ԼԻԶՊՈՆ 5-Ի ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 23 Second


Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

41 տարի առաջ՝ 27 Յուլիս 1983-ին, Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը գրաւող ու պայթեցնող հինգ հերոսները խորապէս գիտակից էին, թէ ամէ՛ն գնով, մինչեւ իսկ իրենց կեանքերուն գնով պէտք էր նոր աւիշ, թափ եւ ուժականութիւն տալ Հայ Դատի հետապնդման գործին՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, հողային, մարդկային եւ մշակութային կորուստներու հատուցման պահանջատիրական պայքարին։
Անոնց բռնած ուղին տարբեր էր, սարդարապատեան «խենթերու հնար»-ն էր՝ տարբեր արտայայտութեամբ:

Այդպէս ալ ըրին եւ իրենց մատաղ հասակին նահատակուեցան, մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն արձանագրելով ԼԻԶՊՈՆԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆը, որ այլապէս նոր գագաթնակէտ մըն էր անկէ մօտաւորապէս տասը տարի առաջ վերականգնած՝ Թուրքիոյ պետութեան դէմ ուժական պայքարին:

Իւրայատուկ եւ սուրբ նշանակութիւն ունեցող հինգ քաջերուն նահատակութիւնը առանձնակի դէպք մը չէր: Անոր հետեւեցան նոր սխրանքներ, անիկա ներշնչման աղբիւր եղաւ նա՛եւ Արցախեան Պայքարին: Անիկա անժամանցելի է եւ պէտք է օրինակ դառնայ բոլոր երիտասարդ սերունդներուն, մանաւանդ երբ այդ սխրանքները կը դիտենք ներկայ օրերու իրադարձութիւններուն լոյսին տակ։

Գաղտնիք չէ, այլ աղաղակող՝ որ մեր հայրենիքին երկինքին տակ ու անոր շուրջ այժմու իրադարձութիւնները հետզհետէ ահազանգային կացութիւն կը ստեղծեն, իսկ անոնց դիմաց, Հ․Հ․ ներկայ իշխանութիւնները ամէնայն ինքնավստահութեամբ եւ «ակնածանք»-ով Հայոց պատմութիւն եզրոյթը կը վերածեն Հայաստանի պատմութեան։

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ էջերուն մէջ տեղ կը գրաւեն այս հինգ «խենթ»-երը, որոնց նախընթացները կերտած էին Աւարայրի ճակատամարտ, Ցեղասպանութեան օրերուն ու անկէ առաջ բազում հերոսամարտեր, Սարդարապատ, Արցախի ազատագրում․․․: Յետոյ եկան 44-օրեայ պատերազմն ու ահաւոր կորուստներ, որոնց շարանը կ’երկարի նաեւ այսօր։

Ամէն մէկ հայորդիի պարտականութիւնն է հաւատարիմ մնալ Լիզպոն 5-ին նահատակութենէն բխած պատգամներուն, անոնց յիշատակը վառ պահել ու մանաւանդ յանձնառո՛ւ ըլլալ։

Յստակ է անոնց պատգամը։ Անոնք ցոյց տուին, թէ պէտք չէ տկարանալ եւ տարուիլ մութ հաշիւներով, որոնցմով կ’առաջնորդուին Արեւմուտքն ու Արեւելքը՝ նա՛եւ այսօր։

Դեռ երէկ էր։ Այդ տղոց՝ Արային, Սագոյին Վաչէին, Սեդրակին եւ Սիմոնին գաղափարական, դիւցազնական ու անձնազոհական արարքը, թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային առումով, շրջանցեց կացութիւն մը, քանդեց իրողապէս պարտադրուած գոյավիճակի մը պարիսպները։

Գործողութեան յաջորդող ժամերո՛ւն իսկ, աշխարհի ռազմաքաղաքական դերակատարները, դիւանագէտները, միջազգային հանրութիւնն ու քարոզչական մեքենան՝ մետիան, նոյնինքն այդ օրերուն Թուրքիոյ բռնատիրական իշխանութիւնները՝ սուլթաններու, իթթիհատականներու եւ յետնորդներու ժառանգորդները ցնցուած էին։ Անոնք լաւապէս հասկցան, թէ Հայ ժողովուրդի, Հայ դատի պահանջատիրութեան թղթածրարին հետ կարելի չէ սակարկութեան նստիլ։ Մէկ խօսքով՝ կարելի չէ Հայոց Պատմութեան հետ խաղալ, խաղ մը, որ դժբախտաբար այս օրերուն ընթացք առած է, այդ ալ ներազգային ոլորտին մէջ։

Լիզպոն 5-ին պատգամը այսօր նո՛յնքան ազդեցիկ է, կը կրէ նոր շեշտ։ Ամբողջ Արցախ մը կորսնցուցած ենք, որուն տարածքային ամբողջականութեան վերականգումն ու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները անառիկ պահելու հրամայականը կը մնան առաջնահերթութիւն: Մեր պահանջատիրութիւնը հոն կանգ չ’առներ, որովհետեւ անիկա կը տարածուի Նախիջեւանէն մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան, մինչեւ հոն՝ ուր ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՐՏՈՒԱԾ Է: Մենք չենք խօսիր ուրիշէն հող խլելու մասին, այլ կը պահանջենք այն՝ որ մերն է եղած ու մերը պիտի ըլլայ: Թուրքին ու անոր կամակատարներուն, նեցուկ կանգնողներուն՝ նոր պատմութիւն գրելու փորձերը սնանկութեան պիտի մատնուին:

Յանձնառուներուս պարտականութիւնն է այդ ուխտը վերանորոգել ամէն օր, աննահանջ շարունակել պայքարը՝ մերժելով ամէն տեսակի սակարկութիւն եւ անիրաւ պարտադրանք։
Լիզպոն 5-ին սխրագործութիւնը մէկ էջն էր մեր Սրբազան Պայքարին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles