«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Երբ փլուզումն ու անկարողութիւնը անսահման են, այլեւս «սահման» եզրոյթն ալ կը կորսնցնէ իր իմաստն ու կարեւորութիւնը։
Եւ հայրենի իշխանութիւնները կը սուրան դէպի անանյատակ անդունդն ի վար։ Սահմանազտման եւ սահմանագծման սկզբնական համաձայնութիւններէն, խորքին մէջ՝ պարտադրանքէն ետք, Պաքուն անգամ մը եւս կ՛արծարծէ սահմանադրութեան հարցը: Կարծէք թէ Արցախի մէջ իր սրբապղծած բազմաթիւ վանքերը եւ սրբատեղիները բաւ չըլլային, հիմա դարձեալ կը պղծէ պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը։
Պարզ ու մեկին. Պաքու կը պահանջէ Արցախի ոչնչացումն ու անհետացումը աշխարհի քարտէսէն։ Եւ այս մէկը ամենայն պաղարիւնութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ Ալիեւ կը հաստատէ, իբրեւ թէ Ատրպէյճանը երբեք տարածքային պահանջ չէ ունեցած որեւէ երկիրէ, եւ յատկապէս Հայաստանէն, շեշտելով, որ փոխարէնը՝ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ, Ատրպէյճանէն յստակօրէն տարածքային պահանջներ կան։
Մէկ կողմէ՝ Պաքու, եւ միւս կողմէ՝ Անգարա շարունակական ճնշում կը բանեցնեն Երեւանի վրայ։ Թէ՛ Էրտողան եւ թէ՛ Ալիեւ կը փորձեն իմաստունի դեր ունենալ։ Մէկը կը յորդորէ, թէ Հայաստան պէտք է հեռու մնայ Սփիւռքին ճնշումներէն, իսկ միւսը ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ ստութեամբ կը հաստատէ, թէ Ատրպէյճանը երբեք տարածքային պահանջ չէ ունեցած Հայաստանէն: Տակաւի՜ն, Երեւան անպայման որ պէտք է ճանչնայ Խոճալուի շինծու ջարդը, որ իրականութեան մէջ այդ օրերու ներ-ատրպէյճանական մութ հաշիւներու պատճառով էր։
Ներկայ իրավիճակը կը յիշեցնէ գիշատիչ ագռաւին տեսարանը, որ առօք-փառօք գործի լծուած է, ճաշակելու սատակ մը։ Դեռ աւելին, շատ աւելի հարազատօրէն կը յիշեցնէ Սուտանի մէջ առնուած եւ մրցանակ շահած նկար մը, ուր վիթխարի անգղ մը, դաւադիր կանգնած է պատրաստ ու կը սպասէ սովի հետեւանքով մահամերձ աղջնակի մը մահուան, որպէսզի գործի լծուի եւ լափէ իր որսը։
Այդ լուսանկարին պատմութիւնը նաեւ ունի աւելի՛ ահաւոր վախճան մը։ Արդարեւ, այդ ոսպնեակին ետին կանգնած՝ մրցանակակիր Քեւին Քարթըր, ժամանակ մը ետք հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ կը հարցադրուի, թէ ի՞նչ եղաւ այդ աղջկան ճակատագիրը, ան կը պատասխանէ, թէ դէպի օդակայան կը շտապէր, որպէսզի չփախցնէ իր թռիչքը։
Հարցադրողը, զարմացած Քարթըրի անձնասիրութենէն, պատասխանած էր, թէ ուրեմն նկարողն ալ իր կարգին անգղ մըն էր։ Աշխարհահռչակ լուսանկարիչը, խղճի խայթ ունենալով, քանի մը ամիս վերջ անձնասպան եղած էր։
Պարագան նոյնը չէ Երեւանի այժմու իշխանաւորներուն, որոնք չեն ենթագիտակցիր, թէ մեր հայրենիքին (ինչո՞ւ չէ նաեւ իրենց) վիճակը յար եւ նման է այդ մահամերձ աղջնակին եւ կը փորձեն անտարբերութիւն եւ լաւատեսութիւն «խաղալ»։
Ծանր ու օրհասական է Հայաստանի ապագան, արհաւիրքը կը ծանրանայ օր ըստ օրէ. եթէ ներկայ իշխանութիւնները չհեռանան, կրնայ պատահիլ միակողմանի սահմանազատում, սահմանագծում, այսինքն՝ հայաստանէն նոր բեկորներ հանգրուանաբար կը մտնեն Ատրպէյճան կոչեցեալ անգղին որկորը, նոյնիսկ կրնայ պատահիլ ԱՀԱՒՈՐԸ՝ սահմանադրութեան փոփոխութիւն, որ խորքին մէջ պիտի հասցնէ Հայաստանի պետականութեան կորուստին։