Խմբագրական
Մայիս 18, 1957
Խօսքը մեր երիտասարդ մտաւորականներուն մասին է. անո՛նց, մասնաւորաբար, որոնք ծանօթ են չափով մը մեր լեզուին, մեր պատմութեան ու գրականութեան։
Եւ անոնց, որ գրող են կամ կրնան գրել։
Երիտասարդ մտաւորականներու այս դասը առանձին խաւ մըն է հայ երիտասարդութեան լայն ու այլազան խաւերուն մէջ։
Երիտասարդութիւնը որեւէ ժողովուրդի ապագան է. անոր գոյութեան ու վերելքին պայմանը։ Դիտեցէք օրուան երիտասարդութիւնը, եւ կրնաք գուշակել ժողովուրդի մը վաղուան ճակատագիրը։
Եւ երիտասարդութեան մէջ, դիտեցէք մտաւորական դասին դէմքը, եւ կրնաք, շատ աւելի անվրէպ կերպով, գուշակել, տեսնել նոյնիսկ՝ վաղուան գրականութեան ու մշակոյթին պատկերը։
Երիտասարդ մտաւորականներու այս խաւն է, որ մեր մէջ կ՛ապրեցնէ հայ գիրը. կը կարդայ, կը հետաքրքրուի, շարժում ու յուզում կը ստեղծէ եւ կը ստեղծագործէ։
Ունի՞նք այս նեղ շրջանակը, որ կորիզը կը կազմէ հայ երիտասարդութեան։ Կը վարէ մեր ժողովուրդի ազգային, մտաւորական ու մշակութային շարժումը, նախապատրաստելով մեր մտքին ու մշակոյթին ապագայ շէնքը. անկորնչելի հարստութիւնը։
Անշուշտ ունինք, մասնաւորաբար արտասահմանի մէջ, ուր հայ ազգային դպրոցներ կան, որոնք ամէն տարի կարեւոր հունձք մը կու տան, բաւական առատութեամբ։
Դպրոցական այս «հունձք»էն է, որ առաջ պիտի գան վաղուան գլխաւոր դերակատարները մեր ազգային ու մտաւորական դաշտերուն մէջ։ Գործիչներ՝ որոնք հետաքրքրութիւն, քաջալերանք ու շարժում պիտի ստեղծեն եւ, նաեւ, գործեր պիտի տան, շարունակելու համար հայ գիրն ու միտքը։ Հայոց գոյութեան ու վերելքի պատմութիւնը։
Ժողովուրդը, որուն անունը կը յիշենք յաճախ մեր գրական ու մշակութային շարժման առիթով, իրականութեան մէջ, հետեւորդ մըն է սահմանափակ այդ դասին, այդ խմբաւորումին, որ թերթերու մէջ, գիրքերով կամ բեմերուն վրայէն հանրային կարծիք կը ստեղծէ եւ կ՛առաջնորդէ հասարակութիւնը։
Հակառակ մեր ազգային ցիրուցան կացութեան, սակայն, ունինք երիտասարդ մտաւորականութեան այդ դասը, այդ կորիզը, քիչ մը ամէն տեղ։ Խնդիր է սակայն, թէ ի՛նչ դիմագծութեամբ, եւ հոգեկան ու իմացական ի՛նչ տրամադրութեամբ։
Այս դասին մէջ կան անշուշտ տարրեր, որոնք շարժում, տրամադրութիւն, մթնոլորտ կը ստեղծեն եւ կան՝ որ կը ստեղծագործեն։
Եւ կան դեռ տարրեր ալ, որոնք անտարբեր են եւ կան, որ դժգոհ են եղածէն. մեր ունեցածէն. մեր մտքի արդիւնքէն, գիրէն ու գրականութենէն, գրողներէն ու անոնց ստեղծագործական թափէն։
Չենք զբաղիր առաջիններով, անտարբերներով, որոնք զուրկ են ազգային արժէքէ. առհասարակ, որեւէ՛ արժէքէ։
Սակայն կը զբաղինք դժգոհներով եւ անոնց դժգոհութիւններով, որոնք կրնան մեծ չափով ճշդել մեր ազգային շարժումներուն, մեր մտաւոր կեանքին ընթացքը։
Միատարր չեն այս դժգոհները, որովհետեւ կան դժգոհներ, որոնք բացասական են, մութ նայուածքով. ջլատիչ ու ջախջախիչ։ Եւ նաեւ դժգոհներ՝ որոնք կը ձգտին աւելիին, աւելի բարձրին ու գեղեցիկին. հետեւաբար՝ ստեղծագործ ճիգերու։
Դեր կրնան կատարել այն տարրերը, որոնց դժգոհութիւնը դրական շարժում կը ստեղծէ. մնայուն արժէքներու կը տանի եւ բարձրագոյն գեղեցկութիւններու կայծն ու կարօտը կու տայ։
Մեր մտքի պատմութեան մէջ, վերջին հարիւրամեակին, այս կարգի դժգոհներէն եղած են մասնաւորաբար, 60-ական, 80-ական, 90-ական թուականներուն սերունդները, որոնք մեր ժողովուրդին տուած են մեր Ազգ. Սահմանադրութիւնը եւ մտաւոր վերածնունդը. տուած են լեզու ու իրական ու իրապաշտ գրականութիւն. եւ վերջապէս ազգային ու մշակութային յեղաշրջման կամք ու վճռականութիւն։
Եւ այս բոլորին հետ, առօրեայէն, սովորականէն վեր՝ ինքնատպութեան ու արուեստի ըմբռնում, համապատասխան գործերով։
Մեր օրերուն, չունինք այս ստեղծագործ դժգոհներէն կամ շատ քիչ, բայց ունինք առատօրէն՝ ջլատող ու բացասական դժգոհներու խումբեր, ամէնուրէք։
Երբ կը դժգոհինք, մեր գրագէտները, բանաստեղծները եւ անոնց կեանքն ու գործերը լայնօրէն ճանչնալէ ետք, ատիկա կը նշանակէ յառաջդիմական քայլ մը առնել, կամ հոգեկան ու իմացական մագլցում մը փորձել՝ աւելի վեր բարձրանալու։
Սակայն, երբ կը դժգոհինք, առանց ճանչնալու կամ առանց արդարութիւն ընելու մեր ունեցածին, ատիկա պիտի նշանակէր ապարդիւն, անիրաւ ու անբարեխեղճ ճիգ մը։ Տխուր ու բացասական քայլ մը. կործանարար արարք մը։
Մեր օրերուն, այս բացասական դժգոհանքը կրնայ բացատրուիլ ոչ միայն ժամանակի նիւթապաշտ ոգիով ու հաւատքի պակասով, այլեւ օտար դէմքերու եւ արժէքներու հանդէպ մեր յաճախ անհիմն հիացումով։
Մեր նախընթաց սերունդները մեծ դէմքեր տուին, որովհետեւ կը հաւատային ազգային վերածնունդին եւ կը հաւատային գրական ու մտաւորական շարժումին ու անոր նշանակութեան։
Այդ է պատճառը, որ իրենց գործերովն ու յիշատակներով կ՛ապրին դեռ Գր. Օտեաններն ու Ռուսինեանները, կամ Արփիարեաններն ու Զօհրապները, Բաշալեաններն ու Թլկատինցիները եւն.։
Մեր պատմութեան այս մութ շրջանին, տաղանդը չէ որ կը պակսի մեր երիտասարդ մտաւորականութեան մօտ։ Տաղանդաւորներ ու շնորհալիներ ունինք մեր գրողներուն, բանաստեղծներուն եւ արուեստագէտներուն մօտ։ Սակայն ինչ որ կը պակսի՝ հաւատքն է, ստեղծագործ դժգոհութիւնը։
Տիրող դժգոհանքը, առհասարակ, բացասական, ջլատիչ դժգոհութիւն մըն է, արդիւնք՝ անծանօթութեան, ուսումնասիրութեան պակասին եւ նոր ու հզօր ճիգ մը ընելու անընդունակութեան։
Ու արդիւնք, նաեւ, ազգային ստորադասութեան զգացումին։
Կը մոռնանք սակայն, որ թէեւ «փոքր ածու», սակայն «արութեան գործք»եր չեն պակսիր նաեւ մեր մտքի պատմութեան մէջ։
Հայ միտքն ու հոգին, հին դարերէն սկսած, ինչպէս մեր օրերուն, զուրկ չեն եղած ստեղծագործ ճիգերէն եւ տուած են ու այսօր ալ կրնան տալ մնայուն արժէքներ։
Գեղեցկութիւններ՝ որոնք կրնան հմայել այն հոգիները, հայ ու օտար, որոնք տեսնելու եւ զգալու ընդունակութիւն ունին։
Եւ ունին, նաեւ, ստեղծագործական թափ ու շունչ։