Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Իւրայատուկ են նաեւ արաբները՝ իրենց սրամտութեամբ եւ վիճակներու ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ։ Անծայրածիր անապատին մէջ, շրջանէ շրջան տեղափոխութեան ժամանակ, անոնք առակներ ու մանրավէպեր հիւսած են՝ իրենց շրջապատէն տպաւորուած եւ ներշնչուած։
Դիպուկ պատմութիւններէն մէկը հետեւեալն է։ Անոնք իրենց ամէնէն վստահելի փոխադրամիջոց՝ ուղտերէն մէկուն հարցուցած են․ «Ինչո՞ւ կռնակդ ծուռ է (այսինքն սապատ ունիս)»։ Պաղարիւն եւ իմաստուն ուղտը, բերնին մէջ բան մը վեր-վար ծամծմելով եւ խոհուն նայուացքով մը պատասխանած է․ «Ինչու մարմնիս ո՞ր մէկ մասը շիտակ է, որ կուզ կռնակիս մասին կը խօսիք»։
Հայաստանի մէջ անապատ չկայ, ո՛չ ալ ուղտ։ Սակայն ուղտին ծուռ տեղերուն մասին պատմութիւնը պերճախօս կերպով կը բացատրէ ծռութիւններով հարուստ իրականութիւնը, կը մերկացնէ ներկայ ձախաւեր իշխանութիւնը։
Քիչ մը երկար ժամանակի վրայ դիտենք իրականութիւնները. պիտի տեսնենք, որ ո՛չ մէկ բան ճիշդ ձեւով կը գործէ։ Ծռութիւնները վարակած են ամէն կալուած, ներքին թէ արտաքին ոլորտներու մէջ: Իսկ ինքզինք տակաւին «ազգընտիր» նկատող վարչապետը, կառչած իր աթոռին, չունի կարողութիւնը գիտակցելու, թէ անհատն ու անձնականութիւնը բոլորովին տարբեր են պետութիւն եւ պետականութիւն հասկացութենէն։ Իր կողքին հաւաքուած «խունթա»-ն ալ միեւնոյն ընթացքին մէջ է եւ չի տեսներ, թէ երկրի կառավարման կառոյցը ամբողջութեամբ փուլ եկած է։
Ու երբ երկիրը քարէ քար եւ վնասէ վնաս կը նետուի իշխանաւորներուն բերած յորձանուտին մէջ, վարչապետի հլու կամակատար՝ նախկին «գեր-նախարար» Արայիկ Յարութիւնեան հրապարակ կու գայ կոյրի, անտարբերի ու անիրատեսի մեկնաբանութեամբ մը․ «Նկատելի է, որ դժգոհներու թիւը պակսած է։ Քանի մը օրէն պիտի մարի»։
Կայ աւելին. ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել դիւանագիտական ոլորտէն ներս ստեղծուած պարապութիւնը։ Ժամանակին, նորացուած պաղ պատերազմի օրերուն, երկու կողմերուն միջեւ գործող դիւանագէտները հայրենիքի շահերուն գիտակից հայորդիներ էին: Այսօ՞ր: Ազգային շահերու պաշտպան դիւանագիտական անձնակազմին մէջ մոմով պէտք է փնտռել իսկապէս գործողներ, ասպարէզը ձգուած է օտարներու, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի «դժոխք»։ Կորսուած է այն ճկունութիւնը, որուն վստահելով՝ կարելի ըլլայ «լեզու գտնել» թէ՛ Արեւմուտքին եւ թէ՛ Արեւելքին հետ։ Միայն կը փորձուի լեզու գտնել… թուրք-ազերիին հետ, որ վճռած է քարտէսէն ջնջել Հայաստանը: Իշխանաւորները դարձած են այլոց շահը պաշտպանողներ, միջազգային ու մեկուսի աղտոտ ու ճղճիմ հաշիւներու զոհ գացած մունետիկներ։ Մինչդեռ խելամիտ դիւանագիտական անձնակազմ մը կրնար հետեւողական կերպով կապեր հաստատել զանազան բեւեռներու հետ, ՀԱՊԿ-ին անդամակցութիւնն ու սերտ յարաբերութիւններ պահելով մէկտեղ, գործակցական որոշ կապեր մշակել ՆԱԹՕ-ին հետ։ Առաւել կամ նուազ չափով այդպէս էր անկախութեան վերականգնումէն ետք, մինչեւ 2018. եւ թող ո՛չ ոք ինքզինք պատսպարէ «աշխարհը փոխուած է»-ի վահանին ետին: Աշխարհը ամէ՛ն օր կը փոխուի, ամէնէն կծու հակառակորդներ ու մրցակիցներ իսկ ձեւը կը գտնեն գործակցական կապերը բոլորովին չխզելու: Չենք ուզեր օրինակներ ցանկագրել…
Արեւմուտքը ամէն գնով պարան կ՛երկարէ եւ կը ներգրաւէ ներկայ իշխանութիւնները, մոռնալով կամ երկրորդական սեպելով համաթուրանականութեան լուրջ վտանգները, գերադասելով Ուքրայինայի ներկայ իրավիճակը: Գաղտնիք չէ նաեւ այն, որ երկար ատենէ ի վեր երկրորդ Ուքրայինա մը կ’ուզեն ստեղծել Կովկասի բարձրաւանդակին, եւ իրենց համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ հայե՞ր, թէ՞ վրացիներ (կամ ուրիշներ) կրնան կոտորուիլ, հող կորսնցնել, իսկ մենք արդէն կը կորսնցնենք՝ առանց ուքրանական տարողութեամբ պատերազմի մէջ ձգուելու…
Տեղին է հարց տալ. Արեւմուտքը բաց աչքերով չի՞ հետեւիր Երեւանի անցուդարձերուն, «Տաւուշը Յանուն Հայրենիք»-ի շարժումին ստեղծած հոսանքին ու անոր դէմ իշխանաւորներուն ափ-աշկարա բռնամիջոցներուն։ Հոն ալ ծածկուած է իրավիճակը։ Արեւմուտքի լրատուական ցանցերը հազիւ թէ կ’արձագանգեն (ընդհանրապէս կը նախընտրեն չարձագանգել) աւելի քան ամիս մը առաջ ծայր առած իրադարձութիւններուն, փոխարէնը՝ երկրորդական նիւթեր առաջնահերթութեամբ կը ներկայացուին։
Արեւմուտքը քաջատեղեակ է, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «ժողովրդավարութեան պասթիոն» չէ, այլ վերածուած է ոստիկանապետական բռնատիրութեան։ Աւելի՛ն, սուտ ու շինծու լուրեր կը տարածուին, թէ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած շարժումը «հիներ»-ուն ստեղծած մէկ գաղափարն է ու կը վայելէ Մուսկուայի աջակցութիւնը։ Իսկ բոլորովին այլ հարց է, թէ արդեօք հին կամ նոր մնացա՞ծ է, կամ կարելի՞ է մէկը միւսէն զանազանել փաշինեանական «Թազա Հայաստան»ին մէջ:
Քաղաքական անապատէն դուրս գալով, վերադառնանք աշխարհագրական անապատ։ Հակառակ իր մարմնական բոլոր ծռութիւններուն, օգտակար ուղտը իր պարտականութիւնը լի ու լի կը կատարէ։ Նոյնը կարելի չէ ըսել Երեւանի վարչախումբին մասին. կը բաւականանանք կրկնելով այս «իմաստուն» սապատաւորին խօսքը. «Ինչու մարմնիս ո՞ր մէկ մասը բնական է»։