Կիրակի, Յունիս 30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» տարեկան ամառնային լսարանը աշխատանքի սկսաւ St. Mary of Providence (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա) կեդրոնին մէջ, 43 աշակերտներու եւ 14 դասախօսներու եւ խորհրդականներու մասնակցութեամբ։
Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, որ տակաւին կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը, աշակերտներուն հետ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ, իր օրհնութիւնը բաշխելով անոնց եւ մաղթելով, որ ուսման, ընկերային աշխատանքի եւ աղօթքի այս շաբաթը կեանքի վերափոխման եւ հաւատքի խորացման փորձառութիւն մը դառնայ բոլորին համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուներուն եւ անձնակազմին իրենց թանկագին ծառայութեան համար։
Ծրագիրը սկսաւ Երկուշաբթի, Յուլիս 1-ին, առաւօտեան արարողութեամբ եւ լսարանի տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի պատգամով։ Տեսուչ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի կեանքին ու առաքելութեան, քաջալերելով մասնակիցները, որ հետեւին անոր օրինակին՝ սորվելով իրենց հաւատքին մասին, կանգնելով ճշմարտութեան ի խնդիր, աղօթելով ու վստահելով Աստուածոյ եւ սիրով ու բարութեամբ վերաբերելով բոլորի հանդէպ։
Առաւօտեան, աշակերտները երեք դասերու հետեւեցան, իսկ կէսօրէ ետք՝ մարզական ու զուարճալի զանազան խաղերու։ Երեկոյեան տեղի ունեցան հաւատքի եւ եկեղեցւոյ վերաբերող նիւթերու մասին քննարկում մը, ինչպէս եւ Ս. Գիրքի սերտողութիւններ երեք տարբեր տարիքային խումբերու համար։ Օրը աւարտեցաւ երեկոյեան աղօթքով։
Լսարանը պիտի աւարտի Կիրակի, Յուլիս 7-ին, Սուրբ Պատարագով մը, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։