«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Հպարգելք (taboo) մըն է մեր ներկայ օրերու դիւանագիտական բեմահարթակը։
Նոյնիսկ անտեղի է բեմի կամ հարթակի մասին խօսիլը։ Այնքան մը հիւծած, հալած ու ցամքած է մեր հայրենի դիւանագիտական գործընթացն ու փրոթոքոլը, որ կարելի է շատ աւելի վտանգաւոր եզրակացութիւններու եւ լուծումներու յանգիլ։
Նորագոյն ցայտուն ապացոյցն էր վերջերս, ազգային ժողովին բեմէն, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մէկ հարցադրումը՝ ընդդիմադիր ճակատին, թէ՝ «Դուք ի՞նչ նկատի ունէք Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձ ասելով, արդեօք դա ա՞յն պայմաններն են, որ առաջարկում է պաշտօնական Պաքուն, թէ՞ դա ինքնավարութիւն է Ատրպէյճանի կազմում, թէ՞
անկախ Լեռնային Ղարաբաղ է: Դուք ի՞նչ էք ուզում առաջարկել: Եթէ անկախ Լեռնային Ղարաբաղ է կամ այն գոյավիճակը, որ կար 2019 թուականին։ Դուք հասկանո՞ւմ էք եւ պատրա՞ստ էք դա անել առնուազն 4,000 զոհի գնով: Դուք առաջարկում էք պատերա՞զմ, թէ՞ ոնց որ ձեր հերթական վարչապետի թեկնածուն ասում է՝ զինուորականները պիտի մեռնեն»։
Եւ տեսէ՜ք թէ ո՛վ է «բան հասկնալու» մասին քարոզ կարդացողը: Ա՛ն, որ անցեալ Սեպտեմբերին, օր մը սխալեցաւ եւ Մ․Ա․Կ․-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Ատրպէյճան Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործէ (հազուադէպ լաւ ու յիշատակելի սխալ մը), իսկ նոյն պահուն, իր «շէֆ»-ը յայտարարեց, թէ Արցախի մէջ ամէն բան բնական է, ու ազերի իր պաշտօնակիցը Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը շահող խաղաթուղթի վերածեց իր, Արցախի ու հայութեան դէմ: Ու Միրզոյեան «գետինը բանալով տակը չանցաւ» ու հիմա ելած է ու նման ցնդաբանութիւններով քարոզ կը կարդայ…
Եկէ՛ք, պահ մը մենք ալ մանկամիտի պէս տարուինք վերոյիշեալ չնաշխարհիկ հարցումներուն ծնունդ տուող մտածելակերպով, վերլուծենք ու հաստատենք, մեր աչքերը բանանք ու տեսնենք, որ վերլուծման լոյսին տակ, շա՛տ աւելի ահաւոր ողբերգութիւն կայ՝ դիւանագիտական ոլորտէն ներս արձանագրուած պարտութիւնը, քան տաք ճակատամարտի ընթացքին հող կորսնցնելն ու նահատակ տալը։ Աւելո՞րդ է ըսել, թէ Սուրբ հողին կարելի է վերատիրանալ եւ յաւերժացնել նահատակներն ու անոնց սխրանքը։
Նոյնինքն իսկական դիւանագիտութիւնն է բանալին այս սնանկութեան դէմ ուղղուած հակայարձակողականին. հոն առաջնահերթ դեր ունի «Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդ»-ը (տեսարան մը՝ մամլոյ ասուլիսէն), որ կազմուեցաւ վերջին ամիսներուն եւ բեղուն գործունէութիւն կը տանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած ձախող գործունէութեան դէմ, շարունակ կը փորձէ ահազանգել եւ թմբիրէն դուրս բերել արտաքին գործոց նախարարութեան անմիջական ազդեցութեան տակ գտնուող դիւանագիտական մեքենան։ Անոնք սկսած են կազմակերպել օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ եւ շարունակ կոչ կ՛ուղղեն պաշտօնի վրայ գտնուող իրենց գործընկերներուն, որպէսզի իմաստնանան եւ տեսնեն, որ իրենք ծառայութեան անցած են իշխանութեան ղեկը պատահաբար ստանձնած եւ պետութեան շահին մասին որեւէ խորքային եւ տրամաբանական պատկերացում չունեցող խումբի մը, մինչդեռ իրենց առաքելութիւնն է ծառայել հայրենիքին ու ժողովուրդին: Անոնց շարքին են դիւանագէտներ, որոնք որոշ ատեն մը, հայրենիքին ծառայելու նախանձախնդրութեամբ, ճամբայ քալած են ՔՊ-ականներուն հետ եւ սակայն, ի վերջոյ անդրադարձած են թէ անոնց բռնած ուղին յաւելեալ կորուստներու կը տանի երկիրը, ո՛չ մէկ դրական ակնկալիք մնացած է, ուրեմն, վար դրած են իրենց պաշտօնները…
Դիւանագէտներու խորհուրդը յստակօրէն կ՛ահազանգէ, թէ Հայաստանը համաշխարհային եւ շրջանային վտանգներու դիմաց է, կը գտնուի անկախութեան շրջանի ամէնէն խախուտ, անորոշ եւ անկայուն դիրքերուն վրայ. անդամները կը շեշտեն, թէ դիւանագէտին կոչումն է սեփական ժողովուրդի ու պետութեան շահերու պաշտպանութիւնը՝ միջազգային բոլոր մակարդակներուն վրայ: Իրականութիւնը այն է, որ դիւանագիտական մեքենային մէջ մնացողները իրենք զիրենք սահմանափակած են ազգ ու հայրենիք թշնամիին մատաղ ընելու գործին լծուած վարչախումին:
«Մերը ծառայութիւն է, եւ ո՛չ թէ սովորական դիւանակալական աշխատանք: Մենք կը ճանչնանք այս պահուն արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տակաւին իրենց պարտքը իրականացնող մեր գործընկերները եւ կը հասկնանք, թէ անոնք ինչպիսի՛ ծանր իրավիճակի մէջ կը գտնուին», կը հատատէ «Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդ»-ի մէկ կոչը։
Ընկղմած է ու էապէս անդամալուծուած՝ Հ.Հ. արտաքին քաղաքականութեան մեքենան: Անդին, ի՞նչ կ’ըսէ թշնամին: Առանց բառերը ծամծմելու՝ Հայաստան պէտք է գիտակցի, որ «իր ապագան կապուած է շրջանի երկիրներուն հետ», եւ նախ եւ առաջ պէտք է ձերբազատի երրորդ երկիրներու եւ արտերկրի հայկական սփիւռքի «վատ ազդեցութենէն», կ’ըսէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, Իզմիրի մէջ, բազմազգ «էֆես 2024» ռազմափորձերու ընթացքին: Ան ամբարտաւան յոխորտանքով եւ ամէնայն յանդգնութեամբ, ինքնավստահութեամբ եւ հանդարտութեամբ յայտարարեց, թէ Ղարաբաղի ազատագրումէն ետք, շրջանին մէջ ձեւաւորուած է կայուն խաղաղութիւն հաստատելու իսկապէս պատմական կարելիութիւն: Ան շեշտեց, թէ առիթ պէտք չէ կորսնցնել, թէ՝ Հայ ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ իր ապագան կապուած է շրջանի երկիրներուն հետ։ Իսկ «շրջանի երկիրներ» ըսելով՝ ի մտի ունի բացայայտօրէն համաթուրանականութեան ծրագիրը իրականացնելու լծուած Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը…
Նորացուած յանկերգ մը, որ կը կրկնեն ՔՊ-ական իշխանաւորները։ Ոեւէ շրջահայեաց ու իմաստուն հայ կը տեսնէ, թէ Էրտողանի, Ալիեւի ու Փաշինեանի (ու խումբին) քարոզած «խաղաղութեան աննախընթաց առիթ»ը խորքին մէջ կը նշանակէ խաղաղութիւն՝ առանց Հայաստանի գոյութեան:
Հայրենի դիւանագիտութիւնը մեծ գործ ունի կատարելիք, վերաորակաւորում, վերաշինութիւն,
վերածնունդ եւ… ժամացոյցի դէմ սրարշաւ մրցում։ Պէտք է խորտակել բոլոր աննպաստ հպարգելքները: