ԱրտերկիրԼրահոս

Քարտիֆի Մէջ Կոմիտասի Ծննդեան 155-ամեակ

Յունիս 8-ին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Կալէսի Հայ համայնքային կեդրոնի հովանաւորութեամբ Քլինկըն երգչախումբը եւ մշակութային միութիւնը ներկայացուցին հա­մերգ-ցու­ցա­հան­դէս՝ նուիրուած հայ անուանի երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին։

Օրուան ոգեկոչումները սկսան Խաղաղութեան տաճարին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձան հանդիսաւոր այցով։ Անոր յաջոր­դեց այցելութիւնը Կալէսի մայրաքաղաք Քարտիֆի հայկական համայնքային կեդրոն, ուր ներկաները կարելիութիւնն ունեցան այցելելու Կոմիտասի գրած նամակներու եւ ուշ օսմանեան դարաշրջանի հայկական գեղարուեստական զարդերու ցուցահանդէսը: Օրուան գլխաւոր իրադարձութիւնը սակայն Սուրբ Գերման եկեղեցւոյ մէջ կայացած համերգն էր։

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան՝ ընդգծելով կալէսահայ համայնքի կենսունակութիւնը։ Այնուհետեւ, դեսպանը յարգանքի տուրք մատուցեց Կոմիտաս վարդապետին, զայն գնահատելով հայկական մշակութային ժառանգութեան յենասիւնը։ Ան նաեւ նշեց Կալէսի եւ Հայաստանի միջեւ կապը՝ ընդգծելով կալէսահայ համայնքին կարեւորութիւնը, որ կամուրջ մը կը հանդիսանայ երկու ժողովուրդներու ընդհանուր արժէքներուն համար՝ մշակութային փոխանակման միջոցով:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button