ՊԱՅՏԸՆԻ ՈՒՇԱՑԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

0 0
Read Time:6 Minute, 18 Second

 

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

21 Յուլիս 2024

Կիրակի, 21 Յուլիսը հանգիստի օր մըն էր, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տակն ու վրայ ըրաւ մարդոց, յատկապէս քաղաքական ու մամուլի կալուածներուն մէջ գործողներուն (կէս)հանգիստը, երբ կէսօրին հրապարակեց որոշում մը, թէ՝ դուրս կու գայ նախագահական ընտրապայքարէն:

Պայտընի որոշումը խորքին մէջ անակնկալ մը չէր՝ հակառակ կարգ մը տեսնուած իրականութիւններու: Կարելի է մինչեւ իսկ ըսել, որ անիկա ուշացած որոշում մըն էր, ո՛չ միայն անոր համար, որ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ ձախաւեր ճակատում մը ունեցած էր հանրապետական մրցակիցին՝ Տանըլտ Թրամփի հետ, ընտրապայքարի ծիրին մէջ պատկերասփռուած առաջին բանավէճին (մինչդեռ որքա՜ն դիւրին պիտի ըլլար փոշիացնել յանցապարտ մրցակիցը), այլ նաեւ անոր համար, որ անոր մտային կարողութիւնները նահանջի բացայայտ նշաններ ցոյց կու տային վերջին ամիսներուն (քիչ մըն ալ աւելի): Հրապարակային խօսքերու պահուն կը կմկմար, խօսքին թելը կը կորսնցնէր, անուններ կը շփոթէր, տարօրինակ շարժումներ կ’ընէր եւ, մէկ խօսքով, ի յայտ կը բերէր տարիքին պարտադրած որոշ վիճակներ (81 տարեկան է, թէեւ տարիքին թիւը ինքնին ցուցանիշ չէ, իրմէ աւելի երէցներ շատ աւելի հաւասարակռուած կ’ըլլան, իսկ ուրիշներ աւելի կանուխ կը կորսնցնեն ատակութիւնը):

Ընտրապայքարէն դուրս գալու Պայտընի որոշումը անակնկալ էր միայն այն անկիւնէն, որ նախօրեակին, եւ հակառակ Պսակաւոր ախտէ վարակուած ըլլալու լուրերուն, ան վճռած էր շուտով վերադառնալ մրցադաշտ (Ողիմպիականներուն զուգահեռ…): Ըստ ամենայնի՝ անակնկալ չէր, որովհետեւ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը ահազանգի մատնուած էր վերջին շաբաթներուն, մասնաւորաբար յիշեալ հրապարակային բանավէճէն ետք, եւ օր ըստ օրէ կ’աւելնար թիւը այն խորհրդարանականներուն, ազդեցիկ դէմքերու (Օպամա, Փըլոսի…) եւ համակիրներու, որոնք կը պահանջէին վերջ տալ ընտրապայքարին: Կարելի չէր անտեսել մանաւանդ… նուիրատուները, որոնք կը սպառնային դադրեցնել իրենց նիւթական աջակցութիւնը, եթէ Պայտըն յամառէր մնալ մրցավազքին մէջ (ո՞վ չի գիտեր, թէ ի՞նչ ակնկալութիւններով ինչպիսի՜ հսկայական գումարներ կը նետուին ընտական գանձանակներու մէջ, ի նպաստ այս կամ այն թեկնածուին: Պայտընի որոշումը մտրակահարեց «Թրամփին պիտի յաղթենք»-ի «հանգանակային» արշաւը: Նախագահական աթոռը երկար ատենէ ի վեր դարձած է… աճուրդի ապրանք):

Անակնկալ չէր նաեւ այլ կեցուածք մը. Պայտըն բացայայտեց, որ ընտրապայքարի դրօշը կը փոխանցէ իր փոխ նախագահին՝ Քամալա Հէրիսի (նոյնը պատահած էր անուղղակի կերպով՝ աւելի քան չորս տարի առաջ, երբ Պարաք Օպամային յաջորդած Թրամփի դէմ ընտրապայքարի մտած էր Օպամայի փոխ նախագահը՝ նոյնինքն Պայտըն, եւ շահած էր):

Պայտընի ուշացած բայց սպասելի որոշումը ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ կը ստեղծէ Դեմոկրատ կուսակցութեան համար, որ հիմա համեմատաբար կարճ ժամանակ ունի վառելանիւթ ապահովելու յաջորդ յաւակնորդի ընտրապայքարին: Ընտրութիւնները Նոյեմբերի սկիզբին են: Եթէ Հէրիսի թեկնածութիւնը ցուցանիշ է, որ դեմոկրատները արդէն ատենէ մը ի վեր սկսած էին «ճաշը պատրաստել», (վաղը այս «ուշացում»-ը կրնայ դիտուիլ իբրեւ մարտավարական քայլ), պաշտօնական գործը կը պահանջէ ճիգերու լարում: Կուսակցութեան համագումարը, ուր կ’որոշուի թեկնածուն (նաեւ փոխ նախագահութեան թեկնածուն) հազիւ ամիս մը հեռու է: Դեմոկրատները չեն կրնար անտեսել, որ Թրամփ, հակառակ իբրեւ անուղղայ յանցապարտ դատապարտուած ըլլալուն եւ ընտրապայքարը յերիւրանքներով սնուցանելու իր խաղքութիւններուն, վերջերս յառաջ ինկած է մրցավազքին մէջ, ապահոված է Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուի տոմսը: (Անշուշտ կան ողբացողներ, թէ մրցակից կուսակցութիւններուն սնանկութիւնը ո՛ւր հասած է…): Աւելին, մօտաւորապէս 10 օր առաջ անոր ականջին հասած փամփուշտ մը յաւելեալ վառելանիւթ ներարկեց անոր շոգեկառքին:

Այս ու նման գործօններ ԵՐԵՒՑՈՂ տարրերն են ընտրապայքարին, եթէ պահ մը մոռնանք, որ իսկական ընտրապայքարը – նաեւ երկու մրցակից կուսակցութեանց վառելանիւթ հասցնողները – կը գործեն ստուերի մէջ, ունին իրենց շահերու հաշուեցոյցերը, որոնք հաւասարապէս կը դրուին թեկնածուներուն առջեւ, եւ իսկական մրցակցութիւնը տեղի կ’ունենայ վարագոյրներու ետին…

***

Պայտընի որոշումը լայն բացաւ մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու դուռները: Առաջին նկատողութիւններէն մէկը այն էր, որ արդէն իսկ որոշ անկարողութիւն ցուցադրող Պայտըն հիմա պաշտօնապէս կը վերածուի «կաղ» նախագահի մը, որ ունի պաշտօնավարութեան 6 ամիսներու շրջան մը:

Բացուեցան ու բաց պիտի մնան այլ մեկնաբանութիւններու եւ գնահատականներու դուռներ: Ոմանք արդէն իսկ Պայտընի մասին կը խօսին այնպիսի տրամաբանութեամբ մը, որ ան կարծէք թէ անցած է պատմութեան: Վեր-վար կ’ընեն թէ ան ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ պաշտօնավարեց. համաճարակ, պատերազմներ (գլխաւորաբար Ուքրայինա եւ Կազա), Աֆղանիստանէն քաշուիլ, Եւրոպայի վրայ տիրակալութեան ծանրացում, տնտեսութեան յանձանձում, երկրի որոշ կալուածներու բարեշրջման ճիգ (ուսանողներու պարտքեր, ներգաղթողներ, ենթակառոյց եւ այլն): Յստակ է սակայն, որ այս բոլորին շուրջ միակարծութիւն չկայ, ոմանք Պայտընը կը նկատեն յաջող նախագահ, իսկ ուրիշներ՝ ձախողութիւնները կը յիշատակեն: Վերջինին՝ ձախողութիւններու ցանկին գագաթը նստած է ամերիկացի ժողովուրդին բեւեռացման անփոփոխ (եթէ ո՛չ՝ աւելի խորացած) պատկերը: Իսկ թէ անոր մէջ ան ի՞նչ ժառանգած էր իր նախորդներէն, մասնաւորաբար Թրամփէն (եւ ո՛չ միայն անկէ), որ երկրորդ ընտրապայքարը կորսնցնելէ ետք, ներքին բախումներու մթոլորտ ստեղծած էր (յարձակումը խորհրդարանի շէնքին վրայ եւ այլ բաներ), յիշարժան այլ հարցեր են:

Վաղը, շատ աւելի լայն տարածք պիտի գտնեն այն մեկնաբանութիւններն ու նախատեսութիւնները, թէ Պայտընի յաջորդ դրօշակիրին (եթէ ան ըլլայ Հէրիսը) եւ Թրամփի միջեւ մրցակցութիւնը ի՞նչ ընթացք պիտի ստանայ: Նոր ախոյեանը պիտի յաջողի՞ զանգուածը համոզել, թէ Թրամփ ստախօս եւ խարդաւանանքներու վարպետ է, ինք կրնայ ո՛չ միայն անկէ աւելի լաւը ընել, այլ նաեւ շրջադարձ կատարել հոն, ուր Պայտըն ձախողեցաւ (աւելի ճիշդը՝ ձախողեցուեցաւ…): Թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին քաղաքական կալուածները պիտի բերուին լուսարձակներու տակ, «էսդի համեցէք»ի տրամաբանութեամբ պիտի գովերգուին թեկնածուներուն «բարեմասնութիւնները», մէկ խօսքով, ծայր պիտի առնէ… խօսքի նոր աճուրդ, ու զանգուածները այդքան ալ պիտի չապաւինին իրենց յիշողութեանց, հարց տալու, թէ թեկնածուներէն այս կամ միւսը ի՞նչ խոստումներով պիտի փորձէ համոզել զիրենք եւ տրուած խոստումներէն որքա՞նը պիտի իրականացուին (խոստում տալն ու անկէ ետդարձ ընելը, հակառակ ուղղութեամբ շարժիլը միայն Հայաստանի վարչախումբին առանձնայատկութիւնը չէ, թէեւ մեր պարագային խոստմնադրուժութիւնը աղէտներու կը հասցնէ երկիրն ու ազգը):

***

Լայն պիտի բացուին նաեւ ընտրապայքարի մասին միջազգային հաշուարկներու սակարանները: Պայտըն հռչակուած է իբրեւ Ուքրայինայի պատերազմին գլխաւոր հովանաւորը եւ Ռուսիոյ դէմ աւելի քան երկուք ու կէս տարիէ ի վեր շարունակուղ պատերազմին  զինամատակարարման մղիչ ուժը, մինչդեռ Թրամփ կը խոստանայ, ընտրուելու պարագային, կարճ ժամանակի մէջ վերջ տալ պատերազմին (ինչպէ՞ս-ը ունի մեծ հարցականներ): Նման խոստում որքա՞ն հաճելի է «պատերազմի ճարտարարուեստ»-էն օգտուողներուն, եւ հարցը միայն զէնքերու եւ զինական օժանդակութեան երեսը չէ, կան քողարկեալ այլ շահեր:

Յամենայն դէպս, եւրոպացիք արդէն իսկ սկսած են զգալ պատերազմին տնտեսական-ընկերային խայթոցները, հակառակ անոր որ իրենց ղեկավարներէն շատեր կը մնան պատանդ՝ «պատերազմի ճարտարարուեստ»ի վարիչներուն:

Նմանապէս հարցականներու եւ տարածուն մեկնաբանութիւններու նիւթ են Իսրայէլին տրամադրուած օժանդակութիւնները, որոնք պաղեստինցիներուն դէմ բացայայտ ջարդերու եւ Կազայի քանդումին վառելանիւթ են: Լիբանանցիք, Իրան, Չինաստան, Հնդկաստան, Ռուսիա, ափրիկեան եւ միջին արեւելեան ու Ծայրագոյն Արեւելքի այլ երկիրներ-գօտիներ իրենց շահերուն հաշուարկներով պիտի հետեւին ընտրապայքարի յաջորդ եւ վճռական փուլին, առանց անտեսելու եւ արհամարհելու այն պարզ ճշմարտութիւնը, թէ գերպետութեան մը կամ որոշ հեղինակութիւն ստեղծած երկիրներու քաղաքական կողմնացոյցին սլաքը ամբողջովին կախեալ չէ այս կամ այն ԱՆՀԱՏին ընտրութենէն:

***

Մեզի՝ հայերուս համար ալ, ընտրապայքարի յաջորդ փուլը եւ Պայտընի ժառանգութիւնը ունին հեաքրքրական երեսներ, ու Երեւանի – եւ յարակից – մամուլը արդէն իսկ լծուած է նախատեսութիւններու եւ վերլուծումներու (յաճախ մոռնալով, որ, կրկնենք՝  անհատներու փոխարինումը անպայման շրջադարձային գործօն մը չէ):

Մեր հարցերուն պրիսմակը բաւական գունաւոր է. Պայտըն եղաւ Միացեալ Նահանգներու այն նախագահը, որ (Հայաստանի վերանկախացումնէ ետք) առաջին անգամ ըլլալով ճանաչում տուաւ Ցեղասպանութեան: Եթէ այդ որոշումը, որ յաջորդած էր ամերիկեան խորհրդարանի երկու Տուներուն կողմէ որդեգրուած՝ ճանաչումի բանաձեւերուն՝ դրական զարգացում մըն էր, անկէ ետք, ու մասնաւորաբար վերջին երկու-երեք տարիներուն, յստակ է, որ մեր հարցերուն նկատմամբ Պայտըի Ուաշինկթընին կեցուածքն ու ընթացքը նոյնքան բարենպաստ չեն: Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի (ու անոր ետին կանգնող Թուրքիոյ) բացայայտ թշնամութիւնը, իրագործած նոր ցեղասպանութիւնը՝ ըստ էութեան կրաւորականութեամբ, առաւելաբար «խօսքի փիլաւ»ներով դիմաւորուած է Ուաշինկթընի կողմէ, մօտաւորապէս այնպէս՝ ինչպէս կ’ըլլայ պաղեստինցիները ջարդող ու Կազան քար ու քանդ ընող (առանց մոռնալու Արեւմտեան ափէն կտոր-կտոր հող խլող) իսրայէլեան վարչախումբին պարագային: Տարուէ տարի աւելի՛ բացայայտ կը դառնայ, որ Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան (եւ ընդհանրապէս արեւմտեան) նպաստներն ու զօրակցութիւնը ունին մէկ գլխաւոր մտասեւեռում՝ Հայաստանը (եւ ընդհանրապէս Կովկասը) վերածել Ռուսիոյ դէմ ճակատումի դաշտի (հոս չքննարկենք, թէ Երեւանի վարչախումբը ի՞նչ դերակատարութիւն ունի, կամ այն՝ որ Ռուսիոյ կեցուածքները ինչպիսի՞ մղումներէ կը տարուին): Եթէ կ’անտեսուին թուրք-ազերիին բռնատիրական եւ ցեղասպանական վարմունքը, «քաղաքականութիւնը,» նոյնքան մը ալ կ’անտեսուին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պահպանման կորուստները:

Այս դիտանկիւնէն ալ, Միացեալ Նահանգներու ընտրապայքարի յաջորդ փուլն ու անոր հաւանական արդիւնքները պէտք է դիտել քաղաքական այն տրամաբանութեամբ, որ «գլուխդ սեփական եղունգով պէտք է քերես», այսինքն՝ սկսիլ վերականգնել այն փոքր ու մեծ խաղաթուղթերը, որոնք հիմ պիտի ծառայեն մեր հարցերուն լուծման, մեզ դուրս պիտի բերեն կրաւորական վիճակէ եւ պիտի իրականացնեն ԻՐԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ:

 

 

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՊԱՅՏԸՆԻ ՈՒՇԱՑԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles