ՇՈՒՇԻԷՆ ՍՓՌՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 52 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական
Երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ պատրաստութեան մէջ էր Պաքուն, թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովը բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ կազմակերպելու համար։ Ալիեւի աչքին, «տժգոյն ու դժբախտ» չէ Շուշին, իսկ Արցախի ազերիներով բնակեցման վազքը կը շարունակուի թափով:
Ալիեւի վարչախումբը գործի լծուած է, ամէն գնով եւ անդառնալիօրէն ոչնչացնելու քաղաքին անժխտելի հայկականութիւնը. մզկիթի վերածուեցաւ Ղազանչեցոց տաճարը, իսկ «Կանաչ Ժամ» եկեղեցին բոլորովին ջնջուած է քարտէսէն, վերածուելով հարթ-հաւասար տարածութեան։ Յուշակոթողներու ջարդը մրցումի ելած է Նախիջեւանի խաչքարերու փոշիացման հետ։ …Եւ դեռ «Այս բոլորը՝ մեզի ի՞նչ», կը յայտարարեն ՔՊ-ականները:
5-6 Յուլիսին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովը։ Բռնապետ Ալիեւի հրաւէին ընդառաջած էին Ղազախստանի, Ուզպէքիստանի եւ Խըրխզիստանի նախագահները։ Թուրքիոյ «սուլթան» Էրտողանը, Երոոպայի ազգային խումբերու ախոյեանութեան՝ Եուրօ 2024-ի աւարտական մրցաշարքով աւելի՛ հետաքրքրուած ըլլալով, մեկնած էր Գերմանիա. այս վեհաժողովին, Թուրքիան կը ներկայացնէր փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ:
Զարմանալի չէր նաեւ այսպէս կոչուած՝ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան նախագահ» Էրսին Թաթարի ներկայութիւնը: Անդին, շատ աւելի խոր եւ մտահոգիչ հարցադրումներու դուռ բացաւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի ներկայութիւնը, հակառակ անոր վատահամբաւ կեցուածքներուն նորութիւն չըլլալուն։
Հունգարիոյ պետին այս վեհաժողովին մասնակցութիւնը արտասովոր է, ստեղծուած՝ նոյնինքն Հունգարիոյ եւ այս կազմակերպութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հոս տեղին է լայն փակագիծ մը բանալ եւ կրկին անհանգստացնել այժմ Եռաբլուրի մէջ հանգչող սպայ Գուրգէն Մարգարեանը, որ 2004-ին, ռազմադաշտերէն շատ հեռու՝ Դանուբի ափին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէշթի մէջ, գիշերուան կիսուն, խոր քունի մէջ եղած պահուն, ազերի դաւադիր Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ կացինահար սպաննուած էր:
Շուշիի վեհաժողովին իր արտասանած խօսքին մէջ, «այս քաղաքին մէջ ընդունելու համար» Ալիեւին երախտագիտութիւն յայտնող Օրպանն էր, որ մութ հաշիւներով եւ անշուշտ կաշառակերութեամբ, աւելի քան 10 տարի առաջ շրջանցած էր Հունգարիոյ դատական ատեանի մէկ վճիռը, ըստ որուն՝ պաշտօնապէս յանցաւոր նկատուած եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Սաֆարովը ազատ արձակած էր, եւ ան իբրեւ հերոս վերադարձած էր Պաքու, պարգեւավճար ու պաշտօնի բարձրացում ալ ստացած էր։
Սաֆարովի ազատ արձակումէն՝ Օգոստոս 2012-էն ի վեր, Հայաստան իր կապերը խզած էր Հունգարիոյ հետ. 10 տարի ետք, յանկարծ վերահաստատուեցան դիւանագիտական կապերը: Երեւանի «հիներն» էին կապերը խզողը, իսկ ներկայ իշխանութիւնները վերստին ձեռք երկարեցին Օրպանի, պատճառաբանելով, թէ անոր միջամտութեամբ կարելի եղած էր հայ բանտարկեալներ ազատ արձակել: Անշուշտ հայ բանտարկեալներու վերադարձը ողջունելի էր, անիկա Ատրպէյճանի ճիտին պարտքն էր, ուրեմն Օրպանի դերակատարութիւնը պարզապէս աչքերուն փոշի նետող բեմադրութիւն մըն էր: Բայց… ինչո՞ւ զարմանալ. Երեւանի վարիչները մոռցած են Շուշին, մոռցած են անոր կարեւորութիւնը, նաեւ ամբողջ Արցախը, ինչո՞ւ նման «մանրուքներու» կարեւորութիւն տալ:
Կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանանք. Երոպան՝ Եւրոմիութիւնն է, որ իր կարգին զայրացած է Օրպան տիպարին Շուշի ժամանումէն։ Ուշագրաւ էր եւ տեղի՛ն՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի մէկ յայտարարութիւնը, թէ Օրպան կասկածի տա՞կ դրած է Կիպրոսի հիմնահարցը։ Մենք ալ աւելցնենք. հապա Արցա՞խը, վսեմաշո՜ւք Պորէլ…
Կարելի է շատ մելան հոսեցնել այս տարօրինակ վեհաժողովին մասին, ուր քանի մը էջերով «Ղարաբաղեան Յայրարարութիւն» մը ստորագրուած ու հրատարակուած է։ Յիշեցնենք, որ նման յայտարարութիւններ նորութիւն չեն, անցեալին ականատես եղանք թուրք-ազերիական զինակցութեան հռչակման: Բացման իր խօսքին մէջ, Ալիեւ, վեր առնելով 44-օրեայ պատերազմին կարեւորութիւնն ու Շուշիի ազատագրումը, առիթը օգտագործած է յուշելու «արեւելեան Զանգեզուր»-ի պահանջը։ Այս բոլորը ա՛յն օրերուն, երբ Պաքուէն կրկին ու կրկի՛ն կը հնչէ «Հայաստան պէտք է նոր սահմանադրութիւն ունենայ» պահանջը, զայն ամենայն սրտով ու գոհունակութեամբ կ’ողջունէ «ազգընտի՜ր վարչապետ»-ը, հոգ չէ թէ իր արտաքին գործոց նախարարը եւ ուրիշներ նման պահանջ կը նկատեն Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ, իսկ իրատեսներ այս «երկխօսութեան» մէջ կը նշմարեն Հայաստանի վրայ ազերիական տիրապետութեան քայլ առ քայլ ամբողջացման նոր արտայայտութիւններ:
Շուշիէն հնչած այս նոր պահանջներուն դիմաց, Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք որեւէ խօսք ունի՞ փոխանցելիք, թէ՞ կը նախընտրէ լռել․․․ամառնային արձակուրդի սեմին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles