տեսած է Հալէպի մէջ 27 մայիս 1867-ին, արաբերէն ու օսմաներէն լեզուներով: 6 յունիս 1868-ին, 50-րդ թիւէն սկսեալ աւելցուած է հայատառ թրքերէն բաժին մը՝ մինչեւ 1869, 100-րդ թիւը:
1912-ին, Հալէպի մէջ Միհրան Նաճարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Աղբիւր» խմորատիպ թերթը, որ դադրած է 1914-ին:
1916-ին, հրատարակուիլ սկսած է «Փորձանք» թերթը, 1918-ին՝ լրատու գործակալութեանց թերթեր «Աժանս Ռէօյթըր» (թարգմանաբար) եւ «Հեռագրալուրեր»ը, 1919-ին՝ «Հայ Քնար», 1921-ին՝ «Ուսանող» ամսաթերթը:
Միւս կողմէ, Հալէպի մէջ լոյս տեսած է հայերէն անդրանիկ օրաթերթը՝ «Հայ ձայն» (1918-1919, խմբագիր՝ Սեդրակ Կեպենլեան):
Այնուհետեւ, «Տարագիր» (1918-1919, խմբագիր՝ Բենիամին Միլտոնեան), «Եփրատ» երկօրեայ թերթը (1919), «Սուրիական սուրհանդակ» (1919-1922, խմբագիր՝ Հայր Պօղոս Գուշակճի), «Սուրիական մամուլ» (1922-1927), «Եփրատ» օրաթերթ (1927-1947, խմբագիրներէն եղած են Խաչիկ Ք. Քարտաշ, Արիս Շաքլեան, Սեդրակ Կեպենլեան), «Սուրիա» օրաթերթ (1946-1960, խմբագիր՝ Յովհաննէս Եազըճեան), «Արեւելք» օրաթերթ (1946-1963, խմբագիրներ եղած են Մինաս Թէլէօլեան, Միհրան Հերարդեան, Գէորգ Տօնապետեան). «Արեւելք»ի հետ միաժամանակ 1948-ին լոյս տեսած է համանուն տարեգիրքը, եւ 1956-ին ունեցած է պատանեկան յաւելուած՝ «Վահագն», եւ 1957-էն սկսեալ մարզական յաւելուած՝ «Արեւելք Մարզաշխարհ» (խմբագիր՝ Զաւէն Սապուճեան):
Մամուլի կողքին համայնքը հրատարակած է նաեւ տարեգիրքեր, օրինակ՝ «Սուրիահայ տարեցոյց»ը (1924-1926), Ազգ. Առաջնորդարանի Պաշտօնաթերթ «Տաթեւ»ը (1925-1930, խմբագիր՝ Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան), «Սուրիական ալպոմ»ը (1927-1929), «Տարօն»ը (1949), «Հայ տարեգիրք»ը (1956), «Գեղարդ»ը (1975-2000, լոյս տեսած են միայ վեց թիւեր. խմբագիրներ՝ Հայկ Պարիկեան, բժիշկ Ռոպէր Ճէպէճեան): Իսկ ամսագիրներէն կարժէ նշել. «Նայիրի»ն (1941-1949, խմբագիր՝ Անդրանիկ Ծառուկեան), մանկապատանեկան երկամսեայ «Բուրաստան»ը (1950-1958, խմբագիրներ՝ Ռուբէն Տիրարեան եւ Հայկ Պարիկեան):
1950-ական թուականներէն մինչեւ այսօր յատկանշական տեղ կը գրաւեն աշակերտական եւ ուսանողական թերթերը եւս:
Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» պաշտօնաթերթը, իբրեւ պարբերաթերթ լոյս տեսած է 1978-էն: 1989-1991, վերածուած է երկամսեայի (խմբագիր՝ Խաչիկ Շահինեան), ապա դարձած է երկշաբաթաթերթ եւ վերանուանուած է «Գանձասար» (խմբագիր՝ Խաչիկ Շահինեան), իսկ 1993-ի Ապրիլին վերածուած է շաբաթաթերթի եւ անխափան կը շարունակէ լոյս տեսնել՝ հանդիսանալով Սուրիոյ միակ հայ թերթը, շաբաթաթերթին հերթաբար խմբագիրներ եղած են Խաժակ Մկրտիչեան, Մարի Մերտխանեան, Խաչիկ Շահինեան, այժմու խմբագիր՝ Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեան): 2003 հոկտեմբերին «Գանձասար» Բերիոյ թեմի կայքէջքին մէջ ունեցաւ յատուկ բաժին, ապա յատուկ իր կայքէջը ինչպէս նաեւ դիմատետրի (Facebook) վրայ յատուկ էջ մը:
Նշենք, թէ «Գանձասար» շաբաթաթերթին հետ լոյս կը տեսնէ նաեւ մանկապատանեկան «Կկու»ն (խմբագիր՝ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան, նկարազարդող՝ Րաֆֆի Քէշիշեան):
Սուրիոյ հայերը բոլոր ժամանակներուն մէջ մնալով հաւատարիմ իրենց հիւրընկալ երկրին արեան գնով տէր կանգնեցան անոր անկախութեան եւ ազատութեան: Վերոնշեալ
Արդարեւ, Ապրիլ 17, 1946-ի, Սուրիոյ անկախութեան ժամանակահատուածի մէջ, ասպնջական Սուրիոյ հանդէպ իր հայրենասէր կեցուծքներուն համար իւրայատուկ տեղ ունի երիտասարդ, տակաւին երեսուներկու տարեկան ծայրագոյն վարդապետ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Զարեհ Եպս. Փայասլեանը (1915-1963: Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս): Առ ի գնահատանք, սուրիական կառավարութիւնը թիւ 381, Ապրիլ 2, 1946 թուակիր հրամանագրով եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահի ձեռամբ, անկախութեան վաղորդայնին, Սուրիական Արժանեաց Առաջին Կարգի Շքանշանով պատուած է Զարեհ Եպս. Փայասլեանը:

Հայոց ցեղասպանութենէ ետք եւ յատկապէս Սուրիոյ անկախութենէ ետք Սուրիա բնակութիւն հաստատած հայերուն իբրեւ սուրիացիներ շնորհուած է Սուրիական հանրապետութեան անձնաթուղթ եւ այդպիսով իբրեւ լիիրաւ Սուրիացի քաղաքացիներ վայելած են երկրին բոլոր իրաւունքները:
Սուրիահայերը, յատկապէս մէկ դար իրենց բոլոր ուժերը մղած են Սուրիոյ վերելքին, բարգաւաճման եւ անդօրրութեան: Անոնք մեծ դերակատարութիւն ունեցած են երկրի քաղաքական եւ հասարակական կեանքի գործունէութեան մէջ:
Հետեւաբար Սուրիոյ հայերը մաս կազմած են երկրի քաղաքական, զինուորական, պետական՝ մշակութային, մարզական, բարեսիրական, առողջապահական, բժշկական, կրթական, գրական եւ այլ բնագաւառներուն եւ բարձարստիճան պաշտօններ վարած:

Հայ երիտասարդներ Ժամկէտային զինուորական ծառայութեամբ իրենց քաղաքացիական պարտքը կատարած են: Ժամկէտային զինուորական ծառայութեան կը կանչուին արական սեռի այն քաղաքացիները, որոնց 18 տարին կը լրանայ մինչեւ զօրակոչի օրը: Սուրիական բանակին մէջ սպայի կոչումով սուրիահայ զինուորականներ բարձրաստիճան պաշտօններու տիրացած են, ինչպէս՝ զօր. Արամ Գարամանուկեանը, Ալպեր Քիլաճեանը, Հրանդ Մալոյեանը (Հրանդ պէկ), գնդապետներ Ժոզեֆ Պայրամեանը, Վռամշապուհ Սալաթեանը, փոխգնդապետ Գրիգոր Հինտոյեանը, Միհրան Վարդանեանը: Միւս կողմէ, Սուրիոյ բանակին ծառայող զինուորներ սուրիական պետականութեան տարածքային ամբողջականութեան համար մղուած պայքարին հետեւանքով նահատակուած են:
Սուրիոյ զանազան ժամանակաշրջաններուն հայեր մաս կազմած են երկրի պետական կառոյցին: Երկրին տուած են պետական բազմաթիւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ այլ քաղաքական պաշտօններ զբաղեցուցած են:
Սուրիոյ կառավարութեան մաս կազմած հայ նախարարներներն են յաջորդաբար Հանրի Հընտիէ (Պալապանեան, 1934), Ֆաթհալլահ Ասիուն (1936, 1943 եւ 1949) եւ դոկտ. Նազիրէ Ֆարահ Սարգիսը (2012 եւ 2014):

Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ եղած են հայ ներկայացուցիչներ: 1928 թուականէն ի վեր յաջորդաբար 23 հայ երեսփոխաններ եղած են` Միհրան Բիւզանդեան, Ֆաթհալլահ Ասիուն, Նիքոլա Ճանճիկեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Հրաչ Փափազեան, Հանրի Հնտիէ (Պալապնեան), Հրանդ Սիւլահեան, Պետրոս Միլլեթպաշեան, Արտաշէս Պողիկեան, Նազարէթ Եագուպեան, Մովսէս Սալաթեան, Տիգրան Չրաճեան, Ֆրետ Արսլանեան, Ապտալլա Ֆաթթալ, Լուիս Հնտիէ, Գրիգոր Էպլիղաթեան, Արամ Գարամանուկեան, Ռուբէն Տիրարեան, Լեւոն Ղազալ, Սիմոն Իպրահիմ (Լիպարեան), Սիւնպիւլ Սիւնպիւլեան, իսկ 2016-ին դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Րէիսեան:
Զանազան ժամանակաշրջաններուն Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնավարած են շատ մը հայեր:
Նախ պէտք է ըսել, որ 1983-ի նախօրէին երբ գոյութիւն չունէին Նահանգապետական եւ Քաղաքապետական խորհուրդները կը գործէր նահանգներու Տեղական ինքնակառավարման մարմինը, վերոնշեալ մարմնին մաս կը կազմէր հետեւեալ հայերը՝ բժիշկ Տիգրան Չափանեանը, մեթր Նազար Նազարեանը, Մովսէս Գ. Քէօշկէրեանը, Զաւէն Սապունճեանը եւ Յարութ Հալլաճեանը, որոնք գործեցին 1977-1983 տարիներուն:

Սուրիոյ տարբեր շրջաններու Նահանգապետական խորհուրդներու անդամներ ընտրուած են. Յարութիւն (Արթին) Պարսումեանը (Հալէպ, երկու նստաշրջան՝ 1983 եւ 1987-ին), Յարութ (Արթին) Ասատուրեանը (Հալէպ, 1987-ին), մեթր Նազար Նազարեանը (Հալէպ, երկու նստաշրջան՝ 1983 եւ 1987-ին), Հրանդ Աթթարեանը (Հալէպ, երեք նստաշրջան՝ 1983, 1987 եւ 1991-ին), Ստեփան Բալուլեան (Հալէպ, 1987-ին), Հասմիկ Խաչատուրեանը (Հալէպ, 1987-ին), Քրիստափոր Իֆատեան (Հալէպ), Ճորճ Պապեանը (Հալէպ, երկու նստաշրջան՝ 1993 եւ 1997-ին), Ասիա Պետրոսեանը (Հասաքէ), Յովհաննէս Մուշեղեանը (Հալէպ), Լեւոն Իսհաքը (Սահակեան, Հալէպ), Պօղոս Թաշճեանը (Հալէպ), Թագուհի Մկրտիչ Նազարեանը (Րագգա), մեթր Կարօ Շուշանեան, Հուրի Ապահունին (Հալէպ), Ճորճ Թիւֆէնքճեանը (Հալէպ), Նորա Գրաճեանը (Հալէպ) եւ այլն:
Քաղաքապետական խորհուրդներու անդամ ընտրուած են. Նշան Օղիկեանը (Հալէպ, երեք նստաշրջան՝ 1983, 1987 եւ 1991), Սիմոն Իպրահիմը (Լիպարեան, Հալէպ, 1983-ին, Գործադիր մարմնի անդամ), Ճորճ Տաուլէն (Հալէպ, 1983-ին), Կարպիս Թովմասեանը (Հալէպ), Սարգիս Չերչեանը (Հալէպ), Ստեփան Եագուպեանը (Լաթաքիա), Յակոբ Եագուպեանը (Թարթուս), Պօղոս Թաշճեանը (Հալէպ), Աւետիս (Ատիս) Մուրատեանը (Հալէպ):
Քեսապի աւանային խորհուրդի անդամներու երկու երրորդն ու խորհուրդի նախագահը աւանդաբար հայեր եղած են: Ինչպէս նաեւ թաղապետները (Մըխթար):

Սուրիոյ Խորհրդարանի անադամ Մովսէս Սալաթեան Սուրիոյ Պարենաւորման սպասարկութեան քննիչի պաշտօն վարած է:
1975-ին, Րագգայի մէջ ջուրի ընկերութեան տնօրէնի պաշտօն վարած է Քրիստափոր Իֆատեան:
1967-1970 Հալէպ նահանգի պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահի պաշտօն վարած է Նազար Նազարեան:
Միւս կողմէ, բազմաթիւ հայեր զանազան շրջաններու թաղապետի (մուխթար) պաշտօն վարած են:
Հայերը անդամակցած են նաեւ Սուրիոյ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու՝ վաճառականական պալատի, արդիւնաբերութեան պալատի, ոսկերիչներու սենտիքային, Արաբ գրողներու միութեան (առաջին հայուհին՝ դոկտ. Նորա Արիսեան), սուրիական զանազան կուսակցութիւններու, ինչպէս իշխանութեան գլուխ կանգնած «Պաաս» («Վերածնունդ») կուսակցութեան եւ այլն:
Բազմաթիւ հայեր սուրիական եւ Սուրիայէն սփռուող պատկերասփիւռի կայաններու հաղորդավար(ուհի)ներ, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ բնագաւառին հետ առնչուղ այլ պաշտօններ ստանցնած են: Դերասաններ, օրինակ՝ Սելլում Հատտատ (Սուրէն Դարբինեան), Հուրի Պասմաճեան, Հասմիկ Գույումճեան:
Թատերական բնագաւառի տաղանդաւոր բեմադրիչներ եղած են Գրիգոր Քէլէշեան, Յարութիւն Ճննոզեան, Ժան Ֆարրա եւ Մանուէլ Ճիճի:
Պարարուեստի մէջ մեծ դեր ունեցած է նաեւ Աբիկ Կոստանեանը:
Սուրիոյ մէջ երաժշտական բնագաւառէն ներս հայեր իրենց ուրոյն տեղը ունեցած են, ինչպէս՝ Օփեռայի մեներգչուհիներ Արաքս Չէքիճեան եւ Դալար Տեկիրմէնճեան: Իսկ արաբերէն սքանչելի ձայնի տէր, բարձրորակ կատարող Րուպա ալ-Ճամալ, բուն անունով Ծովինար Կարապետեան (1966-2005):
Տարիներ Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար եղած է Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանը: Ինչպէս նաեւ սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երկրի այլ քաղաքներու մէջ պետական երաժշտանոցներու մէջ հայեր զանազան պաշտօններ ստանցնած են:
Սուրիոյ հայերը Սուրիոյ մարզաշխարհին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են: Հայկական մարզական ակումբներ՝ միութիւններ, Սուրիոյ ակումբային մրցումներու ընթացքին յաճախ Սուրիոյ ախոյեան եղած են, այս աւանդութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս: Աւելցնենք, թէ Սուրիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքեր նախապէս գոյութիւն չունէր, այդ պատճառով ալ մրցաշարքերը ընդհանրապէս մէկտեղուած էր Հալէպի մէջ, ուր հայկական բոլոր մարզական միութիւնները արդէն իրենք կը գրաւէին առաջնակարգ դիրքերը: Միւս կողմէ, սուրիական մարզաշխարհին մէջ հայկական միութիւնները, իւրաքանչիւր արաբերէն անունով ներակայացած է:
Արդարեւ, ստորեւ կը նշենք այն հայկական միութիւնները, որոնք Սուրիոյ ախոյեանութեան տիրացած են.
Գերմանիկ-Վասպուրական մարզական միութիւնը տիրացած է Սուրիոյ «Ազատագրութեան վահան»ին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը 1962 եւ 1965-ին եղած է Սուրիոյ ախոյեան:
ՀԵԸ-ի Պասքէթի աղջկանց Ա. խումբը 1981-ին Սուրիոյ իգական մրցաշարքին եղած է Սուրիոյ ախոյեան:
ՀԵԸ-ի լողի աղջկանց խումբը 2005-2010 տարիներուն յաջորդաբար Սուրիոյ ախոյեանութեան դիրքին կը տիրանայ ու կը դառնայ բաժակակիր:
Այստեղ կը ներկայացնենք մարզաշխարհի գերաստղերէն հոյլ մը, որոնք ցուցաբերած են ճարտարութիւն, կարգապահութիւն, մարզական ոգի, ինքնածին կարողութիւն եւ այս բոլորով հայ ազգի անունը Սուրիոյ տարածքին բարձր պահած: Այս մարզիկները բնականաբար իրենց անունը ոսկի տառերով արձանագրած են Սուրիոյ մարզաշխարհի պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ անունը արտաքին աշխարհին մէջ յաճախ բարձր պահած:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ անունները իրենց մարզաձերով.
Ֆութպոլ՝ Գէորգ Կրպոյեան, Ծերուն Աֆարեան, Աւետիս Գաւլագեան Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ, Արտաւազդ Մարութեան (Արտօ, 1912-1984), Մանուէլ Գաթրճեան, Յակոբ Սափսըզեան, Վազգէն Տէր Ղուկասեան, Կարապետ Սափսըզեան, Աբրահամ Քէշիշեան (եւ թենիս), Յակոբ Աֆարեան, Մանուէլ Գարճեան, Գօգօ Քիլէճեան, Յակոբ Փոթուքեան, Գէորգ Աւընեան, Գօգօ Սեւտալեան, Շիւքրի Քէշիշեան, Անդրանիկ Մալեան, Անդրանիկ Պահարեան, Սարգիս Մխսեան, Սերոբ Մերտխանեան, Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Սահակ Եղոյեան, Սարգիս Քէօշքարեան, Յարութ Գաւլաքեան Կարպիս Թովմասեան, Գէորգ Մարտիկեան եւ ուրիշներ:
Ծանրաբարձութիւն՝ Յակոբ Տէյիրմէնճեան (1955-ի Սուրիոյ ախոյեան):
Աթլեթ՝ Երուանդ Տեմիրճեան, Յովհաննէս Պասմաճեան, Սեդրակ Տօնականեան (ԱՄՀ առաջնութիւն), Սարհատ Մերտխանեան (ԱՄՀ երկրորդութիւն), Յակոբ Աւետեան:
Կռփամարտ՝ Նազար Ճանսըզեան (միջակ-քարշ կռփամարտի Սուրիոյ ախոյեան), Մինաս Ճանսըզեան (երկար տարիներ միջակ ծանրութեան Սուրիոյ ախոյեան), Հայկ Վարդանեան (Սուրիոյ ախոյեան), Ցաւակ Ղազարեան (Սուրիոյ ախոյեան), Ստեփան Ոսկեան (Սուրիոյ ախոյեան) եւ այլն:
Ըմբիշ՝ Կարապետ (Կարօ) Խաչերեան «Մերձաւոր Արեւելքի վագրը» (1961-ի Սուրիոյ ախոյեան):
Հեծանիւ՝ Արմէն Քաջեան (Սուրիոյ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն հեծելանւորդը), Մկրտիչ Իսփէնճեան, Սամօ Ազարիկեան (1962-ի Սուրիոյ ախոյեան), Ալպեռ Էքմէքճեան, Զոհրապ Տէր Պօղոսեան, Գէորգ Երանոսեան եւ այլն:
Մարմնամշակութիւն՝ Լեւոն Հիմիտեան (արական մարմնի վայելչութեան համաշխարհային դափնեկիր, 1950), Գրիգոր Ազնաւուրեան, Գրիգոր Գալայճեան, Մարտիրոս Գոչունեան, Ճորճ Թորոսեան, Տիգրան Կարապետեան, Յակոբ Յակոբեան, Համբարձում Եագուպեան, Ճորճ Ոսկերիչեան, Գրիգոր Սիւլահեան եւ ուրիշներ:
Ճատրակ՝ Միքայէլ Շատարեւեան (1975 եւ 1976-ին Սուրիոյ ախոյեան, իսկ 1975-ին արաբական աշխարհի ախոյեան, 1986-1990 հինգ անգամ Սուրիոյ ախոյեան, 1986, 1988 եւ 1990-ին երեք ողիմպիականի մասնակցեցաւ: Իսկ 1989-ին արաբական աշխարհի առաջնութիւն):
Թենիս՝ Աբրահամ Քէշիշեան (1962-ի Սուրիոյ ախոյեան,), Շիւքրի Սրուրեան (1980-ի Սուրիոյ ախոյան,), Մարի Մուրատեան (1979-ի Սուրիոյ ախոյեան: Խաղցած է նաեւ պասքէթ), Արշօ Նահապետեան-Աստուրեան, Դաւիթ Դաւիթեան (Սուրիոյ ախոյեան) եւ այլն:
Լող՝ Արտեմ Չիրիշեան, Լեւոն Վարժապետեան, Մէյրի Ոսկերիչեան, Սոնա Ռասթկելէնեան, Սէրլի Մուշեղեան, Սիլվա Նարիկեան, Մակի Պապլօզեան, Դալար Պէրպէրեան եւ ուրիշներ:
Պասքէթ՝ Կարօ Պորոյեան, Վարդան Նալպանտեան, Յովհաննէս Շիդիլեան, Տիգրան Գոնտրաճեան, Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Վարդան Ներսէսեան, Զարեհ Սափսըզեան, Կարպիս Գաթարոյեան, Արմէն Աստուրեան, Զոհրապ Ստեփանեան, Այտա Գաւլագեան, Արամ Սարգիսեան, Սօսի Միհրանեան, Շահնուր Մուրատեան, Հուրի Պօղոսեան, Մարտիկ Տէկիրմէնճեան, Անի Գարալեան, Սեւան Գարամանուկեան, Երուանդ Ճիկերեան, Ալիսիա Մակարեան, Վաչէ Նալպանտեան եւ ուրիշներ:
Քունկ-ֆու Ուու-շու՝ Մեսթըր Ճորճ Տուրնայեան, Սուրիոյ մէջ իր միջոցաւ մուտք գործած է ծայրագոյն արեւելքի վերոնշեալ մարտարուեստը, երկար տարիներ զանազան պաշտօններ վարած է Քունկ-ֆու Ուու-շու Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի զանազան մարմիններուն, աւելցնենք, թէ Մեսթըր Ճորճ Քունկ-ֆու Ուու-շու մարզաձեւէն առաջ խաղցած է նաեւ գարաթէ: Մետալակիր է սուրիական, արաբական աշխարհի եւ այլ ախոյեանութիւններու: Ունի իր յատուկ կեդրոնը, որ հարիւրաւոր աշակերտներ կը պատրաստէ, զոր հանդիսացած են սուրիական, արաբական աշխարհի, արեւմտեան Ասիոյ առաջնակարգ դիրքերուն:
Սուրիահայութիւնը իր ազգային պատկանելիութեան բարձր գիտակցութեամբ պատմութեան ընթացքին իր համեստ բաժինը բեռած է Հայրենիքի օգնութեան ձեռնարկներուն մէջ միշտ ալ համաժողովրդական խանդավառութեամբ մասնակցած, ինչպէս՝ Երկրաշարժի օրերուն եւ անկէ ետք վերականգնումի աշխատանքներու ընթացքին, Արցախեան գոյամարտի եւ վերականգնումի ամբողջ շրջանին։
Միջին Արեւելքի, յատկապէս «արաբական գարուն»ին անմիջական ալիքը հասաւ Սուրիա Մարտ 2011-ին եւ տարիներու թաւալումով, Սուրիոյ պատերազմին համար տրուեցաւ զանազան անուններ, մինչեւ որ անորոշութենէ ի յայտ եկաւ Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած ամէն տեսակի, մակարդակի եւ տարողութեամբ պատերազմ: Սուրիան իր ժողովուրդով յայտնուեցաւ պատերազմին մէջ, քանդում, աւեր, սպանդ, առեւանգում եւ դժոխային այլ տեսակի տարրեր պատեց ամբողջ Սուրիան:
Բնականաբար հարուածեցին անոր գիւղերն ու քաղաքները, ստեղծելով մղձաւանջային իրականութիւն մը:
Արդարեւ, Սուրիոյ հայութիւնը եւս իբրեւ անբաժանելի մասը Սուրիոյ ժողովուրդին, ինք եւս ենթարկուեցաւ ամենադառն հարուածներու:
Սուրիոյ պատերազմի առաջին իսկ օրերէն, թիկունքը ամուր պահելու հրամայականը ներկայացաւ սուր անհրաժեշտութեամբ եւ շատ շուտով սուրիահայութիւնը ձեռք ձգեց այն խոր համոզումը, որ իր ինքնուրոյն գոյութեան կառչած հաւաքականութիւն մը կը յաջողի գոյատեւել միայն այն ատեն, երբ անհրաժեշտ կազմակերպութիւնը ստեղծած է ներքին ճակատի վրայ, եւ երբ ճգնաժամային պահերուն ուրիշներուն չի նայիր աղերսող ակնկալութիւններով, որովհետեւ յաջողած է տարրական պարենաւորումէն մինչեւ ապրուստի մարզերը, դպրոցներէն մինչեւ համագործակցականը եւ առողջապահական – խնամատարական իր կառոյցները հաստատել ամուր ու ինքնաբաւ հիմերու վրայ:
Սուրիոյ պատերազմի իբրեւ արդիւնք ծնունդ առաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ) եւ անոր հովանիին տակ գտնուող զանազան շրջաններու Շտապ օգնութեան գործադիր մարմիները, օրինակ՝ Հ(Հալէպի)ՇՕՄ, Դ(Դամասկուսի)ՇՕՄ եւ այլն:
Այսօրուան տուեալներով, Սուրիոյ հայ համայնքը բնականաբար եւ ինքնաբերաբար կորսնցուցած է 2011-ի իր թիւին կէսէն աւելին: Հայաթափուած եւ կամ տարիներ ետք նօսրացած վիճակի մէջ են կարգ մը գիւղեր, աւաններ, քաղաքներ կամ շրջաններ:
Նահատակուած եւ զոհուած են շուրջ 150-ի մօտ հայեր ներառեալ Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայողներ, թեթեւ եւ ծանր վիրաւորուած են շուրջ 500 հոգի, առեւանգուած` 106, տակաւին կը մնայ 6 հոգի: Քանդուեցան աւելի քան 1800 հայու բնակարաններ, կործանեցան եւ կողոպտուեցան հայերու պատկանող աւելի քան 1000 խանութ, գործատեղի, գործարան:
Տասնեակ հազարաւոր հայեր հեռացան Սուրիայէն, ուրիշներ եկան նոր կայք փնտռելու Սուրիոյ ծովափնեայ քաղաքներուն՝ Թարթուսի, Պանիասի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ։ Քեսապի ոդիսականը ծանօթ է բոլորիս: Քեսապի շրջանը եռամսեայ հայաթափումէ ետք, 2014 յունիսին ազատագրուեցաւ։ Քեսապցիները վերադարձան իրենց բնօրրանը:
Սուրիայէն դուրս տեղի ունեցաւ մեծ գաղթ, դուրս ելլող հայութեան մէկ տոկոսը քաղաքացիութիւն ունենալով կամ իբրեւ գաղթական ընդունուելով կրցաւ անցնիլ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Եւրոպա, Աւստրալիա կամ առժամեայ աշխատանքային կեցութիւն ապահովեց Արաբական ծոցի եւ այլ երկիրներուն մէջ։ Իսկ ուրիշներ ալ փախստականի կարգավիճակով մեկնեցան հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներ: Ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կանգ առաւ Լիբանան ու Հայաստան: Երկրէն դուրս գալու եւ տարբեր երկիրներու մէջ աշխատանք ու կայք փնտռելու գործին մէջ նպաստեց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեամբ օժտուած ըլլալու փաստը:
Անհրաժեշտ է նշել Հայաստանի Հանրապետութեան մեծ դերակատարութիւնը ըլլայ Սուրիոյ հայերու, կամ Հայաստան ապրող սուրիահայերու նկատմամբ իր ցուցաբերած ամէն տեսակի օժանդակութեան:
Այսօր սուրիահայութեան իրավիճակը լուսարձակի տակ առնուած է եւ շատ ծանր է, սակայն ակնյայտ է, որ ամենածանր դրութեան մէջ կը գտնուին Հալէպն ու հալէպահայութիւնը, որ «Երազային»ը փոխարինուած է «Մղձաւանջային»ի: Հալէպի հայերը հալէպի միւս բնակիչներուն նման տակաւին կը դիմագրաւէն շատ ծանր ապահովական, կենցաղային եւ տնտեսական դժուարութիւններ:
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
Սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւային նիւթեր եւ այլ հրատարակութիւններ: Այս աշխատութեան սատար հանդիսացած են նաեւ բազմաթիւ աղբիւրներ, նկարներ եւ գիրքեր հետեւեալ գրադարաններէ. «Ալ-Ասատ» (Դամասկոս), «Վ. Ճեպեճեան» (Հալէպ), «Եկաւեան» (Հալէպ), «Քրիստափոր» (Հալէպ) եւ այլն:
Վերոնշեալ գրաւոր աղբիւրներու կողքին մեծապէս օգտուած ենք Սուրիոյ տարածքին մեր շրջաքայութեան ընթացքին հետազօտական, ականատեսի եւ ականջալուրի ու մանաւանդ մեր անձնական գրադարանի արխիւներէն:
– Աբէլեան Ա., «Քեսապ եւ իր գիւղերը», Պէյրութ, 2002:
– Ալպոյաճեան Ա., «Պատմութիւն հայ գաղթականութեան», հ. 1, 2, 3 Գահիրէ, 1941, 1955, 1961:
– Աղբալեան Ն.[իկոլ], «Սուրիա եւ մենք», Գահիրէ, 1932:
– «Արամոյի ուխտատեղիները», Չէպէեան Ղեւոնդ Արք., «Հասկ», Անթլ., 1959:
– «Գաղութներ (Սուրիահայ գաղութի մասին վիճակագրական տուեալներ), «Արեւելք» տարեգիրք, Հալէպ, Ա. տարի, 1948:
– Գասպարեան Ս., «Սփիւռքահայ գաղթօճախներն այսօր», Երեւան, 1962:
– «Գեղարդ», Սուրիահայ տարեգիրք, գիրք 1-6, Հալէպ, 1975-2000:
– «Դամասկահայ ամէնուն տարեգիրքը», Լութֆիկ Երիքեան, տպ. Երիքեան, Դամասկոս, 1958:
– «Եագուպիէի Ս. Աննա մատուռը եւ իր հրաշքները», Թաթարեան Ներսէս քյն., Հալէպ, 1961: Նոյնը՝ Բ. տպ. 1972:
– Եղիայեան Բ.[իւզանդ], «Ժամանակակից պատմութիւն կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ (1914-1972)», Անթիլիաս, 1975:
– Եղիայեան Բ.[իւզանդ], «Հայերը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ» յօդուածաշարք, «Հայաստանի Կոչնակ», Նիւ Եորք, 1948, թիւ 27, 28, 29, 30, 31, 32, 35, 36, 37, 38, 39, 40, 43, 47 եւ 48:
– «Ընդհանուր ակնարկ Արաբ-Բունարի հայկ. Գաղութին Ազգ. կրթական եւ Մշակութային գործունէութեան վրայ, 1923-1975», Երէցեան Աբրահամ, «Գեղարդ» Սուրիահայ տարեգիրք, Գ. գիրք, Հալէպ, 1985:
– Թէոդիկ, «Ամէնուն Տարեցոյցը» (1916-1920) Ժ.-ԺԴ. տարի, Հալէպ, 2009:
– Թոփուզեան Հ.[Յովհաննէս] Խ., «Հայերի մասնակցութիւնը Սիրիայի եւ Լիբանանի ազգային-ազատագրական եւ դեմոկրատական շարժումներին», Երեւան, 1968:
– Թոփուզեան Հ.[Յովհաննէս] Խ., «Հայերի մասնակցութիւնը Սիրիայի եւ Լիբանանի ազգ. ազատագրական շարժումներին», Երեւան, 1968:
– Թոփուզեան Հ.[Յովհաննէս] Խ., «Սիրիայի եւ Լիբանանի հայկական գաղթօճախների պատմութիւն (1841-1946)», Երեւան, 1986:
– Խուրշուդեան Լ. Ա., «Սփիւռքահայ կուսակցութիւնները ժամանակակից Էտապում» (մենագրութիւն), Երեւան, 1964:
– Կիւլիւզեան Տիգրան, «Յուշամատեան Գերմանիկ Վասպուրականի եւ Մարաշի հայրն. միութեան», Հալէպ, 1982:
– «Հայն ու արաբը Սուրիոյ մէջ», Ռշտունի, «Հայաստանի կոչնակ», նոյեմբեր 1, թիւ 44, Նիւ Եորք, 1930:
– «Հայերը Սուրիոյ մէջ», Վահագն, «Սուրիահայ տարեգիրք», Ա. տարի, Պէյրութ, 1929:
– «Հալէպ», գրեց՝ Բաբգէն Եպիսկ., «Սուրիահայ տարեցոյց», 1924, Ա. տարի, Գահիրէ:
– «Համայի եւ Հոմսի հայերը», «Արեւ», 25 օգոստոս, 28 յուլիս, 1923: Նոյնը՝ 22 օգոստոս 1925: Նոյնը՝ 26 նոյեմբեր 1927:
– «Համայի տեղեկան կեանքէն», Թաշճեան Գուրգէն քհ., «Սուրիահայ տարեցոյց», 1924, Ա. տարի, Գահիրէ:
– «Հայ կեանքը Հալէպի մէջ (1605-1635), Ակինեան Հ. Ներսէս վրդ., «Հանդէս ամսօրեայ», Վիեննա, ԻԷ տարի:
– «Հայերու ներկայութիւնը սուրիական ծովափին վրայ», Սաատէ Կապրիէլ, «Գեղարդ» Սուրիահայ տարեգիրք, Բ. տարի, Հալէպ, 1976-1978 միացեալ թիւ:
– «Հայերը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ» (Տէր Զօր, Գամիշլի, Հասիչէ, Տերիկ), Լութեան Գր., «Հայաստանի կոչնակ», սեպտ. 5, թիւ 36, 1936 եւ թիւ 38:
– «Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան», Երեւան, h. 1-4, 1990, 1996, 1999 եւ 2003:
– «Հայկական հին գաղթօճախ մը՝ Եագուպիէ», Երէցեան Աբրահամ, «Գեղարդ» Սուրիահայ տարեգիրք, Բ., Հալէպ, 1976-1978 միացեալ թիւ:
– «Հայ Սփիւռք» Եր. 2003:
– «Հիւսիսային Սուրիոյ հայերու կացութիւնը», քաղուածքներ Հալէպի Գաղթականաց խնամակալութեան յանձնախումբի արձանագրութիւններէն), «Արեւ», Գահիրէ, 5 եւ 7 յուլիս 1931:
– Ղազարեան Սարգիս, «Հայկական փոքր գաղութներ՝ Ազէզ, Աֆրին, Արաբ-բունար», Պէյրութ, 1965:
– «Ղնէմիէի պատմական եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը», Ղեւոնդ Արք., «Հասկ», ԽԸ տարի, 1979, թիւ 1-12, Անթիլիաս:
– Մելիքսէթեան Հ. Ու., «Հայրենիք-սփիւռք առնչութիւնները եւ հայրենադարձութիւնը (1920-1980)» (մենագրութիւն), Երեւան, 1985:
– «Մոռցուած անկիւններ՝ Ղնիա եւ Եագուպիէ», Մազլումեան Օննիկ, «Բիւրակն», Պոլիս, 1899, թիւ 50-52:
– Յարութիւնեան Ն., «Լիբանանի եւ Սիրիայի հայկական դպրոցները» (մենագրութիւն), Երեւան, 2002:
– «Յուշամատեան հայ երիտասարդաց Ընկերակցութեան 1931-2011», Հալէպ, 2011:
– «Յուշամատեան ՀՄԸՄ-ի՝ 1918-1958», տպ. Կաթ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1960:
