«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Այս տարուան 21 Յունիսը միայն ամրան առաջին ու տարուան ամենաերկար օրը ըլլալու հանգամանքով չյիշատակուեցաւ, այլ հայորդիին համար ստացաւ աշխարհաքաղաքական իմաստ:
Արդարեւ, այդ օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յայտարարութիւն մը լոյս ընծայելով՝ պաշտօնապէս ճանչցաւ Պաղեստինի պետութիւնը։
Անվարան կրնանք ըսել, թէ սա ճիշդ որոշում մըն էր, որովհետեւ Հայաստան այս քայլով կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդին ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ արդար իրաւունքին կողքին: Եւ զարմանալի չէ, որ լուրը մեծ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ միջազգային բեմին վրայ: Ներազգային իմաստով, այս որոշումին կարելի էր երկար անդրադառնալ: Սակայն ինչ-ինչ պատճառներով, անիկա սպասուած հետաքրքրութիւնը չստեղծեց, բաղդատած միջազգային հարթակէն ներս ստեղծած արձագանգին: Նկատի ունինք նաեւ Իսրայէլի ջղագրգիռ հակազդեցութիւնը։
Դժբախտաբար, քաղաքականացումի ճամբուն մէջ դանդաղող ու յաճախ նահանջ կատարող հայորդիին համար, յայտապէս կենսական ու հետաքրքրական չեն նման քաղաքական հազուադէպ որոշումներ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այդ անհասկնալի, անտանելի եւ դժնդակ վիճակը, որ հետեւանք է երկրէն ներս տիրող ներկայ յորձանուտին:
Կրկնենք ու վերահաստատենք, որ այս ողջունելի որոշումը կարելի չէ քննադատել։ Սակայն գոյութիւն ունի կարեւոր ԲԱՅՑ մը․․․ Աւելի ճիշդը՝ ԲԱՑ մը, որ հայելին է Երեւանի դիւանագիտական ոլորտը վարողներուն անփորձութեան եւ անճարակութեան։
Ինչո՞ւ:
Փաստօրէն, Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ իր յայտարարութեան մէջ, պաղեստինցի ժողովուրդին շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու կողքին, որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ ու վերստին բեմահարթակ չբարձրացուց Արցախի հիմնահարցն ու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, ձգտումը։
Ճի՛շդ է. Պաղեստինի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենայ, եւ ո՛չ միայն պատերազմի նորագոյն փուլին պայթումէն (անցեալ Հոկտեմբերին) ի վեր: Եւ ճի՛շդ հոս է որ մեր դիմաց կը ցցուի ԲԱՅՑ-ը, որովհետեւ անցեալ Սեպտեմբերին իրականացած՝ Արցախի հայաթափումէն շա՜տ առաջ, հայրենիքի այդ մարզը գրեթէ տարի մը շրջափակուած էր, հոն այլ տեսակի ցեղասպանութիւն՝ ցեղային զտում տեղի ունեցաւ։
Հոս ալ Հայաստան նշաձողը չկրցաւ բարձրացնել եւ ոսկի առիթը օգտագործել՝ պատշաճ ձեւով ներկայացնելու Արցախի հիմնահարցը։ Զարմանալի՞ է: Հաւանաբար Երեւան չուզեց նշաձողը բարձրացնել, որովհետեւ Արցախի հայաթափումէն ասդին, օր ըստ օրէ աւելի հնչեղ կը դառնայ ներկայ իշխանութիւններուն հետզհետէ խորացող ատելութիւնը՝ Հայաստան տեղահանուած արցախահայութեան հանդէպ, նաեւ բացայայտ ճիգը՝ այդ զգացումը վարակիչ դարձնելու համար: Այլեւս տրամաբանութիւնը այն չէ, թէ «Արցախի բեռը իջեցնենք մեր ուսերէն», այլ հիմա կ’ընեն ամէն բան, որպէսզի արցախցիք դիտուին իբրեւ «եկուոր» ու մղուին Հայաստանէն հեռանալու։
Նորագոյն փաստը արձանագրուեցաւ, երբ արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած յայտարարութեան նախօրեակին, ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայիններ, սահմանազատման ճակատներէն շա՜տ հեռու, Երեւանի մէջ խորտակեցին Արցախի ներկայացուցչութեան դարպասներն ու գրաւեցին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի ծառայողական ինքնաշարժը: Նման կացութեան դիմաց, Հ․Հ․-ի հո՞գն էր արցախահայութեան ինքնորոշման հարցը պատշաճօրէն արծարծելը։ Հապա Ալիեւ ի՞նչ սաստ պիտի ուղղէր իրենց: Կասկածէ վեր է, որ Ալիեւները հրճուանքով կը դիտեն արցախցիներու դէմ նման բռնարարքները, մինչ ինք դատավարութիւններ կը բեմադրէ արցախէն առեւանգուած պետական եւ զինուորական անձնաւորութիւններու դէմ…
Նայի՛նք քիչ մը աւելի հեռուն: Սփիւռքահայութեան հին օճախներէն՝ պատմական քաղաք Երուսաղէմի հայութեան մասին ո՛չ մէկ յիշատակելի խօսք։ Հոն՝ ուր Պատրիարքարանին պատկանող հայապատկան կալուած կը բռնագրաւուի: Հաւանաբար կը մտածեն, որ ատիկա եւս սփիւռքահայերու պատասխանատուութիւնն է, ինչպէս՝ Հայ Դատը, մեր պատմական հողերուն եւ անտեսուած իրաւունքներուն հետապնդումը: Հիմա, նորաձեւութիւնը՝ «նոր եւ իրական Հայաստան»ի… «տեսութիւն»ն է, նոր եւ ազերիահաճոյ սահմանադրութեան մը մշակումը, եւ սա «տեսութիւն» եզրին կու տայ նոր սահմանում, նոր իմաստ, կը սնանկացնէ իսկական իմաստը, ինչպէս որ կը փորձեն հայութեան իմացութենէն վանել իրական Հայաստանը…
Աւա՜ղ։ Ո՛չ տեսութիւն, ո՛չ ալ տեսողութիւն ունին ներկայ իշխանութիւնները, որոնք չեն գիտակցիր, թէ «Աւգեան ախոռ» մը ստեղծած են, այսինքն իրերու եւ երեւոյթներու լքեալ ու անտեսուած կացութիւն մը, որուն դարմանումը մինչեւ իսկ վեր է դիւցազնական Հերակլէսի կարողութենէն…։
Այս բոլորին դիմաց, կարելի չէ անտեսել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որ ողջունեց Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը, նշելով, որ Անգարա պիտի շարունակէ ջանք գործադրել, որպէսզի այլ երկիրներ եւս ճանչնան Պաղեստինը․․․: Հասկցողին շատ բարեւ. Երեւան հոս ալ յայտնապէս հլու կամակատարը դարձած է Թուրքիոյ, ա՛յն Թուրքիոյ, որ կը դրժէ Ցեղասպանութիւնը, կը մերժէ ընդունիլ հայութեան իրաւունքները, բացայայտ կը դարձնէ, թէ Ատրպէյճանի ձեռքերով պիտի փորձէ իրականացնել հայկական պետականութեան ջնջումը, մեր ա՛յն իրաւունքը, որ նման է… պաղեստինցիներուն իրաւունքին եւ որուն ճանաչումը արդարօրէն կատարեց Հայաստան: