Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տէր Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան այս տարի եւս հրաւիրուեցաւ Լիզպոնի Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի նախագահի Անթոնիօ Ֆուժոյի կողմէ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի նուիրուած յիշատակութեան արարողութեան մասնակցելու։
Յուլիս 18-ի առաւօտեան Խաժակ Սրբազան առիթ ունեցաւ հանդիպելու հիմնադրամի նախագահի, խնամակալներու խորհուրդի մշտական անդամ Մարթին Եսայեանի եւ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։ Սրբազանը այցելեց Հիմնարկութեան Արուեստի գրադարանի ճեմասրահին մէջ կազմակերպուած “Հայերը եւ Երուսաղէմը” ցուցահանդէսին։ Նոյն օրը կէսօրին Igreja de Nossa Senhora do Rosario de Fatima եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն նուիրուած Գալուստ Կիւլպէնկեանին, որու աւարտին Սրբազանը հանդէս եկաւ ելոյթով։
Տ․ Խաժակ Սրբազան պատմական անդրադարձ կատարեց հայերու ներկայութեան Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, նշելով որ ան հայկական ամենահին համայնքն է հայրենի երկիրէն դուրս։
Ան յայտնեց, որ Երուսաղէմի հայոց Սուրբ Յակոբեանց հնագոյն վանքի գլխաւոր խորանի վրայ կայ արձանագրութիւն, որ իւրաքանչիւր պատարագիչի կը յիշեցնէ աղօթել Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի եւ անոր ընտանիքի բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար։ Սրբազան Հայրը եւս կատարեց այդ պատգամը՝ երբ այս տարի առիթ ունեցավ այնտեղ մատուցելու Զատիկի Սուրբ Պատարագը։
Սրբազանը ներկաներուն պատմեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հանդէպ Կիւլպէնկեան ընտանիքի բարեգործական գործունէութեան մասին՝ 19-րդ դարէն սկսեալ․ հաստատեց, որ այդ կապը աւելի ամրապնդուած է ի շնորհիւ ննջեցեալի անձնական եզակի նուիրուածութեան քաղաքին, որ արմատացած էր իր հայկական ինքնութեան եւ հաւատքի մէջ։
Տ․ Խաժակ Սրբազան ողջունեց այս տարուան Յունիսի 20-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի Արուեստի գրադարանի ճեմասրահին մէջ «Հայերն ու Երուսաղէմը» խորագիրով ցուցահանդէսի բացումը, որու ընթացքին ոչ միայն ներկայացուած էր Սուրբ Երկրի հայ համայնքի դարաւոր պատմութիւնը, այլ նաեւ նոր արխիւային փաստաթուղթերու շնորհիւ կը բացայայտուէին մեծ բարերարի Սուրբ քաղաքի հետ խոր կապերը։ Ան աւարտեց խօսքը այն համոզմամբ, որ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի եւ անոր ընտանիքի հանգուցեալ անդամներու յիշատակը միշտ կը յարգուի Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց վանքի խորանին։