– Նովելլօ Ալփակօ, «Հայկ. Ճարտարապետական կոթողները Սուրիոյ մէջ», թարգ. «Շիրակ», Պէյրութ, 1989:
– Չոլաքեան Յ.[ակոբ], «Քեսապ», հ. 1, 2, Հալէպ, 1995, 1998:
– Չոլաքեան Յ.[ակոբ], «Յիսնամեակ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի, 1947-1997», Հալէպ, 1997:
– Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ, (1444-էն մինչեւ մեր օրերը), Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոս, Ա. տպ, Անթիլիաս, 1939: Նոյնը՝ Ա. տպ, Անթիլիաս, 1990:
– Պ. արք. Միրիաթեան, Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմը երէկ եւ այսօր, «Պարբերաթերթ», Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի, Հալէպ, 1993 դեկտեմբեր 25:
– Սիմոնեան Հ., «Սփիւռքահայութիւնը սոցիալ-քաղաքական պայքարի ուղիներում» (մենագրութիւն), Երեւան, 1968:
– Սիւրմէեան Արտաւազդ Արք., «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց», Ա. հատոր, Սուրիա, Հալէպ, 1940:
– Սիւրմէեան Ա. արք., «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց», հ. Բ., Պէյրութ, 1946:
– Սիւրմէեան Ա. արք., «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց», հ. Գ., Փարիզ, 1950:
– Սիւրմէեան Ա. արք., «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ», հ. 1, Երուսաղէմ, 1935, հ. 2, Հալէպ, 1936:
– «Սուրիահայ մամուլի պատմութիւն», Տէր-Խաչատուրեան Արտաշէս, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», Պէյրութ, 1972:
– «Սուրիահայոց 1923-ի ամփոփ վիճակագրութիւնը», «Սուրիահայ տարեգիրք», Ա. տարի, Գահիրէ, 1924:
– «Սուրիահայ տարեցոյց», տպ. Արաքս, Բիւզանդ Թոփալեան, Հալէպ, 1925:
– «Սուրիոյ ազգայնական շարժումը եւ մենք», Տէր Գալուստեան Մ.(ովսէս), «Յուսաբեր», Գահիրէ, 17, 18 եւ 19 դեկտեմբեր 1928: Նոյնը՝ 3, 4 եւ 17 յունուար 1929:
– «Սուրիոյ անկազմակերպ հայութիւնը», Արշակունի Ա., «Յուսաբեր», Գահիրէ, 2, 3, 26 եւ 27 ապրիլ 1926:
– «Սուրիոյ հայերը», Մ.Մ. «Բիւզանդիոն», Պոլիս, 27 մայիս 1911:
– Տէմիրճեան Վ. եպս., «Գաւազանագիրք Լիբանանի եւ Սուրիոյ Հայոց թեմերու Առաջնորդութեանց, հ. 1, Անթիլիաս, 1980:
– Քէթէնճեան Հաճի, «Հալէպ Էրմէնի քէմփի իւչիւն պիր իքի սէօզ», Հալէպ, 1929:
ԱՐԱԲԵՐԷՆ
– Ալ-Խիամի Ուաժիհ, Հայերը Սուրիոյ մէջ, Դամասկոս, 1959:
– Սլէպի Օմար, «Զօրի նահանգը՝ օսմանեան ժամանակաշրջանին, ընկերային եւ տնտեսական», Դամասկոս, 1997:
– Սլէպի Օմար, «Զօրի նահանգը՝ օսմանեան ժամանակաշրջանին, վարչական եւ քաղաքական», Դամասկոս, 1996:
– Արիսեան Նորա, «Սուրիահայ երեսփոխանները Սուրիոյ Խորհրդարաններուն մէջ 1928-2011», Դամասկոս, 2011:
– Սուրիոյ վիճակագրական ժողովածու, 1948:
ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ
«Ազդակ»
«Ազդակ» բացառիկներ
«Ազդակ շաբաթօրեակ»
«Արեւելք»
«Արեւելք մարզաշխարհ»
«Արեւելք» Տարեգիրք, 1948, Հալէպ, տպ. Նայիրի:
«Բերիոյ Նիուզ» (Perio News)
«Գանձասար» (երկշաբաթաթերթ)
«Գանձասար» (շաբաթաթերթ)
«Գանձասար» (բացառիկ)
«Եփրատ»
«Հայաստանի կոչնակ»
«Հայրենիք» ամսագիր
«Նայիրի»
«Հասկ»
«Նոր Մարաշ»
«Սուրիա»
«Սուրիահայ տարեգիրք»
«Տաթեւ»
«Օշական»
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ
«Ալ-Ճամահիր»
«Ալ-Ուաթան»
«Ալ-Պաաս»
«Ալ-Սաուրա»
«Թըշրին»
«Պալատունա»
Խիստ գնահատելի:
Հակիրճ, համառօտ բայց այժմէական:
Հալէպը կը շարունակէ մնալ ճգնաժամային վիճակի մէջ եւ այս կացութեան որպէս բալասան հարկ է Հալէպահայութիւնը շարունակել փոխադրել միակ ապահով նաւամատոյցը՝ հայրենիք: