Լռութեան Պոռչտուքը

1 0
Read Time:4 Minute, 8 Second

Գէորգ Պետիկեան

«Չարերը միայն երգ չունին»,- ըսած էին մեր մեծերը ու այսպէս մեզի սորվեցուցած՝ մանկական, աշակերտական, սիրային ու մանաւանդ ազգային բազմաթիւ երգեր, մեր մանուկ հասակէն սկսեալ: Ու մենք հլու-հնազանդ այդ բոլորը սորվեցանք, եւ երգեցինք ամէն առիթներով, մեր տուներէն, դպրոցներէն, ակումբներէն ներս, եւ հրապարակային ձեռնակներուն:

Յետոյ, մեր հասունութեան տարիներուն, լաւապէս հասկցանք, որ ժողովուրդի մը երգը, անոր հոգիին հայելին է: Նաեւ գիտցանք՝ ժողովուրդ մը իր երգն է, ինչպէս իր գրականութիւնը: Երգը իր մշակոյթն ալ է: Իր հոգեկան հարստութիւնը: Սորվեցանք, որ երգը նաեւ կ’ազնուացնէ մարդուս հոգին, կը մաքրէ սիրտը թէ՛ երգողին եւ թէ՛ լսողին, հաւասարապէս: Ու ինչ որ տգեղ է, եւ անճոռնի, չի դիմանար երգի կախարդանքին: Կարդացինք, որ մեր դարաւոր պատմութեան հրաշալի անցեալի մէջ, դարեր առաջ, գողթան երգիչներ, դիւցազնական երգեր հնչեցուցած էին եւ ծնունդ տուած մեր իւրայատուկ մշակոյթին:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, տակաւին մտքիս մէջ թարմ է, թէ երգը, որ կը հոսէր մեր  մանուկ կամ հասուն շրթներէն, երբեմն կը նմանէր հեզասահ առուակի մը կարկաչին, յաճախ ալ ըմբոստ ու տիրական, նաեւ՝ զուարթ եւ երջանիկ, տխուր ու թախծոտ, եւ այսպէս հարազատօրէն կը գծէր եւ կ’արտացոլէր մեր հոգեկան պատկերները:

«Ծափիկ…ծափիկ ծիրանի»-էն ետք, տարիներով երգեցինք նաեւ «Սարերդ Ծաղկել…»-ն ու «Գարուն Երեւան…»-ը: Մեր հանդէսներուն, ընտանեկան կամ ակումբներէ ներս խրախճանք-հաւաքներուն եւ դաշտային պտոյտ-առիթներուն «Պանք Օթօման…», «Ձայն մը Հնչեց»ին, «Մեր Հայրենիք»ին, «Ախ ֆետայիներ» ուն, «Արիւնոտ Դրօշ»ին եւ «Մուսա Լեռան Գիւղերէն»ին կողքին, բարձրաձայն նաեւ երգեցինք «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն եւ «Հիմի էլ լռենք»-ը: Չմոռցանք «Ծփում է Սեւան»-ն ու «Ծաղիկներ, ծաղիկներ»-ը եւ մեր հպարտանքն ու սէրը հանդէպ մեր լեզուին, մեր հերոսներուն, մեր հայրենիքին եւ ազգին այս բոլորով բացայայտեցինք, վարակիչ եւ խանդավառ սփիւռքեան մեր ցուրտ մթնոլորտը, մեր միտքն ու հոգին ջերմացուցինք, մեր երազներու վերակենդանացման սիրոյն: Տարիներ ետք, մեր զաւակներուն եւ նոյնիսկ թոռներուն սորվեցուցինք եւ իրենց հետ միասին սկսանք երգել «Կիլիկիա»-ն, «Սասուն»  ու «Կիկօ»-ն, «Մեր հայրենիք», եւ վերջապէս…«Գետաշէն»-ը եւայլն:

Իսկ հիմա: Ի՞նչ կը նշանակէ այս: Ո՞վ կրնայ հրաժարիլ իր հերոսներէն, մանաւանդ անոնց կեանքին ու սխրագործութիւններուն նուիրուած երգերէն:

Սիրտս, բառերուն մէջ եւ անոնց հետ սկսած է տրոփել, միաժամանակ բանալով մտածումի նոր ակօսներ: Դարձեալ հայու հոգիս դժուար պայքարի մէջ է: Կը վախնամ բառերէս, վշտահար անցորդի նման: Բայց…կը շարունակեմ մտածել:

Տխրութիւն կայ ամէն բանի մէջ, մեր կեանքին, մեր երգերուն, մեր օրերուն, մեր ներշնչած օդին մէջ իսկ: Որովհետեւ, մեր ներկան ծածկած է մեր անցեալը:

-Մեր կեանքի մէջ վերջակէտ չկայ,-կը կրկնեմ,- ինչպէս նաեւ մեր յուզումներուն:

Ճիշդ է:

Ամէն օր հայրենիքէն նոր լուրեր կը լսենք, եւ որոնք յաճախ կու գան սրբելու մեր կեանքին ու պատմութեան բոցավառ գիրերը:

Ի՞նչ կը նշանակէ այս,- միշտ կը հարցնեմ բոլորին,- երբ սփիւռքեան մեր կեանքէն ներս պարզութիւնն ու անմեղութիւնը կորսուած են: Ճիշդ է որ մեզ խաբեցին: Ո՞վ չխաբեց որ: Ճիշդ է որ մենք պատերազմը կորսնցուցինք: Բայց…: Սկսած ենք կոտրելէն ետք՝ գնահատել…կորսնցնելէ ետք՝ սիրել: Յետոյ…

Բազմախաւ տառապանք: Մեր երազը սկսած է խաւարիլ: Չենք տեսներ, որ մեր յոյսի աստղը ա՜լ տեսանելի չէ, որովհետեւ մեր երկինքը միշտ ամպոտած է:

Ու ես ինծի յաճախ հարց կու տամ, թէ ե՞րբ պիտի ցամքին մեր ժողովուրդի տառապանքի աղբիւրները: Ե՞րբ դարձեալ, պիտի երգուին մեր ազգին երգերը, աւելի խանդավառ եւ բարձրաձայն: Կ’ապրինք բեւեռներու մէջ ճզմուած: Անոր համար շատ յաճախ լեզուիս ծայրէն անէծք մը կը թռի՝ ինքնածին: Օրուան մտահոգութիւնները կը գողնան մեր ուրախութիւնը: Մեր աղօթքներն ու «Տէր ողորմեա»ները դարձած են անհասանելի: Տարիներով «Սասուն, Մուշ, Վան» երգեցինք իրենց բացակայութեան: Նոյնը՝ «Արարատը մերն է»ն: Երէկ, «Գետաշէն» կ’երգէինք, ան դարձեալ այսօր բացակայ է: Շատոնց չկայ: Տակաւին կ’երգենք ու անպայման պիտի երգենք «Արցախ»ը, ճոխացնելու համար մեր վաղուան յոյսը: Տակաւին՝ Արցախի կորուստին կողքին սերունդի մը կորուստն ալ կայԲայց, այս բոլոր երգերը ի՞նչ սրտով երգել, երբ հայրենի կեանքը մխիթարական բան մը իսկ չունի: Անկայուն հոգեկան վիճակ:

Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս վերաշինել հայու մեր կեանքը: Ինչպէ՞ս: Կարծես ազգովին յուսահատած ենք:

Անդրադառնալ է պէտք: Արդ՝ ինչպէ՞ս իրագործել մեր պատմական այս ճակատագիրը, երբ հայրենի դէպքերը ամէն օր կը մրճահարեն մեր միտքերն ու հոգիները: Այնքան զարմանալի որքան իրական, բոլորս ալ զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ:

Արդ, գիտակցի՛նք, որ ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահոգ ղեկավարութիւն է պէ՛տք, որպէսզի որոնելով մեր ինքնութիւնը, մեզ բոլորով եւ միատեղ, մասնակից դարձնէ 21րդ դարու մեր հայ կեանքի առողջ պայքարին:

Ճիշդ է …լռելը ելք չէ: Է՜հ, լաւ գիտցէ՛ք…ոչ ո՛ք կրնայ լռեցնել ցեղին ձայնը: Մենք մեզի վերադառնանք՝ հայ մարդու նոր թափով եւ նոր խորք տալով մեր կեանքին։ Նոր թարմութիւն, վերագտնելով ապրելու ազգային հպարտութիւնը:

Պարզ զգացումներով հայրենիք եւ պետութիւն չստեղծուիր: Նոր շրջան մըն է, որ ազգովին կ՛ապրինք: Հինը փուլ կու գայ մեր աչքին առջեւ: Աշխարհին ցոյց տալ է պէտք մեր փայլուն ներկան։Անոր համար կենսական է կերտել եւ ունենալ կայուն պետութիւն, որ տէրը ըլլայ ազգային մեր բոլոր իրաւունքներուն: Լաւ գիտցէ՛ք, պատմութիւնը իր ուղիէն շեղողները կը պատժէ:

Լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որուն համար լռելը կը դառնայ անհնարին։ Միեւնոյն ատեն մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչն ալ է. մեզ ամբողջ ազգով ինքնագիտակցութեան հրաւիրող եւ բերող: Ուստի կը սպասենք որ հայ ժողովուրդը ինքզինք գտնէ, եւ ըսէ իր խօսքը ու կատարէ իր ուխտը:

Եթէ կամքը կայ, ի զուր չեն տանելիք ջանքերը:

 

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles