Հայաստանը Կրօնապետական Հանրապետութիւն Չէ

1 1
Read Time:3 Minute, 17 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ծնունդը յիշատակելու Մայիսեան այս օրերուն, փոխանակ խունկ ու մոմ վառելու մեր առաջին անկախութիւնը կերտող հերոսներու շիրիմին, այցելելու Սարդարապատի յուշահամալիրը եւ նշելու այդ աննման սերունդին յաղթանակի փառաւոր սխրանքը, դարձեալ ինկած ենք Բիւզանդական շինծու վէճերու ոլորապտոյտին մէջ, թակարդուած ենք վիճաբանութիւններով, որոնք կրնան շատ աւելի ծանր  հարուած հասցնել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին, արագացնել մեր դէպի անդունդ երթը:

Առաջին անգամը չէ, ո՛չ ալ միակն ենք, երբ ահազանգ կը հնչեցնենք, թէ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումը հետեւողականօրէն հակաքարոզչական «ռմբակոծում»-ի տակ կը գտնուի, սնանկներ կը ստուարացնեն խեղաթիւրման արշաւները, սնանկաբանութիւններն ու զրպարտութիւնները:

Ներկայ իշխանութիւնները, անոնց հլու կամակատարներն ու անհաշիւ գումարներ մսխող մատակարարները գործի լծուած են ու կը քարկոծեն Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը եւ անոր առաջնորդած շարժումը:

Սնանկներուն տրամաբանութեան նշաձողը այնքա՛ն մը վար ինկած է ու գրեթէ անգործածելի դարձած, որ դժուար է իրարմէ զանազանել հինգերորդ շարասիւնն ու հայրենիքի ողնասիւնը:

Չենք խօսիր անձնական վիրաւորանքներու եւ զրպարտութիւններու մասին, այլ պահ մը կանգ կ’առնենք կրօնական անհիմն ու անհեթեթ պատմութիւններու վրայ, որոնք տարածողները յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծելով եւ մութ հաշիւներ հետապնդելով՝ կը փորձեն նսեմացնել Սրբազանին սրբազան տիպարը:

Նոյնիսկ բաղդատականներ կ՛ըլլան այլ երկիրներու կրօնապետական (theocracy) ղեկավարներու հետ, աւելի եւս թունաւորելով այն մթնոլորտը, որուն մէջ Սրբազանն ու կողքին պայքարողները կ’աշխատին պահպանել մեր ազգային շահերն ու ապահովութիւնը, այլ խօսքով՝ հայրենիքին տէր կանգնելու շարժումը:

Ասիկա Սրբազանին անձնական ու ինքնագլուխ շարժումը չէ, ո՛չ ալ Սրբազանին անհատական պայքարը, մասնակի հաշիւներու հետամտութիւնը, այլ սրբազան շարժում մըն է, սրբազան պայքար մը, եւ, ինչպէս կը նշուի՝ ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ:

Նոյնիսկ, Սրբազանին համակիրներուն համար յստակ պէտք է ըլլայ, թէ Հայաստանը քաղաքային հանրապետութիւն մըն է, ո՛չ կրօնապետութիւն: Այս շարժումին մէջ, Հայաստանը կրօնապետութեան տանող երեւոյթներ տեսնողները ըստ էութեան չեն գիտեր, թէ կրօնապետութիւնը ի՛նչ է: Անոնք պէտք է յիշեն, որ Հայաստան խորհրդարանական հիմերու վրայ հաստատուած պետութիւն մըն է, ուր վարչապետը կոչուած է իսկական ժողովրդավարութեամբ եւ թափանցիկութեամբ ղեկավարելու երկիրը: Անշուշտ, այսօր   փաստերը ցոյց կու տան, թէ ասոր հակապատկերն է ներկայ վարչապետը:

Տեղին է հարց տալ, թէ կրօնաւոր մը ինչպէ՞ս ստանձնած է ընդդիմադիր ճակատին ղեկը: Բագրատ Սրբազանը փորձառութիւն ձեռք բերած է զանազան գաղութներու մէջ գործելով, ունի լայն պատրաստութիւն, այսինքն՝ միայն կրօնական ուսում չէ ստացած, ունի նաեւ լայն ծանօթութիւններ եւ ճանաչողութիւն. նոյնքան կարեւոր է այն, որ իր վերաբերմունքը կը ներգրաւէ հայորդին: Նոյնիսկ հազարաւոր ոստիկաններ դժուարութիւն կ՛ունենան կասեցնելու «քարիզմա» ստեղծած այս Սրբազանը, որ պարզ բառերով եւ ամենայն հանդարտութեամբ կ՛արտայայտուի, կը պատմէ եւ կը զեկուցէ, կը համոզէ իր ճամբան փակել փորձողները…:

Խորքին մէջ, Հայաստանի ոստիկանական հանրապետութեան վերածողներուն դէմ է, որ սրբազան պայքար կը մղէ Սրբազանը, եւ ո՛չ թէ՝ Հայաստանի մէջ կրօնապետութիւն հաստատելու նպատակով: Կրօնապետութեան տարրերէն մէկն է, օրինակի համար, կրօնական որոշ վարդապետութեան մը օրէնքներով առաջնորդուիլը եւ կրօնաւորներէ բաղկացած վարչամեքենայի մը գործունէութիւնը, իսկ մենք որեւէ նման դիտաւորութիւն չենք լսած եւ ո՛չ ալ պիտի լսենք Բագրատ Սրբազանէն ու անոր գործակիցներէն: Իսկ եթէ վաղը ան ընդունուի իբրեւ վարչապետի թեկնածու ու կազմէ փոխանցման կառավարութիւն մը, անոր մէջ որեւէ անբնական բան պէտք չէ տեսնել, որովհետեւ ոեւէ քաղաքացիի պէս, կրօնաւորն ալ ունի քաղաքացիական պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ: Երբ Մակարիոս արքեպիսկոպոս մը ատենին դարձաւ Կիպրոսի նախագահ, Կիպրոսի մէջ կրօնապետութիւն չհաստատուեցաւ…

Չեն սխալիր անոնք, որոնք Բագրատ Սրբազանին գործելաձեւն ու օգտագործած բառամթերքը քրիստոնէական եւ քրիստոնէավայել կը տեսնեն: Ան սէր ու հանդուրժողութիւն, համերաշխութիւն եւ հայրենասիրութիւն կը քարոզէ: Քարոզը սահմանափակ հասկացութիւն չէ եւ ի վերջոյ, եկեղեցւոյ սպասարկու է ամէն բանէ առաջ, հետեւաբար, գործելաձեւն ալ տարբեր չի կրնար ըլլալ: Այս բոլորէն անդին, սակայն, ինքն ալ քաջ գիտէ, եւ բոլորէն աւելի՝ թէ ի՛նչ է կրօնապետութիւնը, աւելի՛ն, գիտէ, որ կրօնապետական հիմերու վրայ չի կրնար գործել եւ պէտք չէ գործէ… իր հայրենիքը, մե՛ր հայրենիքը:

…Մեր պատմութիւնը կը վկայէ, որ ո՛չ հեռաւոր, ո՛չ ալ մօտիկ անցեալին կրօնապետութիւն չենք ունեցած մեր հայրենիքին մէջ: Կրօնապետութիւն չէին իրերայաջորդ թագաւորական հարստութիւնները (Հայաստան ու Կիլիկիա), կրօնապետական չէր անդրանիկ հանրապետութիւնը, որ Սարդարապատէն ծնունդ առաւ 106 տարի առաջ, ֆետայիին, զինուորին, քաղաքայինին ու կրօնաւորին միացեալ պայքարով: Թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր, մեր եկեղեցւոյ սպասարկողները մասնակից եղած են մեր հայրենքին, մշակոյթին եւ ժառանգութիւններուն կերտումին, մասնակից են մանաւանդ մեր Դատին հետապնդման: Այսօր ու վաղն ալ տարբեր պիտի չըլլայ, որովհետեւ  մեր եկեղեցին կը զատորոշուի այլ եկեղեցիներէ եւ կը կոչուի ԱԶԳԱՅԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ:

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles