Ուրախ Չենք, Որովհետեւ Տխուր Ենք

1 0
Read Time:2 Minute, 57 Second

Գէորգ Պետիկեան

Շատերու նման դուք ալ նկատած էք, թէ այս օրերուն, մեզմէ շատերու դէմքերուն վրայ չորցած է ժպիտ ըսուածը: Չկայ: Բացառութիւններու մասին չէ խօսքս: Այնպէս կ՛երեւի, թէ ամէն մարդ տխուր է: Որո՞ւ որ հանդիպիս նոյն պատասխանը կը ստանաս.
– Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս խնդամ…խնդալու բան մը կա՞յ…ի՞նչ բանի համար ուրախանամ:
Սակայն մենք զմեզ չխաբենք…ամէն բան բացայայտ է…ընտանեկան մթնոլորտ, ազգային իրավիճակ, Արցախ, հայրենի ներքին եւ արտաքին հարցեր, արտագաղթ, Սփիւռքեան հին ու նոր ճգնաժամեր, անգործութիւն, ամուսնալուծում, օտար ամուսնութիւն, պատանի, զաւակ, ազգականական կապեր, հիւանդութիւն, անգործութիւն, կեանքի անորոշութիւն:

Մնացեալը դո՛ւք շարունակեցէք:
Այս բոլոր հարցերը «մաշեցուցած» են մեր ներաշխարհը: Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս ուրախանալ: Նոյնիսկ համայն աշխարհը տխուր է: Եթէ հետեւիք քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դէպքերուն, արդէն արդարացուցած կ՛ըլլաք այս տողերէն ծորող մտահոգութիւնը:

Ու կրնաք եզրակացնել, թէ այս օրերուն մարդիկ տեսակաւոր ու բազմազան հոգեր ունին: Ուրեմն ինչո՞ւ զարմանալ, երբ մեզմէ որեւէ մէկուն դէմքին վրայ ժպիտ չենք նկատեր: Արդէն այս իսկ պատճառներով ժպիտ ըսուածը շատոնց չորցած կամ սրբուած է շատերու բառարաններէն, ըլլան անոնք՝ ծնողք, զաւակ, ուսուցիչ, տնօրէն, ընթերցող, խմբագիր, առաջնորդ, ղեկավար, կուսակցական, միութենական գործիչ:
– Ինչո՞ւ մարդիկ իրենց նախկին ժպիտը չունին,- երբեմն ես ինծի հարց կու տամ: Ու որքան ալ փորձեմ արդարանալ եւ պատասխանով համոզուիլ՝ նոյն եզրակացութեան կը յանգիմ: Մարդոց մօտ կայ լուռ տառապանք մը, որ չի խաղաղիր: Վաղուան անստգութիւնը, որ կարելի չէ բացատրել: Ու եթէ փորձենք աւելի խորանալ, կը տեսնենք որ այս ժպիտ ըսուածին չքացման եւ տխուր իրավիճակի գլխաւոր պատճառը մեր անմխիթար կացութիւնն է:
Յուսահատութիւն, առաւել յուսախաբութիւնը…արդէն գողցած եւ մեզմէ հեռացուցած են մեր ուրախութիւնը: Ներքին ու արտաքին զանազան պատճառներով, կորսնցուցած ենք կեանքի մեր հաճելի ընկերակիցը՝ ժպիտը։
Նորութիւն չէ: Նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը:

Կրկնութեան գնով ըսեմ. տխուր է հայրենի մեր ժողովուրդը, ինչպէս՝ սփիւռքահայը:

Սկիզբը շեշտեցի, որ բացառութիւններու մասին չէ խօսքս ու նաեւ աւելցուցի, թէ աշխարհն ալ ուրախ չէ: Մեր ուղեղները կարծես միայն տխրութիւն կ՛արտադրեն ու մեզ դէպի յուսալքութիւն կ՛առաջնորդեն:
Ահա հին ու նոր ճգնաժամ: Ուրախութիւնը երազ, կամ՝ երազի մը մէջ կորսուած փափաք դարձած է: Ամէն վայրկեան կաթիլ մը տրտմութիւն, պատառ մը ճիչ, մտահոգութիւն կամ հառաչանք ունինք:
Հոգեկան անկում է այս մէկը: Նման մարդոց հետ խօսելով կը գտնես թագնուած խորութիւնը կեանքին ու անոր ընկերացող վիշտերուն: Կը զգաս, որ մարդիկ հետդ կը խօսին, բայց անոնց ձայնը ուրիշ բան կ՛ըսէ:
Յստակ է, թէ տխրութեան ծանր եւ թանձր ամպերը նստած են մարդոց հոգիներուն վրայ: Ու տխրութիւնը տեսակաւոր է: Շատեր իրենց չունեցած դրամին, առողջութեան կամ ստացուածքին համար տխուր են: Ուրիշ մը, տխուր է, որովհետեւ իր ընտանիքէն ներս խաղաղութիւնը կորսուած է, գործերը ձախող ընթացած են, կամ՝ անհրաժեշտ դրամը չունի: Անդին, ուրիշ մը, քիչ դրամ ունի եւ աւելի շատը ունենալու մարմաջով կը տառապի: Մէկը իր ունեցածը կորսնցնելու վտանգին դիմացն է, կամ հիւանդ է, կամ՝ իր տան մէջ հիւանդ ունի, հաւանաբար՝ մօտիկ սիրելի մը կորսնցուցած է:
Ահա պատճառներ, որոնց համար կը կարծեմ, որ ընդհանրապէս բոլորով տխուր ենք:
Բայց, ըսէ՛ք խնդրեմ, ո՞վ պէտք է ժպտի. բժի՞շկը հիւանդին…,թէ՛ հիւանդը բժիշկին…աշակե՞րտը…, թէ՛ ուսուցիչը…, աղքա՞տը… թէ՛ հարուստը, զաւակը ծնողքի՞ն…, թէ՞ ծնողքը զաւակին:
Ինչպէ՞ս կարելի է տխրութեան այս մշուշը մարդոց հոգիներէն դուրս բերել:
Դարը արագավազ է. ամէն վայրկեան այս յանկերգը կը կրկնենք ու կը փորձենք մենք զմեզ համոզել եւ արդարանալ: Այս օրերուն, կ՛երեւի, ամէն տեղ այս է իրականութիւնը: Այս է նաեւ մեր դարու չգրուած օրէնքն ու կարգը:
Իսկապէս կարիքը ունինք արժէքներու, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի կեանքի դրական կողմերը եւ դիմագիծ կու տան մեր օրերուն: Այլ խօսքով՝ նոր հաւատքի, երազի եւ գեղեցկութեան փնտռտուք:
Ե՞րբ պիտի կրնանք ազգովին ջերմութեամբ ժպտալ: Անիմաստ է դէպքեր թուարկել: Ա՜լ յոգնեցանք կրկնելէն: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ու քաջածանօթ ենք այդ բոլորին:
Կարեւորը՝ դեղատոմսն է:

 

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles