ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 42 Second

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ատհայի տօնէն ետք բաւական խճողուած ժամանակացոյց մը ունի։ Ան առաջին հերթին պիտի այցելէ Ղազախստան, ուր պիտի մասնակցի Շանկհայի Գործակցութեան Կազմակերպութեան վեհաժողովին, որուն ծիրին մէջ տեսակցութիւն մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։Քննարկումները պիտի կեդրոնանան Ուքրայինայի պատերազմին, Մերսինի մէջ ռուսական կորիզային պետական ընկերութեան կողմէ կառուցուող կորիզային կայանին եւ այլ կարեւոր խնդիրներու վրայ։

   Էրտողան ապա 5 Յուլիսին պիտի այցելէ Ատրպէյճան,ուր պիտի մասնակցի թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովին,որուն օրակարգին վրայ է թրքախօս պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւններու քննարկումը։

   Թուրքիոյ նախագահը Ատրպէյճանէն պիտի ուղղուի Ուաշինկթըն, ուր 9-11 Յուլիսին պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովին,որուն ծիրին մէջ տեսակցութիւն մը պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Էրտողան ապա պիտի այցելէ հիւսիսային Կիպրոս,ուր ներկայ պիտի գտնուի թրքական ուժերու Կիպրոս ներխուժման տարեդարձին նուիրուած հանդիսութեան։

 

     Թրքական պետական աղբիւրներ հերքեցին այն լուրերը, ըստ որոնց, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Զուիցերիոյ մէջ կայացած՝ Ուքրայինայի խաղաղութեան համաժողովին ընթացքին առանձին հանդիպում մը ունեցած է Յունաստանի Բարթողէմիոս պատրիարքին հետ։

     Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Օնտէր Քեճելի յայտնեց, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, յոյներու ուղղափառ պատրիարքը մասնակցած է խաղաղութեան համաժողովին, որուն ընթացքին ան նաեւ հանդիպում մը ունեցած է Ֆիտանի հետ։Ան նաեւ շեշտեց,որ պատրիարքին ստորագրութիւնը աւելցուած է համաժողովին եզրակացուցիչ յայտարարութեան տակ, աւելցնելով,որ Թուրքիա պաշտօնական բացատրութիւն պահանջած է համաժողովին մասնակիցներէն։

    Տեղին է նշել,որ յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան աթոռը կը գտնուի Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքը,որ բիւզանդական կայսրութեան Կոստանդնուպոլիս մայրաքաղաքն է։ Ուղղափառ պատրիարքն ալ ենթակայ է թրքական օրէնքներուն եւ կանոնադրութեան։Ան չէր հրաւիրուած Ուքրայինայիյ խաղաղութեան համաժողովին եւ Ֆիտանի հետ տեսակցութեան մը մասին լրատուութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ապատեղեկատուութիւն կը համարուի։

                                                                                                                                                                        *

      Թուրքիա եւ Յունաստան միացեալ կեցուածքով մը, որ հազուագիւտ է, ներկայացուցին Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի թեկնածութիւնը։Յունաստան յայտարարեց, որ իրբրեւ բարի կամեցողութեան նշան, կը զօրակցի Սինիրլիօղլուի թեկնածութեան։Յոյնեւթրքական այս միացեալ կեցուածքը յայտարարեցին Յունաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Ճիորճիոս Ճերափեթրիթիս եւ Հաքան Ֆիտան։

   Սինիրլիօղլու ունի հինգ մրցակիցներ,որոնք իրենց թեկնածութիւնը դրած են 53 անդամ պետութիւններէ բաղկացած ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօնին համար։Տեղին է նշել,որ Թուրքիա եւ Յունաստան միեւնոյն ժամանակ նաեւ առաջարկած են Մանիա Թելալեանի թեկնածութիւնը։ Մանիա Թելալեան Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան օրինական հարցերու բաժանմունքի նախկին պետն է։

      Տեղին է նշել,որ Յունաստան եւ Թուրքիա ներկայիս կ՛ապրին յարաբերութիւններու ջերմացման ժամանակաշրջան մը, որ բացուեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջեւ անցեալ յուլիսին կայացած հանդիպումէն ետք։

                                                                                                                                                                        *

            Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութեան առաջարկ մը, որ կը վերաբերի լրտեսական գործունէութիւն ծաւալած անձերու, կրնայ այս ամիս խորհրդարան ներկայացուիլ՝ երկու անգամ ընթերցման եւ վաւերացման համար։Նախագիծը 20   տարուան բանտարկութիւն կը նախատեսէ այն անձերուն,որոնք լրտեսութիւն կը կատարեն Թուրքիոյ մէջ՝ ջանալով ձեռք ձգել այնպիսի տեղեկութիւններ,որոնք Թուրքիոյ պետութեան եւ բանակին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ են։ Օրէնքի նախագիծը սակայն չի պարունակեր օտարահպատակներու առեւանգման, կամ այլ պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւններու անդամներու գործունէութիւնը, այլ կը վերաբերի Թուրքիոյ այն քաղաքացիներուն,որոնք օտար գործակալութիւններու հաշւոյն լրտեսութիւն կը կատարեն երկրին մէջ։

                                                                                                                                                                        *

       Թուրքիոյ նախագահն ու Յունաստանի վարչապետը 20 Յուլիսին Կիպրոսի մէջ պիտի մասնակցին անջատ հանդիսութիւններու։Յունաստանի վարչապետը ներկայ պիտի գտնուի Կիպրոսի մէջ կայանալիք թրքական գրաւման դէմ կազմակերպուելիք հանդիսութեան, մինչ նոյն օրը Ռեճէպ Էրտողան գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ պիտի մասնակցի զինուորական տողանցքին եւ կազմակերպուելիք տօնախմբութեան՝ այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի հանրապետութեան ստեղծման առիթով։

    Մինչ Յունաստան եւ Թուրքիա կը ջանան բարելաւել իրենց միջեւ կապերը, հիւսիսային գրաւեալ Կիպրոսի խնդիրը կը շարունակէ մնալ խոչընդոտ մը՝ Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման ճիգերուն դէմ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles