Read Time:3 Minute, 53 Second
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Հայաստանի ազգային շահերուն հակասող յայտարարութիւնները ամէն օր քիչ մը աւելի տագնապալի կը դառնան։
Նախ Փաշինեան նսեմացուց Արարատ լեռը՝ հայոց ամէնէն կարեւոր խորհրդանիշը։ Յետոյ ծաղրեց Հայաստանի զինանշանը՝ հարցադրելով, թէ ինչո՞ւ հոն առիւծ պատկերուած է՝ պնդելով, որ Հայաստանի մէջ առիւծներ չկան։ Այս յայտարարութեամբ Փաշինեան փաստացի երեք սխալ ըրաւ․
1) Ան կարծես չէր հասկնար, որ առիւծը խիզախութեան եւ ուժի խորհրդանիշ է: Անիկա որեւէ կապ չունի Հայաստանի մէջ առիւծներ ըլլալ-չըլլալուն հետ.
2) Կան տասնեակէ մը աւելի երկիրներ, որոնք իրենց զինանշանին վրայ առիւծ ունին՝ առանց իրենց երկիրներուն մէջ առիւծ ունենալու.
3) Ան նաեւ ճիշդ չէ, երբ կ՛ըսէ, որ Հայաստանի մէջ առիւծներ չկան։ Յայտնի սակաւապետ (oligarch) մը երկար տարիներ քանի մը առիւծ ունէր իր սեփական տան մէջ։

Այնուհետեւ վարչապետը վիրաւորական արտայայտութիւններ ըրաւ Հայաստանի պետական օրհներգին մասին՝ պատճառաբանելով, որ անիկա կը բովանդակէ «թշնամի» բառը։ Կան քանի մը այլ երկիրներ, որոնց պետական օրհներգին մէջ եւս առկայ է թշնամի բառը:
Փաշինեան շարունակեց դժգոհիլ, որ «Հայոց բանակ» կոչուածը պէտք է ըլլայ «Հայաստանի բանակ», իսկ «Հայոց պատմութեան» դասագիրքերը պէտք է կոչուին «Հայաստանի պատմութիւն»։ Ան նաեւ կ՛ուզէ հեռու պահել այսօրուան Հայաստանը իր անցեալէն՝ «Իրական Հայաստան»ը հակադրելով «Պատմական Հայաստան»ին։ Այնուհետեւ, նախագահ Ալիեւի պահանջին համահունչ, ան առաջարկեց, որ Հայաստան ընդունի նոր սահմանադրութիւն՝ ջնջելով Արցախի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակումները։
Անցեալ շաբաթ ես գրած էի Փաշինեանի գլխաւոր աջակիցներէն մէկուն անհաւանական առաջարկին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու ցուցակը կազմելու մասին։ Ասիկա Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը կասկածի տակ դնելու անուղղակի միջոց է։
Բոլոր այս յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Փաշինեան կը նահանջէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազգայնական դիրքերէն՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան գոհացնելու համար։
Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով, 24 Ապրիլ 2024ին վարչապետը յայտարարութիւն տարածեց, լի՝ շփոթեցնող բառերով, որոնք կ՛արտացոլեն անոր անկայուն հոգեվիճակը։ Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը 11 անգամ անուանեց Մեծ Եղեռն եւ միայն չորս անգամ՝ Ցեղասպանութիւն։ Մեծ Եղեռնը եզր մըն է, որ հայերը օգտագործած են մինչեւ 1940-ական թուականները՝ նկարագրելու համար Ցեղասպանութիւնը, նախքան Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ Ցեղասպանութիւն եզրի ստեղծումը։ Այդ ժամանակէն ի վեր, ճիշդ եւ իրաւական եզրը, որ պէտք է գործածուի, Genocide-ն է կամ ցեղասպանութիւնը՝ հայերէն։

Զարմանալի չէ, որ Փաշինեան 24 Ապրիլի իր յայտարարութեան մէջ մէկ անգամ եւս աղաւաղեց Ցեղասպանութիւն եզրի իմաստը՝ շարունակելով հայկական ազգային խորհրդանիշներն ու եզրաբանութիւնը նսեմացնելու իր փորձերը։
Փաշինեան դժգոհեցաւ, որ Մեծ Եղեռնի պատճառով Հայաստան յաճախ այլ երկիրներու հետ կ՛առնչուի հոգեկան ցնցումի կամ ցնցումի վիճակի մէջ. «այդ պատճառով երբեմն չենք կրնար ճիշդ զատորոշել իրողութիւններն ու գործօնները, պատմական ընթացքները եւ կանխատեսուող հորիզոնները։ Գուցէ նաեւ այս է պատճառը, որ մենք կը ստանանք նորանոր ցնցումներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հոգեկան ցնցումը վերապրելով արդէն իբրեւ ժառանգութիւն եւ իբրեւ աւանդոյթ»:
Նման յայտարարութեամբ՝ Փաշինեան իր անկարող որոշումներուն եւ պետութեան սխալ կառավարման համար կը մեղադրէ 1915ի Ցեղասպանութեան հոգեկան ցնցումը։ Թէեւ ճիշդ է՝ գոյութիւն ունի միջ-սերնդական հոգեկան ցնցում, սակայն ես խորհուրդ կու տայի վարչապետին՝ նախ եւ առաջ քննել իշխելու իր անկարողութիւնը, ապա միայն Ցեղասպանութեան պատճառած հոգեցնցումը:
Յետոյ Փաշինեան զարմանալիօրէն առաջարկեց հայերուն՝ «դադրեցնել հայրենիքի փնտռտուքը, որովհետեւ մենք գտած ենք այդ հայրենիքը, մեր Աւետեաց երկիրը, ուր կաթ եւ մեղր կը հոսի»։
Կը պարզուի, որ Փաշինեան կորսնցուցած է իրականութեան նկատմամբ բոլոր ընկալումները։ Ան գոյութենական հարցերով լեցուն Հայաստանը կը բնութագրէ իբրեւ «Աւետեաց երկիր, ուր կաթ ու մեղր կը հոսի․․․»։ Աւելի հաւանական է, որ ան եւ իր ընտանիքը շքեղ կեանքով կ՛ապրին հայ հարկատուներու հաշուին։

Փաշինեանի՝ Ապրիլ 24ի պատգամը գոհացուցած է միայն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւն ու Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը։ Այս հաճոյքի վկայութիւնը թուրքերու բազմութիւնն էր, որ Ապրիլ 24ին հաւաքուած էր Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց՝ հայ ցուցարարներու երեսին վանկարկելով՝ «Փաշինեա՛ն, Փաշինեա՛ն, Փաշինեա՛ն»:
Թուրքիոյ նախագահը, ինչպէս որ 2014էն ի վեր ամէն տարի Ապրիլ 24ին ըրած է, յայտարարութիւն տարածեց՝ փորձելով խաբել միջազգային հանրութիւնը, թէ ինք կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Իրականութեան մէջ, ան միախառնած է հայերը, թուրքերը եւ միւսները, որոնք «Առաջին Համաշխարհային պատերազմ»ի ընթացքին «մահացած կամ նահատակուած են զինեալ հակամարտութիւններու, ապստամբութիւններու, աւազակախումբերու բռնութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով»։ Այսպիսով, ան նենգափոխած է Ցեղասպանութեան հայ զոհերը՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ պատերազմի զոհեր: Էրտողան «1915ի իրադարձութիւնները» որակած է ոչ թէ իբրեւ Ցեղասպանութիւն, այլ՝ «ողբերգութիւն մը, որուն ընթացքին երկու կողմերն ալ զոհեր ունեցած են»։
Փաշինեանի ուղղուած պատգամին մէջ Էրտողան յայտարարած է, որ «Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ… կարծես թէ կախուած են Ցեղասպանութեան հարցով Երեւանի դիրքորոշումէն…: Տարածաշրջանին մէջ հիմա նոր կարգ կը հաստատուի, եւ ժամանակն է մէկ կողմ ձգել անհիմն պահանջները։ Ժամանակն է առաջ շարժելու՝ իրողութիւններով, ինչ որ աւելի լաւ է, քան կեղծիքով, հեքիաթներով առաջ շարժիլը»։ Այս շատ նման է անոր, ինչ որ կը փորձէ Փաշինեան ընել։ Էրտողան աւելի ակնյայտ դարձուց իր պատգամին նպատակը, երբ ըսաւ. «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը հասկնայ այս (իրականութիւնը)»։ Իբրեւ վերջին ապտակ՝ Էրտողան յայտարարեց. «Յոյսով եմ, որ Հայաստան կ՛ազատի այն խաւարէն, ուր զինք ներքաշած է Սփիւռքը եւ կ՛ընտրէ նոր նախաձեռնութիւններու ուղին»:
Էրտողանի խօսքերուն իրական իմաստը բացայայտուեցաւ, երբ Սթամպուլի նահանգապետարանը դարձեալ արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը 24 Ապրիլին: Գործերը աւելի խօսուն են, քան խօսքերը․․․