Հայաստանի Սահմանադրութեան Օրը Փաշինեան Քննադատած Է Սահմանադրութիւնը

0 0
Read Time:3 Minute, 39 Second

Յարութ Սասունեան

Միայն Հայաստանի մէջ կրնայ երկրին ղեկավարը ելոյթ ունենալ Սահմանադրութեան տարեդարձին առիթով՝ քննադատելով Սահմանադրութիւնը․․․: Ասիկա կը նմանի անոր, որ երկրին ղեկավարը Անկախութեան օրը քննադատէ իր երկրի անկախութիւնը:

Աւելի տեղին կ՛ըլլար, եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վեց տարի առաջ յայտարարէր, որ կ՛ուզէ փոխել Սահմանադրութեան որոշ մասեր: Բազմաթիւ երկիրներ փոփոխութիւններ կը կատարեն իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ՝ իրենց ժողովուրդներուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն համահունչ։ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը առաջին անգամ ընդունուած է 5 Յուլիս 1995-ին, փոխուած է 27 Նոյեմբեր 2005-ին, ապա դարձեալ փոխուած է 6 Դեկտեմբեր 2015-ին։ Բոլոր երեք տարբերակները հաստատուած են հանրաքուէի միջոցով:

Փաշինեան, նախքան վարչապետ դառնալը, բազմիցս քննադատած է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը: Այսուամենայնիւ, իշխանութեան գալէն անմիջապես ետք ան միտքը փոխեց եւ ըսաւ. «Եկէ՛ք աշխատինք մեր ունեցած Սահմանադրութեամբ: Մենք չենք կրնար զայն ամէն օր փոխել»: Միտքը փոխելուն պատճառը այն էր, որ ինք շատ գոհ էր գործող Սահմանադրութենէն՝ հաշուի առնելով, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը վարչապետին կու տայ գրեթէ անսահմանափակ լիազօրութիւններ:

Սակայն, երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պահանջեց, որ Հայաստան փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, Փաշինեան անմիջապէս համաձայնեցաւ՝ այսպիսով անձնատուր ըլլալով Հայաստանի թշնամիին հրամաններուն։ Ալիեւ յատկապէս պահանջեց, որ Հայաստան իր Սահմանադրութեան նախաբանէն հանէ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը, ուր կը յիշատակուին Արցախն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ալիեւ ըսաւ, որ ասիկա իր նախապայմանն է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար, ինչ որ Փաշինեան տարիներէ ի վեր կ՛աղաչէ Ատրպէյճանէն։ Փաստօրէն, Փաշինեան կրկնեց Ալիեւի յայտարարութիւնը, որ անկարելի է խաղաղութիւն հաստատել Ատրպէյճանի հետ, քանի դեռ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ ներառնուած է այն յղումը, որ Ալիեւ մերժած է:

Իրավիճակը աւելի բարդացնելով, բոլոր հարցերուն շուրջ իր մնայուն հակադրութիւններուն համահունչ, Փաշինեան սկիզբը ըսաւ, որ համաձայն չէ այդ յղումը Սահմանադրութենէն հանելու Ալիեւի պահանջին։ Ան պատճառաբանեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրի դրոյթները գերակայ պիտի ըլլան ներպետական բոլոր օրէնքներու կամ նոյնիսկ երկու երկիրներու Սահմանադրութիւններու նկատմամբ։

Աւելին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նոյնպէս վճռականօրէն մերժեց Սահմանադրութիւնը փոխելու Ալիեւի պահանջը՝ յայտարարելով, որ նման պահանջ մը կը համարուի միջամտութիւն՝ երկրի ներքին գործերուն։ Կարծես թէ վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարի նման վճռական մերժումներէ ետք, այս թեման փակուած կարելի էր համարել։

Սակայն՝ ո՛չ Փաշինեանի պարագային: Վերջերս, ան հրամանագիր ստորագրեց յանձնաժողով կազմելու մասին, որ պիտի նախապատրաստէ միանգամայն նոր Սահմանադրութիւն, ոչ թէ պարզապէս պիտի փոխէ զայն: Այսպիսով,  ան չեղեալ յայտարարեց խորհրդարանի գործող յանձնաժողովի՝ Սահմանադրութեան բարեփոխման ուղղութեամբ շուրջ երկու տարի շարունակուող ջանքերը։  Փաշինեանի ստեղծած միւս խնդիրը այն է, որ նոր Սահմանադրութիւն մշակելու համար, ան յանձնաժողովին վերջնաժամկէտ տուած է մինչեւ 2026-ի վերջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ալիեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր չի ստորագրեր տակաւին երկուքուկէս տարի։

5 Յուլիսին, Սահմանադրութեան օրուան կապակցութեամբ իր ելոյթին մէջ, Փաշինեան երկար քննադատեց գործող Սահմանադրութիւնը՝ ըսելով․ «Քաղաքացին կը համարէ, որ իշխող վերնախաւն է այդ գրութիւնը ստեղծած, յայտարարած անոր ընդունման մասին եւ, ըստ էութեան, ներդրած զայն Հայաստանի մէջ»: Ան աւելցուց՝ «Իսկ  բուն (նոր) Սահմանադրութեան գրութեան մէջ ժողովուրդը կ՛արտայայտէ իր պատկերացումը, թէ ինչպիսին կը պատկերացնէ այդ պետութիւնը, անոր կառավարումը, ինչպիսին պէտք է ըլլայ անիկա ընդհանուր առմամբ  եւ  ինչ նախագիծ պէտք է կեանքի կոչենք, բոլորս միասին աշխատելով»: Այսպիսով, ան կեղծօրէն ակնարկեց, որ, ի տարբերութիւն գործող Սահմանադրութեան, նոր Սահմանադրութեան գրութիւնը պիտի պատրաստուի երկրի քաղաքացիներուն կողմէ: Ցաւօք, նոր Սահմանադրութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը մշակեն Փաշինեանի խումբ մը կուսակիցները, որոնք հմտութիւններ չունին իրաւագիտութեան ոլորտին մէջ: Քաղաքացիներու ցանկութիւնները արտայայտելու փոխարէն, անիկա կ՛արտացոլէ իշխող վարչախումբին քաղաքական օրակարգը: Փաշինեան եւ իր շրջապատը յոյսով են, որ նոր Սահմանադրութիւն պատրաստելով՝ կը յաջողին խուսափիլ գործող Սահմանադրութեամբ իրենց բազմաթիւ խախտումներուն համար նախատեսուած մեղադրանքներէն։

Ի կատարումն Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու նախագահ Ալիեւի պահանջի՝ Փաշինեան չկրցաւ բարձրացնել Հայաստանի առարկութիւնները Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան որոշ մասերու մասին: Ինչո՞ւ Փաշինեան չի պահանջեր, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու դիմաց՝ Ալիեւ փոխէ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը: Փաշինեանի պարագային ամէն ինչ միշտ միակողմանի է: Երբ Ալիեւ տարածքներ կը պահանջէ Հայաստանէն, ինչո՞ւ Փաշինեան չի պահանջեր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական տարածքները: Երբ Ալիեւ կը պահանջէ, որ Հայաստան Ատրպէյճանի միջանցք տայ Հայաստանի տարածքով, ինչո՞ւ Փաշինեան չի պահանջեր, որ Ատրպէյճան նման միջանցք տայ Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի տարածքով: Երբ կը սկսիս յանձնուիլ բռնակալի պահանջներուն, ապա անվերջ կ՛ըլլան այլ պահանջներ: Ալիեւ երբեք չի բաւարարուիր Հայաստանի զիջումներով: Ընդհակառակն, ան կը քաջալերուի՝ պահանջելով շատ աւելի զիջումներ, մինչեւ որ Հայաստանէն ոչինչ մնայ:

Ի վերջոյ, Փաշինեան չըսաւ, թէ ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ եւ երբ Հայաստանի քաղաքացիները հանրաքուէի միջոցով մերժեն նոր Սահմանադրութիւնը: Արդեօք Փաշինեան կը կիրարկէ՞ վախցնելու իր նախասիրած մարտավարութիւնը՝ նախզգուշացնելով, որ եթէ ժողովուրդը հաւանութիւն չտայ Սահմանադրութեան, Ալիեւ նոր պատերազմ կը սկսի Հայաստանի դէմ:

Ալիեւի պահանջով Փաշինեանի կողմէ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հեռանկարը կ՛աւելցնէ կարեւոր պատճառ մը եւս, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը պէտք է ամէն ինչ ընէ՝ հնարաւորինս շուտ իրմէ ազատելու համար: Հայաստան նոր Սահմանադրութեան կարիք չունի. Հայաստան նոր, ձեռնհաս ղեկավարի կարիք ունի:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles