Խմբագրական
Յուլիս 20, 1984
Թուրք թերթերու վերջին երկու ամիսներու թիւերուն հետեւող ոեւէ անձ, երբ կը կարդայ այսպէ՜ս կոչուած «հայկական ահաբեկչութեան» մասին մէկուն ու միւսին կողմէ գրի առնուած… վերլուծական եւ մեկնաբանական յօդուածներ, չի կրնար չխղճալ դատումի եւ վճռահատումի այն անպատասխանատու, անհեթեթ եւ ծիծաղելի կերպին վրայ՝ որուն մատնուած են այդ երկրի պետական շրջանակներն ու անոնց շուրջ դեգերող կարգ մը «փրոֆեսորներ», մէկ կողմէ հերքելո՜ւ համար 1915-ի Ցեղասպանութիւնը ու միւս կողմէ լուծելու համար գաղտնիքը այդ «ահաբեկչական» արարքներու ինքնութեան, զանոնք «հովանաւորող ուժերու եւ պետութեանց…»։
Անոնցմէ մէկուն պիտի անդրադառնանք այսօր, օգտուելով Պոլսոյ «Թերճիւման» օրաթերթէն՝ ուր «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՐ ՍԽԱԼՆԵՐԸ» խորագրին տակ ակնարկ մը ունի փրոֆ. Ֆահրի Արմաօղլու, շատերէն մէկը գիտոստիկ ակադեմականներէն։
Նկատելով, որ Թեհրանի մէջ ահաբեկումի ենթարկուած թուրք դիւանագէտի մը դէմ հայ մարտիկներու յարձակումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Թուրկուտ Էօզալի Թեհրան ժամանումէն «քանի մը ժամ առաջ», փրոֆեսորը կը յայտնէ որ «հայ ահաբեկիչները բացէ ի բաց մարտահրաւէր կարդացած եղան Թուրքիոյ. ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլեւ Իրանի՝ նկատելով որ իրանեան իշխանութիւնները տակաւին չեն կրցած երեւան հանել 1984-ի Մարտ 29-ին գործուած ահաբեկչութեան հեղինակները, որոնք ազատ համարձակ կր շրջին Թեհրանի փողոցներուն մէջ…»։
Յօդուածագիրը կը մեղադրէ թուրք իշխանութիւնները որ «ազդու եւ գործօն ուղիի մը չեն հետեւիր հայկական ահաբեկչութեան դէմ» ու սխալ կը գտնէ Անգարայի մէջ կազմակերպուած սիմփոզիումներով թուրք հանրային կարծիքը լուսաբանելու փորձերը, դիտել տալով որ «հրաւիրուած ամերիկացի եւ օտար դասախօսները Թուրքիոյ մէջ պատգամներ կþարձակեն, սակայն իրենց երկիրներուն մէջ քաջութիւնը չունին Հայերու դէմ երկու տող բան գրելու։ Աւելի՛ն,- սեմինարներէն մէկուն ներկայ ամերիկացի դասախօս մը պատճառ եղաւ, որ անտեղիօրէն վիրաւորե՛նք Սովետները եւ անոնք Հայաստանի հոգեւոր առաջնորդը Ֆրանսա ղրկեն յուշարձանի մը բացման առթիւ…»։
Հասկնալի է, անշուշտ, որ ակնարկութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի մասին է։
Եթէ այս կարգի տղայական ու ծիծաղելի վերագրումներ, մեկնաբանութեա՜ն անունով բանաձեւուած վճռաշեշտ հետեւութիւններ թուրք թերթերու հասարակ լրատուներէն մէկը մրոտած ըլլար, կրնայինք բնական նկատել թէ՛ Սովետ իշխանութիւններու «վիրաւորանք»-ը, թէ՛ այն գուշակութիւնը՝ որ Մոսկուայի կարգադրութեամբ Փարիզ մեկնած է Վեհ. Վազգէն Կաթողիկոս…
Պարագան կը տարբերի, երբ «փրոֆեսոր» մը նման եզրակացութեան կը յանգի, գիւտ մը ըրած կամ գաղտնիք մը լուծած մարդու հեղինակութեամբ։
Չբաւէ՜ր կարծես այդ «գիւտը», Ֆահրի Արմաօղլու կը փութայ թուրք պետութեան անճարակութիւնը մեղադրել, երբ կը շարունակէ յայտնել որ «հայկական ահաբեկչութիւնը սկսած է օղակի մէջ առնել Թուրքիան։ Արդարեւ «կը գրէ ան», հայ հրոսակներու գլխաւոր պաշտպանը դարձած է Յունաստան՝ որ ուրախութենէն օդը կը ցատկէ, երբ Հայերը ոճիր մը կը գործեն։ Բնաջնջուած չեն նաեւ Սուրիոյ եւ սուրիական հակակշռի տակ գտնուող Լիբանանի հայկական ճամբարները։ Տարբեր չէ նաեւ հարաւ. Կիպրոսի վերաբերումը։ Հիմա ալ Իրանի մէջ սկսան բեմ ելլել Հայերը։ Չզարմանաք, եթէ վաղն ալ Իրաքի նման դէպքեր ծայր տան…»։
Խուժանավարութիւններ կան, որոնք կը յաջողին։ Թուրքիա տաղանդաւոր խառնակիչներ ունեցած է միշտ։ Սակայն այս մէկը, այն ալ «փրոֆեսո՜ր», ըստ երեւոյթին անոնցմէ է՝ որոնք ծիծաղելիին զգացումը չունին։
Փրոֆ. Արմաօղլու բարկացած է Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան՝ որ կը վարանի դիւանագիտական իր յարաբերութիւնները խզել Ֆրանսայի հետ, որ իր բառերով, «հայկական ահաբեկչութեան ընդհանուր պաշտպանն է» եղեր…։ Բայց այս տպաւորութիւնը այդքան ճնշի՞չ է իրեն համար՝ որ ափեղ-ցփեղութիւններու հեղեղով մը կը փորձէ իր կառավարութիւնը սխալական եւ դատապարտելի ցոյց տալ։ Եթէ ուսուցչապետերը այսպէ՜ս են, հապա ի՞նչ ըսել աշակերտներուն եւ ուսանողներուն…։