Մայիս 28, 2024
Վախը ցունամիի ուժգնութեամբ իր ահեղ կազմին մէջ կլանած է ներկայ իշխանաւորները. եւ անոնք ամէն օր շատ աւելի անօրինական ու վայրագ, ճիփ ու ճիշդ անտառներէն փախած վայրի կենդանիներու նման, կը յարձակին չորս տարիէ՝ բռնատիրութեան ու սգաւորութեան մէջ տուայտող քաղաքացիներուն ու կազմակերպութիւններուն վրայ։
Ոստիկանական հսկայ ինքնաշարժներու շարքի փոխարէն՝ շոգեկառք մը վարձելու էին. երկաթուղագիծ չկա՞յ. հարց չէ, անոնք իրենց նպատակին հասնելու բոլոր հնարքները գիտեն։ Իսկ այդ նպատակը՝ օրէնք, սահման, մարդկայնութիւն չճանչնար։
Պայթա՜ծ է յեղափոխութիւնը։ Առաջին Քրիստոնեայ ազգին դաւանած Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի հաստատուի՛ Արդարութիւնը՝ հայ ժողովուրդի, Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն ներս։ Պիտի հեռանա՛ն ցնցոտի հոգիներով իշխանաւորները, պիտի սմքին անոնց թուլամորթ, շահամոլ ու իտէալազուրկ համակիրները, սովորական է նաեւ որ այսպիսի մարդիկ միշտ անցնին յաղթողի՛ն կողմը։
Գոյութենականը այն է՝ որ իր աքսորէն պիտի վերադառնա՜յ ճշմարիտ Արդարութիւնը, փողփողացնելով իր եռագոյն պատմուճանը։
Փա՜ռք մեր նահատակներուն, Աստուածառաք առաջնորդին եւ ըմբոստութեան զինուորագրուածներուն։
Երբ Հայաստանի կորուստին ի տես, հայրենիքի հողատու դաւաճաններու դիմաց՝ բարձրաձայնուի հազար-հազարներու մղձաւանջը. երբ զոհեր աղաղակեն թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ռազմագերիներու տառապանքը. եւ արդարներ իրենց պատմական սուրերը ճօճեն մեր պապենական հողերուն, իրաւունքներուն եւ սրբութիւններուն վերատիրանալու համար, անպայմա՛ն, անպայմա՜ն պիտի հասնի, իր կորսնցուցած փառքն ու պատիւը վերադարձնելով հայ ժողովուրդին՝ դափնեպսակ Յաղթանակը։
Յաղթանակ եւ աւելի՛ յաղթանակում։