Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
25 Յունիս 2024
Երեքշաբթի, 25 Յունիսին, միջազգային լրատուամիջոցներու էջերուն եւ պաստառներուն պայթեցաւ լուր մը, թէ՝ Ճիւլիըն Ասանժ համաձայնութիւն մը կնքած է ամերիկեան արդարադատութեան իշխանութիւններուն հետ ու ազատ պիտի արձակուի Չորեքշաբթի, 26 Յունիսին:
Սա կը նշանակէ, որ մօտաւորապէս 15 տարի տեւած անհաւասար հակամարտութիւն մը՝ «Ուիքիլիքս»ի հիմնադիր Ճիւլիըն Ասանժի եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն միջեւ, վերջ կը գտնէ Ասանժի ազատ արձակումով. ասիկա համազօր է անվիճելի յաղթանակի՝ ընդդէմ աշխարհի հզօրագոյնը նկատուող պետութեան վրայ: Խորքին մէջ, Ասանժի անունը դարձած էր խորհրդանիշ՝ մամուլի ազատութեան եւ պետական ոճիրներու բացայայտման պայքարի, որուն տարբերակները յարաճուն տագնապներ կը ստեղծեն աշխարհով մէկ, եւ ո՛չ միայն իբրեւ բռնապետութիւն ճանչցուած երկիրներու մէջ:
Ի յայտ եկաւ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները «համաձայնութեան եկած» են Ասանժի հետ, ետ քաշած են 18 ամբաստանագիրներէն 17-ը եւ կ’ընդունին ազատ արձակել բազմաչարչար լրագրողը:
Համաձայնագիրը աղաղակող կերպով ձեւական է. Ասանժ ընդունած է մեղաւոր ճանչցուիլ գաղտնի տեղեկութիւններ հրապարակելուն համար: Եթէ բոլոր ամբաստանութիւնները հաստատուէին, ան կրնար 170 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ (խօսք կ’ըլլար նաեւ մահապատիժի մասին): «Ընդունած յանցանք»ին համար, անոր դէմ կ’արձակուի 5 տարի բանտարկութեան վճիռ, սակայն նկատի ունենալով, որ ան արդէն աւելի քան 5 տարիէ ի վեր բանտարկուած էր, ինքնաբերաբար ազատ կ’արձակուի:
Ի՞ՆՉ ԷՐ ՅԱՆՑԱՆՔԸ
Ո՞վ է Ճիւլիըն Ասանժ եւ ի՞նչ էր անոր յանցանքը, որուն համար ան իր կեանքի վերջին 62 ամիսները (աւելի քան 5 տարի) մաշեցուց Լոնտոնի հարաւը գտնուող Պելմարշ՝ խստագոյն հսկողութեան ենթակայ բանտին մէջ, օրական 23 ժամ պահուելով մեկուսի խուցի մը մէջ: Անկէ առաջ, մօտաւորապէս 6 տարի, իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ, վայելեց Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատան հիւրընկալումը. յետոյ, ամերիկեան բացայայտ ճնշումներու ենթարկուելով՝ էքուատորցիք Ասանժը յանձնեցին բրիտանական իշխանութիւններուն: Օրին, ձերբակալութիւնը տեղի ունեցաւ փողով-թմբուկով, «սքանչելի՜» ցուցադրականութեամբ…
Առանց խոր մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, յիշեցնենք, որ Ասանժ յանցաւոր հռչակուեցաւ ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ, երբ «Ուիքիլիքս»ը 2010-էն սկսեալ հրապարակեց լայնածաւալ գաղտնի տեղեկագիրներ, որոնք կը մերկացնէին ամերիկեան (եւ դաշնակից-գործակից) իշխանութիւններուն ոճիրները՝ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ (կային նաեւ այլ բացայայտումներ, որոնք «ներքին» բնոյթ ունէին, օրինակ Սի. Այ. Էյ.-ի լրտեսութիւնները ընդդէմ կարգ մը իրաւաբաններու, եւ այլն): Սա այն օրերուն էր, երբ ամերիկեան ուժերը, իբրեւ թէ «Քայիտա»ն ու նման «ահաբեկչական խմբակներ» հետապնդելու համար, ներխուժած էին յիշեալ երկիրները եւ բառին ամէնէն պարզ իմաստով, աւելի շատ թաց ճիւղեր այրած էին, քան չորերը (սա նաեւ նախադուռն էր «Արաբական գարուն»ին…): Գաղտնազերծուած արխիւներէն ի յայտ եկած էին դաւադրի ծրագիրներ, բայց մանաւանդ անտեղի սպանութիւններ. ամէնէն ցնցիչներէն մէկն էր այն ժապաւէնը, ուր բացայայտօրէն կ’երեւէր, որ ամերիկեան զինուորական ուղղաթիռէ մը կրակ կը բացուի նախապէս յարձակման ենթարկուած քաղաքայիններու օգնութեան փութացող քաղաքայիններ, լսելի էր հրահանգ տուողներուն ձայներուն արձանագրութիւնը: Մէկ խօսքով, Ասանժ եւ գործակիցները աշխարհին ցոյց տուած էին, թէ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն տարածելու յոխորտանքով՝ Աֆղանիստան եւ Իրաք (եւ այլուր) ներխուժած ամերիկեան եւ դաշնակից բանակները (ցանաքային եւ օդային ուժեր) ինչպիսի՜ ահաւոր բաներ կատարած էին հոն: (Արդեօք Թէքէեան պիտի կրկնէ՞ր «Ահաւոր բան մը այնտեղ…»ը):
ՅԱՆՑԱԿԻՑՆԵՐ
Ասանժ առանձին չէր գործած: Անոր նշանաւոր հրապարակումներուն (Ուիքիլիքս-ի ճամբով) առատ նիւթ հայթայթած էին ամերիկեան վարչամեքենային եւ բանակին մէջ գործողներ, որոնք ականտես եղած էին ոճիրներուն ու անհարկի սպանութիւններուն եւ մերժած՝ հանդուրժել ոճիրները: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը կը կոչուէր Պրէտլի Մէնինկ, 20-21 տարեկան զինուոր մը, որ ձերբակալուեցաւ եւ իբրեւ դաւաճան՝ բանտարկուեցաւ (յետոյ ազատ արձակուեցաւ եւ… սեռափոխութեան ենթարկուելով՝ կեանքը կը շարունակէ Չելսի Մէնինկ անունով):
Ամերիկեան իշխանութիւնները ահ ու դողի մատնուեցան քանի մը պատճառով: Այդ ինչպէ՞ս կ’ըլլար, որ իրենց քթին տակէն գաղտնի փաստաթուղթեր դուրս կը սպրդեցուէին, յետոյ ալ իրենց ոճրային արարքները կը ցուցադրուէին աշխարհի աչքերուն առջեւ: Սա «լրտեսութիւն» էր, «դաւաճանութիւն»: (Ոճիրը ոճիր ըլլալէ կը դադրի՞, եթէ մարդիկ չիմանան…): Կարելի չէր լուռ անցնիլ, այլ պէտք էր լա՛ւ դաս մը տալ Ասանժներուն, որոնք մամուլի ազատութեան իրաւունքին յենելով եւ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼՈՒ նախանձախնդրութեամբ կը գործէին: Ի՜նչ հոգ, որ բացայայտումները կրնային չարաշահուիլ, վառելանիւթ տրամադրել մէկ կողմէ՝ ամերիկեան ընտրապայքարներու եւ միւս կողմէ՝ միջազգային մրցակցութիւններու:
Աւելի քան տասնամեակ մը տեւած դատական հետապնդումներու քաշքշուքներուն զուգահեռ՝ գօտեպնդող վիճակ մը տարածուեցաւ երկրէ երկիր: Ասանժի պաշտպանութեան համար, գործի լծուեցան մամուլի, խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, ականաւոր դէմքեր, առանց մոռնալու… Աւստրալիոյ կառավարութիւնը, որուն մէկ հպատակն է Ասանժ: Ցոյցեր, հաւաքներ եւ դատապաշտպանական լայնածաւալ շարժումներ իրարու յաջորդեցին (երբեմն ալ մարեցան): Ամէնէն ուժեղ հնչող պահանջը հետեւեալն էր. «Մի՛ սպաննէք պատգամաբեր-լրաբերը» (Don’t kill the messenger!):
Չմոռնանք, որ Ասանժը վարկաբեկելու ահաւոր արշաւներ ալ տարածուեցան: Ամէնէն աղմկոտը՝ Շուէտի իշխանութիւններուն կողմէ դատական հետապնդումի որոշում մըն էր, որովհետեւ Ասանժ «սեռային բռնութեան արարք» մը գործած էր հոն: Շուէտ կը պահանջէր որ Ասանժ իրեն յանձնուի, իսկ ինք ալ զայն պիտի յանձնէր Միացեալ Նահանգներուն: Երկար լարախաղացութիւններէ ետք (մեղադրեալին յանցանքը յստակօրէն չապացուցուեցաւ), շուէտացիք հրաժարեցան հետապնդումէն ու Ասանժ մնաց Լոնտոնի բանտախուցին մէջ:
Ասանժ եւ իր պաշտպանները, իրաւաբանները եւ հրապարակային ցոյցերու դիմողները աւելի քան տասնամեակ մը պայքարեցան անոր ազատ արձակման ի խնդիր. Ասանժ մերժեց յանձնուիլ շուէտական ու ամերիկեան իշխանութիւններուն, հաստատ մնաց իր իրաւունքներուն պաշտպանի կօշիկներուն մէջ, մերժեց բոլոր մեղադրանքները եւ չվախցաւ յայտարարելու, որ ինք իր լրագրողի գործը կատարած է իշխանաւորներու ոճիրները բացայայտելով: Անոր պաշտպաններէն մէկը առիթով մը իրաւամբ ըսած է. ամերիկեան կառավարութիւնը «լրտեսութեան դէմ օրէնք»ին որդեգրումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով զայն կ’օգտագործէ լրագրութեան դէմ…
ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԸ
Կիրակի գիշեր աւարտած «սակարկութեան» հիմամբ, ինչպէս նշեցինք, Ասանժ կ’ընդունի թէ յանցանք մը գործած է, եւ սա «յաղթող»ի պատրանք մը կը բերէ ամերիկեան կողմին: Ամերիկեան կողմն ալ բաւ կը նկատէ անոր բանտարկութիւնը եւ կ’արտօնէ, որ ան դուրս գայ լոնտոնեան բանտէն, օդանաւ բարձրանայ եւ Պանքոքի վրայով, հասնի Խաղաղականի մէջ գտնուող Մարիանա արշիպեղագոսի ամէնէն մեծ կղզին՝ Սայփէն, ուր պիտի ներկայանայ ամերիկացի դատաւորի մը առջեւ: Ու յանկարծ աշխարհը իմացաւ, որ Աւստրալիոյ հիւսիսը, Միացեալ նահանգներէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու, կայ Մարիանա անունող կղզիախումբ մը, որ ամերիկեան հող է… 1980-էն ի վեր (յիշենք նաեւ, որ 1982-ին, Բրիտանիան ալ պատմական պատերազմ մը մղեց Արժանթինի դէմ, իր հողերէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու գտնուող՝ Ֆոլքլէնտ կղզիներուն համար. սա հին գաղթատիրութեան նորաձեւ պահպանումն է): Ապա, ան ճամբորդութիւնը պիտի շարունակէ դէպի Աւստրալիա, վերամիանալու համար ընտանիքին: Աւստրալիոյ վարչապետը կրնայ հպարտանալ, որ իր միջամտութիւնը եւ Պայտընը համոզելու ճիգերը արդիւնաւորուած են:
Խորքին մէջ, եթէ սա շուրջ 15 տարիներու այլանդակ բեմադրութեան մը վերջին արարն է, լայն իմաստով բեմադրութիւնը վերջ պիտի չգտնէ, որովհետեւ, ինչպէս այս գայթակղութեան պայթումին առաջին օրերուն եւ յաջորդական փուլերուն՝ հիմա ալ այլազան արձագանգներ պիտի տարածուին աշխարհով մէկ, լուսարձակներ պիտի բերուին պետական ոճիրներու, զանոնք բացայայտողներու եւ այս ոլորտին մէջ անվերջանալի մրցակցութեանց վրայ:
«ՄԵԶԻ Ի՜ՆՉ…»
Հայ ընթերցողը պահ մը կրնայ հարց տալ. «Մեզի ի՜նչ, թէ Ասանժ յանցաւո՞ր էր, թէ՞ անմեղ: Այս հարցը ի՞նչ աղերս ունի մեր կամ աշխարհի այլ տագնապներուն հետ»: Փաստօրէն, ինչպէս նշեցինք, լուրին պայթումը առաջնային տեղ գրաւեց մամուլի հրապարակներուն, ետին ձգելով Ուքրայինա՛ն ալ, Կազա՛ն ալ, ամերիկեան ու ֆրանսական ընտրական թղթածրարնե՛րն ալ, բնական աղէտնե՛րն ալ, եւ շատ ու շատ հարցեր:
Մեզի համար կան շահեկան մէկէ աւելի կէտեր:
Այս եղելոյթը անգամ մը եւս կը յուշէ, որ արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հետապնդման դրօշակիրները ահաւոր կերպով կամայական են եւ կողմնակալ, մինչեւ իսկ պատրաստ են իրենց… ոճիրները ծածկելու փորձ կատարելու:
Վերստին կը հաստատուի այն ճշմատրութիւնը, թէ յանցաւորները ընդմիշտ չեն կրնար քողարկուած մնալ, միշտ ալ պիտի ըլլան արդարամիտներ, որոնք տեղ մը պիտի պայթեցնեն սուտի ու կեղծիքի փուչիկը (անցեալին ալ նման բացայայտումներուն շարաններ կազմուած են, նշանաւորներէն մէկն էր տխրահռչակ Նիքսընն ու «Ուոթըրկէյթ»ը):
Անգամ մը եւս կը փաստուի, յիշեցում կը կատարուի, որ «ահաբեկիչներու հետապնդում»ը ինչպիսի՜ կամայականութիւններու եւ շահադիտական մօտեցումներու ենթակայ է: Աշխարհը կը յիշէ, պէ՛տք է յիշէ, որ այս կամ այն ահաբեկչական խմբակը հետապնդողը (յաճախ իր իսկ կողմէ կազմաւորուած ու հովանաւորուած), հիմա լուռ ու ձեռնածալ կը մնայ ահաբեկչական այլ արարքներու եւ խմբակներու, մինչեւ իսկ ոճրագործ պետութիւններո՛ւ դիմաց (Թուրքիա, Ազրպէյճան, Իսրայէլ եւ ուրիշներ): Ասանժը արդարօրէն պաշտպանողները ինչո՞ւ կը նախընտրեն կոյրի եւ մունջի դեր խաղալ՝ ի տես շարունակուող պետակա՛ն ոճիրներուն:
Գալով մեր «փոքր ածու»ին: Մենք ալ ունինք քաղաքական բանտարկեալներ, Հայաստանի եւ Պաքուի մէջ. Երեւանի իշխանութիւններուն յանցաւոր եւ կրաւորական ընթացքին մասին չ’արժեր երկար խօսիլ, այլ սա կ’արձանագրենք յիշեցման կարգով: Աւստրալիոյ վարչապետը կ’ըսէ, թէ աշխատանք տարած է Ասանժը ազատ տեսնելու համար, իսկ Փաշինեան ո՛չ միայն անտարբեր է Պաքուի մէջ դատուողներուն հանդէպ (կը մնայ սնամէջ խօսքի սահմաններուն մէջ), այլ նորանոր ձեւեր կը հնարէ… Հայաստան ապաստանած արցախցիները եւ պետական ներկայացուցիչներ հետապնդելու համար (նահատակներու ծնողներուն դէմ բռնարարքները մոռացութեան մատնելու ճի՞գ մը՝ արդեօք): Եւ ասոնք փաստացի են, ո՛չ թէ յերիւրանք ու զրպարտութիւն…
Կ’արժէ արձանագրել, որ մեր հայրենիքը՝ Հայաստան եւս կարիքը ունի Ասանժներու, որովհետեւ Երեւանի իշխանութիւններն ալ գաղտնի ու բացայայտ օրինազանցութիւններ կ’ընեն, հրապարակային ձերբակալութիւններ եւ ցուցարարներու խոշտանգում կը բեմադրեն, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին համար շա՜տ աւելի վնասարար ընթացքի մէջ են, քան Ասանժի ու գործակիցներուն բացայայտածները (անոնք մարդկութեան դէմ ոճիրներ ցոյց տուին, մինչդեռ Հայաստանի մէջ թշնամիին հողեր կը յանձնուին ամէն տեսակի խայտառակ «չքմեղանք»ով):
Ասանժի հարցին բարւօք փակումը յուշարար է, թէ անարդար եւ կամայական տնօրինումներ դատապարտուած են անվաղորդայն մնալու, ճշմարտութիւնը ի վերջոյ յաղթական դուրս կու գայ: