
bedig43@aol.com
Այն ինչ որ կ’ուզեմ յիշեցնել, նորութիւններ չեն, եւ սակայն նաեւ կ’ուզեմ հեռու մնալ ցարդ ծեծուած խօսքերէն ալ: Անոր համար կը փորձեմ խորք ու թարմութիւն տալ տողերուս: Նախ ըսեմ, որ երկար շաբաթներէ ի վեր ու ամէն գիշեր ուշ, շատ ուշ կը բաժնուիմ հեռատեսիլի հայկական կայաններէն, ինչպէս նաեւ հեռաձայնիս եւ «այ բատիս» վրայ «գամուած» դիմատետրիս հայկական կայքերէն, իսկ առաւօտուն ալ հակառակը, կանուխէն կրկին կը վերադառնամ անոնց, վայրկեան մը առաջ փնտռելու, լսելու, «Հայկական Միասնական Տեղեկատուական Կեդրոն»-էն սփռուած Արցախեան լուրերուն: Եւ տակաւին չգոհանալով, միշտ կնոջս դառնալով հարց կու տամ:
-Ըսէ՛, Արծրուն Յովհաննէսեանը այսօր ի՞նչ եւ ինչեր ըսաւ, ի՞նչ լսեցիր…լա՞ւ… թէ՝ վա՞տ…:
Ու երբ մտիկ կ’ընես ՀՀ Պ.Բ. այս խօսնակին՝ կը զգաս, թէ ի՞նչ է ներկայի մեր ապրած կեանքը: Ու իւրաքանչիւր բարի լուրի հետ, յանկարծ հոգիէդ բան մըն է, որ կը փոխուի: Դիմագիծ եւ ինքնու-թիւն կը ներշնչուի: Անկեղծօրէն անոր ձայնին մէջ կայծ բռնող բառերով շաղախուած «ճոխու-թիւնն » է, որ կը փնտռեմ: Հպարտութեամբ կ’ողջունեմ իւրաքանչիւր յաղթանակի խապրիկը: Գոյութեան եւ լինելիութեան պայքար, ու նոյնիսկ բացայայտ զմայլանք մը՝ հոգիիս մէջ: Իսկ յիշուած կորուստներն ու նահատակները, ու անոնցմէ բխող սարսափելի ու տագնապալի պոռթկումները, շուտով ապրումիս ջերմութիւնը կը կորսնցնեն, ու նաեւ կը պրկեն հոգեկան վիճակս ալ: Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս գրութիւնս: Նաեւ գիտեմ, որ բացառութիւն մը չեմ կազմեր: Ու նոյնիսկ նման որդեգրում՝ միայն մեր տան պատերէն ներս չէ, որ կը կատարուի: Հաստատապէս: Անոր համար ամէն առաւօտ, ամէն բանէ առաջ մտովի կամ բարձրաձայն նախ կ’ըսեմ.- «Good Morning, Արցախ», բարի լո՜յս, Արցա՜խ, եւ ապա «գործիս» կ’անցնիմ:
Ու այս առիթով նաեւ կ’ուզեմ յիշեցնել, թէ մենք ազգովին, թէեւ մեր պապերու երկրին մէջ կամ դուրս, Արարատի ստորոտէն անցնող կեանքի ճամբորդներն ենք, բայց յստակ է, թէ մեզի վիճակուած է ազատ ապրիլ անոր շրջակայ բարձրավանդակին վրայ: Եւ վա՜յ այն օրուան, երբ վար իջնենք այդ բարձրավանդակէն կամ՝ կորսնցնենք զայն: Անոր համար ներկայի պատմու-թիւնը սկսած ենք շարադրել եւ գրել հայու ներշնչումով ու նոյնքան ալ՝ ոգիով եւ արիւնով:
Եւ որովհետեւ աշխարհը տակաւին պատրաստ չէ լսելու հայու սրտին տրոփիւնը, եւ որովհետեւ դժոխքը այս օրերուն, երկաթէ ոտքերով մեր վրայէն կ’անցնի, եւ տակաւին մարդկային խիղճը փութ է, լեցուն՝ անիմաստ կոչերով կեղծ մարդասիրութեամբ եւ միշտ անտարբեր, ուստի շատ բան կայ գրուելիք եւ մանաւանդ, տակաւին բաներ՝ որոնց ժամանակը չէ հասած:
Եւ ամէն անգամ, երբ ազգովին անիրաւուած ու անտեսուած ենք՝ միշտ կը յիշեմ արաբական պատմութեան դասէն մտքիս անկիւնը արթուն մնացած Սալահըտտին հզօր Խալիֆայի հետեւեալ խրատականը իր զաւկին.- «Նայէ՛ տղաս, զգուշացի՛ր անիրաւ տեղը արիւն թափելէ, որովհե-տեւ թափուած այդ արիւնը չի քնանար, կը բարձրանայ, կը յորդի, կը հեղեղէ եւ կը խեղդէ…»:
Իսկ այս օրերուն, ահա այլափոխուած մարդկութիւն: Ահա մեր աշխարհը, ուր կայ միայն խաբ-կանք եւ ատելութիւն եւ սակայն կան միայն մշտական շահեր: Ո՛չ, մշտական բարեկամներ: Ասոնց իբրեւ հետեւանք, մենք ազգովին մոռցած ենք մեր դէմքի ժպիտը: Դարձեալ մեր հողերը մեր արիւնով սկսած են սնանիլ: Դարձեալ մեր վիշտերու ծովը, մինչեւ աստղերը հասած են: Այս յիշեցի, որովհետեւ հիմա հայու ձայներով պատարագ եւ աղօթք կայ, աշխարհի չորս կողմերէն:
Բոլորս ալ իրազեկ են, թէ որքան խոր է մեր դժբախտութիւնը: Երբեմն ալ ծածուկ իրարու կ’ըսենք, թէ դժուար է հայ ըլլալը, բայց անպայման տեսնելու բան է հայու զինուորը, որ մահուան աչքերուն կը նայի իր իւրօրինակ ժպիտով: Հայ զինուոր ըսի, որ ուրիշ մէկը չէ՛, եթէ ո՛չ ազգին պատիւը պաշտպանողն ու ցեղին վրէժը լուծող մարտիկը: Ահա մեզի մեծ հպարտանք ու գունաւոր ներդաշանակութիւն ներշնչող՝ աւիշ եւ սնունդ: Ու նոյն մեր հայ զինուորի աշխարհի սպառնալիքներու դիմաց նման սխրագործութիւն՝ միայն քաջերուն է տրուած: Մաքուր տրոփում եւ նոյնքան ալ յոյս, որոնց շնորհիւ ոչ միայն մեր հողին ապահովութիւնը կ’երաշխաւորուի, այլ անոր հետ միատեղ ամբողջ ազգ մըն ալ դէպի յաղթանակ կ’առաջնորդուի: Ու կասկածէ դուրս է, որ կը պայքարինք մինակ եւ առանձին, առանց մեր բախտը ուրիշին կապելու: Մեզ լսող ականջ չկայ: Կ’ապրինք հայու թաքուն ձայներուն ականջ դնող մեր հերոսներու մարտիրոսացումներով: Յստակ է, թէ աշխարհի մարդկութիւնը այլափոխուած է: Նաւթը, տակաւին ամէն նժարի վրայ գերակշիռ է: Ներկայիս կործանարար հետեւանքներու հասած ենք: Մեզի համար արդարութիւնը «սատկած» է: Անոր համար յուսահատ եւ մտահոգ կը նայինք մեր կեանքի այս ճեղքերուն: Լաւատեղեակ ենք, որ աշխարհը այս մեր տառապանքին ծանօթ է եւ սակայն՝ անհոգ: Բայց ո՛չ ոք կոչուած է փրկելու մեզ: Ո՛չ մէկը նպատակ ունի օգնութեան ձեռք երկարելու: Պարզապէս խոս-տում: Բառ՝ ու երբեմն ալ բառեր: Ո՛չ ոք մտահոգ է մեր ճակատագրով: Բոլորն ալ կ’ուզեն, որ մենք ազգովին խեղճանանք: Կ’ուզեն կրճատել մեր կարողականութիւնը, մեր տեսակը, մեր արիւնը:
Բայց, հակառակ այս բոլորին, հաւատացէ՛ք շնորհիւ սահմանը պահող մեր բոլոր հերոս զինուոր-ներուն եւ բոլոր մեծ ու փոքր կամաւորներուն, որոնք ամէն վայրկեան հայու հողի պաշտպանու-թեան եւ մեր լինելիութեան համար կը պայքարին, իրենց այս մեծ ու պատմական սխրագործու-թիւններով, աշխարհի անհոգ եւ անտեսող մարդկութեան եւ հակառակորդ թշնամիին կարծր երեսներուն իրենց «մայրը յիշեցնող» ուժգին ապտակ մըն է, որ կը զարնեն:
Բայց, լաւ յիշեցէ՛ք, այս ապտակի զօրութիւնն ու ուժգնութիւնը կախուած է միայն մեզմէ, մեր միասնութենէն: Անկասկած: Եւ պէտք է, որ հաւատան մեր յաղթանակին: Եւ ժամանակը մեզի ցոյց տուած է արդէն, թէ ինչեր կ’ակնկալուին իւրաքանչիւրէս: Ու եթէ ազգովին մեկդի դնելով ամէն նախանձ, ոխ, տարակարծութիւն, արդէն վերագտած կ’ըլլանք ապրելու մեր իրաւունքը բազուկով պաշտպանելու խորհուրդին: Եւ այս մէկը անբացատրելի է:
Արդ, հարկ է եւ պայման, որ մեր մտքերը քաղաքականանան: Սփիւռքը՝ Հայաստանին, ինչպէս որ նախապէս եղած էր, Հայաստանը՝ Սփիւռքին: Այս է դեղատոմսը: Ճիշդ է, որ ազգովին ճակատագ-րական պահեր կ’ապրինք, ուստի առաւել եւս հայանալու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք: Այս մէկուն գիտակցիլ է պէտք: Ասիկա հայութեան մէկութիւն արտայայտող ազգային յանձնառու-թիւն ալ է: Ուրիշ ոչինչ: Կախարդական գաւազանով այլեւս կարելի չէ յաղթանակներ կերտել: Բոլորս ալ կոչուած ենք քանակ եւ որակ դառնալու հայրենիքին եւ ցեղին համար: Մէկ բանակ դառնալու յանձնառութիւն ըսի: Այսինքն՝ դիմագիծ: Այսինքն՝ արթուն զանգուած: Այսինքն՝ ուխտապահ մարդոց հաւաքականութիւն: Ուրիշ ոչինչ: Չէ՞ որ հայրենիքը բոլորիս համար մեր կեանքի բանալին է: Մեզ միաւորող՝ լաւագոյն կամուրջը: Եւ եթէ յաղթանակին կը հաւատանք, ուստի ժամը հասած եւ անցած ալ է, մեր կեանքով, մեր նիւթականով եւ դրական ներդրումով, նպաստել նոյն այդ սպասուած յաղթանակի յաջողութեան: Թող ազգովին եւ շուտով լսենք նոյն այդ յաղթանակի ոտնաձայները, որպէսզի միշտ եւ ուրախ, ժպիտով եւ հպարտանքով ամէն առաւօտ միաբերան կոչենք.- Good Morning, Արցախ…:
Եւ մենք միասին …ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ: