Հ.Օ.Մ.-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ 103-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:37 Second

ՊԸՐԼԻՆԿԹԸՆ (Վըրմոնթ)․- Չորեքշաբթի, Յուլիս 17-ին, մեկնարկը տրուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանի 103-րդ Պարգամաւորական Ժողովին, որ տեւեց մինչեւ Շաբաթ, Յուլիս 20։ Առաջին անգամ ըլլալով Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ Վըրմոնթի մէջ, կազմակերպութեամբ նորակազմ «Նուռ» մասնաճիւղին։

Քսան մասնաճիւղեր  մասնակցեցան այս ժողովին։

Հիւրերու շարքին, ներկայ էին Անի Չաղլասեան (Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Կեդրոնական Կոմիտէ) եւ Իրմա Գասապեան (Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւն)։ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը ներկայացուց Արժ․ Տ․ Ստեփան Քհնյ․ Պալճեան։

Յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ վարիչ տնօրէն Վարդուհի Չիլոյեանին, որ 25 տարիէ ի վեր անաչառօրէն կը կատարէ իր պաշտօնը։

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային Վարչութիւն մը, որուն անդամներն են․- Քարոլին Շմաւոնեան, Սեդա Աղամեանց-Խալիկեան, Մարկըրէթ Պապիկեան, Մէյրի Անտոնեան, Թամիցա Տագէսեան, Անուշ Բաղրամեան եւ Լիզա Պուրուճեան։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles