Անդրադարձ.- Հայ Եւ Ռուս Յարաբերութիւնները Կարգաւորելը Եւ Հեզասահ Բարեկամութիւն Պահելը Որո՞ւն Գործն Է, Աւելի Մեծի՞ն, Թէ՝ Պզտիկին

2 0
Read Time:9 Minute, 54 Second
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
25 Յուլիս 2024
haroutchekijian.wordpress.com 
Նախ, սկիզբէն յայտնեմ, որ կը պատկանիմ երբեմնի խորհրդային վարչակարգին դէմ՝ հակառակ եղող սփիւռքահայ խումբին, մինչեւ անոր քայքայումը 1991 դեկտեմբերին, երբ ամէն բան փոխուեցաւ: 1946-ին, Սովետական Հայաստան ներգաղթած, Երեւանի Սարի Թաղին մէջ ապրած հօրաքոյր ունեցած եմ, որուն ամուսինը Սիպերիան ալ «վայելած» է: Դաշնակցական հայրս միջոցներ գտած էր սերտ կապեր պահելու իր կրտսերագոյն քրոջ հետ եւ լաւատեղեակ էր(էինք) կացութենէն՝ բոլոր իրականութենէն, սկիզբէն մինչեւ վերջ:
Մեզի համար էականը երբե՛ք սկիզբի այդ իրապէ՛ս ապրուստի կենցաղային թշուառ պայմանները չէին, այլ միշտ մեր ուրոյն, հայ ազգային արժէքներուն եւ ազգային ոգիին, նկարագիրին, արժանապատւութեան՝ բարոյականութեան ու մշակոյթին եւ ազատ անկախ Հայաստանի գաղափարին պահպանումն էր՝ այդ դաժան ու ապազգայնացնող, ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԷՋԻ «ՄԱՐԴԸ» ՄԵՌՑՆՈՂ, մի՛այն եսասէր՝ փորին ու «հաճոյքին» մասին մտածել պարտադրող, տմարդի, անկրօն ու անբարոյ, տակից՝ կաշառքով թաւալող քանդիչ վարչակարգէն:
Միւս կողմէ սակայն, այլ սփիւռքահայերու նման, ո՛չ խորհրդային Հայաստան ուսանած էի եւ ո՛չ ալ այցելած. այնպէս որ, միայն տխրահռչակ վրացի Ստալիններու եւ Չեկայի կողքին՝ Չեխովի, Տոսթոեւսքիի, Կորքիի եւ այլոց պատկերած ռուսին ու Ռուսիոյ ծանօթ էի, անոնց անգլերէնի թարգմանուած դասական վէպերէն, որոնք իբրեւ դասանիւթ կարդացած եմ: Իսկ միւս կարեւո՛ր աղբիւրը եղած է մեր դաշնակցական գործիչներուն յուշերը՝ գրականութիւնը, Սիմոն Վրացեանի, Ռուբէն Դարբինեանի, եւ այլոց:
Այլ խօսքով, վերոնշեալներէն զատ, ոեւէ ռուսի հետ ուղղակի յարաբերութիւն չունենալով եւ մէջերնին չապրելով, ընդհանրապէս «Ռուս»-ին խորքը, խմորումը, բնաւորութիւնը չեմ ճանչցած, այնպէս ինչպէս ճանչցած եմ իրարմէ բոլորովին տարբերող լիբանանցի, սուրիացի, յորդանանցի, իրաքցի, սէուտցի, կամ՝ եգիպտացի արաբը եւ կամ՝ ամերիկացին, որոնց մէջ ապրած, կամ բաւարար չափով շփում ունենալով անոնց կենցաղին եւ նկարագիրին մասին պատկերացում մը ունեցած եմ: Սակայն նոյնը չէ պարագան Հայաստանի ժողովուրդին ու պետական աւագանիին: Անոնք ռուսին հետ ապրած ու շաղուած, միասին պատերազմած եւ բարեկամութիւն մշակած են եւ Հայաստանի սահմաններուն հսկողութիւնը անոր վստահած:
Ռուսիան, իբրեւ գերպետութիւն, ձախողած է իր յետխորհրդային իսկութիւնը, կերպարը ծանօթացնելու, թէ՛ թշնամիին եւ թէ՛ ալ բարեկամին ու անտարբերին: Արեւմտեան անհատնում հակաքարոզչութեան դիմաց, գրեթէ ոչինչ կը կատարէ, ուստի՝ աշխարհասփիւռ միջին անհատը իր լսածին՝ արեւմուտքին է, որ կը հաւատայ: Նմանապէս՝ կարգ մը սփիւռքահայեր, որոնց մտապատկերին մէջ, Ռուսիան, տակաւին վերոնշեալ յոռի Խորհրդային միութիւնը կը մարմնաւորէ:
1991-էն 1999-ի աւարտը, մեծ խարխափումներ ապրելէ ետք, յատկապէս տնտեսական թալանի՝ Խորհրդային Միութեան իրաւայաջորդ Ռուսիան, վերջապէս նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ, գտաւ իր յարմարագոյն ուղին՝ կառուցելով կայուն, ռուսական պահպանողական պետութիւն մը՝ ամրագրելով ռուս ազգային, կրօնական եւ մշակութային կերպարը:
Վանեցի զօրավար Նուէր Սաֆարեան, 1980-ին, որ Բ. Աշխարհամարտին՝ «Հայրենական մեծ պատերազմին», խորհրդային բանակի 89-րդ, զուտ հայկական հրաձգային Թամանեան զօրաբաժինին հրամանատարն էր, առաջինն էր, որ գրաւեց Պերլինը եւ Քոչարի պարեց:
Սիմոն Վրացեանի քաջալերանքով Փարիզի մէջ գրի առած երեք գիրքերէն՝ Երիտասարդ Զաւարզինը իր 2019-ին վերահրատարակուած «Ոստիկաններ եւ Յեղափոխականներ» գիրքին կողքին վրայ
…Եւ «Գաղտնի ոստիկանին գործը, յատուկ գործողութիւններ եւ գործակալներու ապահովումը»:
Սիմոն Վրացեան «Ռուս ժանդարմ բարեկամս» խորագրով իր յուշերուն մէջ կը պատմէ (ամբողջը տեսնել՝ «Սիմոն Վրացեանին Եւ Գնդապետ Զաւարզինին Պատգամը Այսօր» (1), (2) ). «1939-ին (Փարիզէն*) Ամերիկա մեկնելէս առաջ, մեր վերջին տեսակցութեան, իմ (ռուս*) ոստիկան բարեկամս, որ քիչ մըն ալ խմած էր, գլխուս հետեւեալ ջերմ խրատականը կարդաց. «Դուք, հայերդ` սքանչելի ժողովուրդ էք, շինարար, ձեռներէց, պարկեշտ, բարեկամութեան մէջ անկեղծ եւ հաւատարիմ, բայց աղաւնիի պէս միամիտ էք քաղաքական հարցերուն մէջ, եւ այդ պատճառով միշտ ձեզ կը խաբեն: ԵՐԷԿ ՄԵՆՔ` ՌՈՒՍԵՐՍ ՁԵԶ ԿԸ ԽԱԲԷԻՆՔ, ԱՅՍՕՐ ԱԼ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՊՈՉԸ ԲՌՆԱԾ ԷՔ: Սիրելի՛ բարեկամ, ձեզի հետ ամէնէն անկեղծ վարուողը թուրքն էր, որ չէր խաբեր եւ առանց կեղծիքի ձեզ կը ջարդէր…
– Ո՛չ, առարկեցի ես,- թուրքն ալ կը կեղծէր ու կը խաբէր:
– Ուրեմն, աւելի վատ, ոչ ոքի հաւատացէք: Միայն դուք ձեզի հաւատացէք, եղէք ուժեղ եւ համարձակ: Դուք` դուք եղէք, օձի պէս խորամանկ եւ առիւծի պէս քաջ: Ես` ռուս ոստիկան գնդապետ Զաւարզինն է ըսողը, որ շատ բան տեսած է եւ շատ բան գիտէ: Այս բոլորը կ՛ըսեմ, քանի որ կը սիրեմ ձեզ: Բարի՛ ճանապարհ:
«Տիպար ռուս էր Զաւարզինը, գոռոզ եւ աններող, երբ իշխանաւոր է, խոնարհ ու բարի, երբ իշխանութիւն չունի ձեռքին: Լայն սիրտ ու վեհանձն, ձեռքը եւ սիրտը բաց: Լաւ խմող, զուարճասէր ու պատրաստաբան», Վրացեան, այսպէս ճանչցած է եւ կը նկարագրէ տիպար ռուսը:
«Միասին կազմեցինք իր յուշերուն ծրագիրը, եւ վեց ամիս ետք պատրաստ էր: Լոյս տեսաւ ռուսերէն, ապա ֆրանսերէնի թարգմանուեցաւ եւ կարճ ժամանակի մէջ գիրքերը սպառեցան: Իմ խորհուրդովս որոշ բաժին մը յատկացուց հայերուն, յատկապէս պայքարը` հայ յեղափոխականներուն եւ մասնաւորապէս Դաշնակցութեան դէմ: Զաւարզինը մեծ համակրանքով կը խօսէր հայ յեղափոխականներու քաջ եւ անձնուէր գործունէութեան մասին: Հայ կնոջ տիպար մը նկարագրած է, որ կարելի է դասական համարել: Գիրքին այդ բաժինները թարգմանուելով` լոյս տեսան հայկական թերթերու մէջ»:
Իսկ այժմ.
Վերջին տարիներուն, Քանի մը օրը անգամ մը ռուս արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Մարիա Զախարովան, պատգամաւոր Քոնսթանթին Զաթուլինը եւ արտաքին գործոց փոխ նախարար Միխայիլ Կալուզինը, Կրիկորի Քարասինը, Վիքթոր Վոտոլացքին ու նախագահի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովը եւ այլ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ահազանգ կը բարձրացնեն Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութեան մասին, կարծես թէ աներեւոյթ ու երրորդ կողմի մը մօտեցումով, մինչ՝ իրեն՛ք են բո՛ւն հիմնական ու բացարձակ որոշի՛չ երկրորդ կողմը: Ինչո՞ւ է այս «շուարածի» խաբուսիկ ու ոչ հարազատ թուող երեց ու հզօր գործընկերոջ վարմունքը… Ստորեւ՝ օրինակներ.
1. Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնաթող աւագ խորհրդական Ալեքսանտր Անանիեւ. «ՀՀ իշխանութիւնները տեղեակ էին Ատրպէյճանի սպասուող գործողութիւններուն մասին», ան նշած է, որ սեպտեմբեր 2023-ին՝ Արցախի մէջ սկսած ռազմական գործողութիւններէն 2-3 օր առաջ, Թուրքիոյ մէջ հանդիպած են Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները: Ըստ անոր
Ռուսիան փորձած է կանխել Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուող մագլցումը, սակայն ամերիկան դէմ եղած է:
https://alikonline.ir/political/27453
2. Զաթուլին. «Հայաստան Կ՛անցնի Արեւմուտքի Թեւին Տակ, Ռուսիան Պէտք Է Խոր Եզրակացութիւններ Կատարէ»
https://www.aztagdaily.com/archives/620679
3. Զաթուլին. «Ըսել, Որ Ռուսիան Ղարաբաղը Յանձնած Է, Սուտ Է, Սակայն Չեմ Կարծեր, Որ 2020-ին Պատերազմը Կանխարգիլելու Համար Մենք Ամէն Ինչ Ըրինք»
https://www.aztagdaily.com/archives/619573
4. Զաթուլին. « Հայաստանը Ունի Այլ Գործընկերներ Փնտռելու Իրաւունք, Բայց Ռուսիոյ Հետ Բարեկամութեան Այլընտրանք Չկայ»
https://www.aztagdaily.com/archives/615819
5. Զաթուլին. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ցեղային Զտումներու Փաստը Կասկածէ Վեր Է»
https://www.aztagdaily.com/archives/605662
6. Զաթուլին. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանին Վրայ Յարձակումներն Ու Ռուս Զինուորներու Կորուստը Պատահականութիւն Չեն»
https://www.aztagdaily.com/archives/593901
7. Քրեմլին Բացասաբար Կը Վերաբերի Ռուսիայէն Որոշ Լրատուամիջոցներու Ղեկավարներու Եւ Երեսփոխաններու Հայաստան Մուտքի Արգելքին
https://www.aztagdaily.com/archives/575243
8. Զաթուլին Էրտողանին Խորհուրդ Տուած Է Յիշել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գործած Էնվեր Փաշայի Ճակատագիրը
https://www.aztagdaily.com/archives/492812
9. Կրիկորի Քարասին. «Ռուս Խաղաղապահներու Դուրսբերումը Փաշինեանի Որոշումին Տրամաբանական Հետեւանքն Է»
https://www.aztagdaily.com/archives/612224
10. Վիքթոր Վոտոլացքի. «Ոչ Թէ Հայաստանը, Այլ Փաշինեանը Կը Բաժնուի Ռուսիայէն. Ան Արեւմուտքին Որոշած Ճամբով Կ՛երթայ»
https://www.aztagdaily.com/archives/609389
11. Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ, երեսփոխան Քոնսթանթին Զաթուլին: «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ցեղային Զտումներու Փաստը Կասկածէ Վեր Է»
https://www.aztagdaily.com/archives/605662
12. Փեսքով. «Ռուսիան Հայաստանը կը նկատէ եղբայրական երկիր եւ յոյս ունի, որ ան չ՚ընտրեր այն ուղին, որ ժամանակին ընտրած էր Ուքրայինան»…
Կը սպասէինք, որ վերոնշեալ ռուս պատասխանատուները եւ այլ ռուս քաղաքական դէմքեր ու մանաւա՛նդ յայտնի ռուս պատմաբաններ, անկախութեան այս 32 տարիներուն, նախագահ Փութինի նման, Արցախի տագնապին եւ հայաստանի ու հայութեան մասին պատմական իրականութիւնները յայտարարէին: Ի՞նչ ըսաւ Փութին, տես՝ «Ռուսիոյ նախագահ Փութինի` պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» (3):
Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, տարբերելով այլ երկիրներու ղեկավարներէն, առանց նշոյլ մը վերապահութեան, բառերը ծամծմելու, կամ դիւանագիտական կորճաբանութեան, շարք մը հարցերուն իր մօտեցումին մէջ կ՛ապաւինի պատմութեան` վերադառնալով ակունքներուն: Նո՛յնիսկ` աւելի քան 1000 տարի ետ, որուն պատճառով իր բարոյական վարկը իրապէ՛ս կը բարձրանայ: Նոյնպէս, տարբերուելով այլ երկիրներու շատ մը ղեկավարներէն` ան ընդհանուր եւ իր հայրենիքին պատմական տուեալներուն մասին բարձր իմացութիւն ունի, որ անհրաժեշտ պայման պէտք է ըլլայ բոլո՛ր ղեկավարներուն համար, ի մասնաւորի՝ Հայաստանի այժմու իշխանութեան, որ ի՛նքը կ՛աղաւաղէ մեր պատմութիւնը` ի շահ թուրքին ու ազերիին, Հայոց պատմութիւնը փոխարինելով Հայաստանի պատմութիւնով…
«Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբին մէջ, 22 հոկտեմբեր 2020-ին, Արցախի մասին հարցումի մը Փութին պատասխանեց. «….Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: ….Այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ատրպէյճանի կողմէ*) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս բոլորը պէտք է հիմք ընդունինք` մէկ պարունակի մէջ», տես՝ նախագահական կայքէջը (4) եւ (5): Ապա՝ հոկտեմբեր 2023-ին, նոյն Վալտայ ակումբին մէջ Փութին ըսաւ. «Երբ Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անկախութիւնը, ոչ ոք ճանչցաւ այդ անկախութիւնը, նոյնիսկ Հայաստանը չճանչցաւ, ինչ որ, անկեղծօրէն, ինծի համար տարօրինակ է: Սակայն, բայց եւ այնպէս, այդպիսի որոշում տրուած է: Անոնք չճանչցան Ղարաբաղի անկախութիւնը» (6):
Ահա այս իրականութիւնը, նաեւ՝ Խրիմին հետ նմանութիւնը, երբ Խրուշչեւ 19 փետրուար 1954-ին Ուքրանիոյ նուիրած էր զայն, այնպէս ինչպէս Ստալինը Արցախը 7 յուլիս 1923-ին նուիրած նորաստեղծ Ազրպէյճանի հոգատարութեան, երբե՛ք չլսեցինք ռուս պատասխանատուէ մը կամ պատմաբանէ մը: Եթէ այդպիսի յայտարարութիւններ եղած են, սփիւռքահայը եւ մամուլը տեղեակ չէ եւ ռուս քարոզչութեան թերութիւնն է այդ: Ի վերջոյ, հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն ունինք միասին, վկայ՝ Համաշխարհային Բ. Պատերազմին, 8 օգոստոս 1942 -էն մինչեւ 9 մայիս 1945 աւելի քան 900 բնակավայր եւ 30 քաղաք եւ Խրիմը ազատագրած ու Պերլինը գրաւած զուտ հայկական Թամանեան զօրամասը, որ կտրեց 7250 քմ, որուն 3640-ը՝ յամառ մարտերով: Մոռցուա՞ծ է այս հերոս ժողովուրդը… Սի Այ Էյ-ն ալ կը վկայէ այս սխրանքը՝ հերոսութիւնը (7):
Անկարելի է, որ Հայաստանի գունաւոր յեղափոխութեան խմորումէն ու պատրաստութենէն Ռուսիան տեղեակ չէր: Երեւանի մէջ 2016-էն սկսեալ, առ նուազն հինգ անգամ գումարուած «Փրակայի քաղաքացիական ընկերակցութեան» (Prague Civil Society) կազմակերպած գունաւոր յեղափոխութիւն պատրաստող հաւաքներէն, ուր 2019-ին նախկին խորհրդային միութեան 150 երիտասարդներէն նշուած են երկու հայ առաջնորդներ: Առաջինը՝ որ «Հայաստանի յեղափոխութեան» աստղը նկատած են, Դաւիթ Սանսարեանն է, որ 22 մայիս 2018-ին վարչապետ Փաշինեան նշանակուեց պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ, ապա պաշտօնազրեց 18 ապրիլ 2019-ին՝ լիազօրութիւնը չարաշահելու պատճառով: Երկրորդը՝ Միքայէլ Զօլեանն է, որ որակուած է «Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդը եւ Փրակայի քաղաքացիական ընկերակցութեան կեդրոնի մասնագէտ», շրջան մը ՔՊ պատգամաւոր: Տես՝ «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», «Արաբական Գարուն»-ը Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը, Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան – Ա.-էն Դ. (8):
Շատ յստակ էր, որ ինչպէս միւս գունաւոր յեղափոխութիւնները՝ Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ, Հայաստանինն ալ հակառուս օրակարգ ունէր: Առ նուազն 2016-էն սկսեալ Ամերիկայի եւ Անգլիոյ գաղտնի սպասարկութեանց ու Ճորճ Սորոսի ոչ պետական կազմակերպութիւնները՝ NGO, Հայաստանի մէջ, մասնագիտացած ընկերային ցանցերու միջոցներով, երիտասարդութիւնը եւ ժողովուրդէն մաս մը սուտ խոստումներով զինուորագրած էր հակառուս յեղափոխութեան համար, որպէսզի «Արեւմուտքին» ու թշնամիին կամակատար, ապազգային բռնապետ մը հասցնեն իշխանութեան՝ եւ յաջողեցան: Արդեօք Վրացեանի «գոռոզ եւ աններող» Ռուսիան կը պատժէ՞ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը թողելով, որ ամէն ինչ քանդուի… Այդքա՞ն անկարող է Ռուսիան, որ չկասեցուց իր դէմ եւ Հայաստանը անդունդ տանող այս ընթացքը…
Ամերիկան  արդէն բացայայտած էր այս ծրագիրը, 24 ապրիլ 2019-ին, ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող մարտավարական Ռէնտ կեդրոնի 354 էջ, ոչ գաղտնի, համացանցով բոլորին հասանելի ուսումնասիրութեան միջոցով, Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա մրցակցութեան մասին. «Տարածելով (քաշկռտելով) Ռուսիան` մրցակցիլ նպաստաւոր դիրքէ» (Extending Russia: Competing from advantageous ground) խորագիրով (9): Որուն զոհ գնաց Արցախը եւ այժմ՝ կարգը Հայաստանին է:
Ահաւասիկ պատմութիւնը քանիերորդ անգամն է, որ կը կրկնուի: 1939-ի Զաւարզինին խրատը այժմ պէտք է լսուի: Վեց տարի է, բոլորը միասնաբար խաբեցին ու կը շարունակեն խաբել մեզ, մա՛նաւանդ` իշխանութեան վրայ նստած ներքին թշնամին ալ, որ ո՛չ միայն խաբեց ու անդադար կը խաբէ, այլ թշնամիներուն փաստաբանը դարձած է, Դիմատետրով երկիր կը «կառավարէ», այսինքն կը քանդէ եւ արիւնով ազատագրուած հայկական հողեր կը նուիրէ թշնամիին: Նոյնի՛սկ Զաւարզինը պիտի չհաւատար, որ այսքան յիմար ու միամիտ պիտի ըլլար հայը, թշնամիներուն եւ «բարեկամներուն» կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ սարքուած եւ շարունակուող այս կամաւոր կերպով հայրենիքն ու կռուանները ոչնչացնող վարչախումբին:
Ահա ինչո՞ւ է սուտին ու խաբէութեան դէմ «Սրբազան պայքարը»:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին կողմէ:
1. «Կեանքի ուղիներով», Ա. հատոր, Սիմոն Վրացեան, Գ. տպագրութիւն «Համազգային»-ի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 254-258:
2. https://www.aztagdaily.com/archives/535195
3.  https://www.aztagdaily.com/archives/516918
4. http://en.kremlin.ru/events/president/news/66181
5. http://en.kremlin.ru/events/president/news/64261
6. https://www.aztagdaily.com/archives/595041
7. https://www.cia.gov/readingroom/docs/CIA-RDP82-00457R000100770010-9.pdf
8. https://www.aztagdaily.com/archives/550408
9. https://www.rand.org/pubs/research_reports/RR3063.html
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles