Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաստակամութիւն յայտնեց տեսակցելու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, եթէ տեսակցութեան օրակարգը պիտի ծառայէ Սուրիոյ շահերուն։

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին լրագրողներու կողմէ հարցապնդուելով՝ Ասատ նշեց,որ եթէ Էրտողանի հետ տեսակցութիւնը պիտի առաջնորդէ Սուրիոյ համար իրագործումներու, ապա ինք պատրաստ է հանդիպում մը ունենալու Թուրքիոյ նախագահին հետ։

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, որովհետեւ Թուրքիա Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ դիրք ճշդած ընդդիմութեան կողքին կանգնեցաւ՝ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու նպատակով։Էրտողան Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, Պաշշար Ասատը բռնակալ կոչեց։

*

    Թուրքիոյ մէջ 2016 կատարուած ձախող յեղաշրջման փորձէն ետք, ամէն տարի 15 Յուլիսը կը նշուի իբրեւ «ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օր», որուն առիթով նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ատրպէյճանցի երգչուհի Ազերին երգեց «Չըրփընըրտըն Գարա Տենիզ» երգը։ Վերջաւորութեան ատրպէյճանցի երգչուհին ձախ ձեռքը բարձրացնելով՝ ըրաւ թուրք ազգայնամոլներու ժեսթը, որուն ի տես Էրտողան եռանդով ծափահարեց՝ մոռնալով,որ ժամանակին թուրք ազգայնամոլներուն թիրախին վերածուած էր, որովհետեւ ծայրայեղ աջակողմեան ազգայնամոլները Էրտողանի իշխանութիւնը կը համարէին կրօնական բռնապետութեան մը սկիզբը։

*

Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա չի կրնար սեղմուիլ ոչ Արեւմտեան, ոչ ալ Արեւելեան Դաշինքներու մէջ։«Մենք չենք կրնար անտեսել Արեւելքը, ոչ ալ կրնանք կռնակ դարձնել Արեւմուտքին», ըսաւ ան։

Էրտողանի համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին նոր քաղաքականութեան դրոյթը կը հիմնուի «պահանջ ոչ թէ ընտրանք» ձեւակերպման վրայ, այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, ուր սուր պայքար կը մղուի գերուժերուն միջեւ։«Իր աշխարհագրական, մարդուժի, տնտեսական եւ պատմական իւրայատկութիւններուն պատճառով Թուրքիա չի կրնար մէկ դաշինքի մէջ տեղաւորուիլ», յայտարարեց Էրտողան, որ նշեց, թէ Թուրքիա պարտաւոր է իր յարաբերութիւնները կանոնաւորել թէ՛ Արեւմուտքին եւ թէ՛ Արեւելքին հետ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button