ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 51 Second

Իրաւապահները տակաւին ոչ մէկ պատասխան ունին 12 Յունիսին արձանագրուած դէպքերուն վերաբերեալ, թէ ինչու որոշում տրուած է լուսաձայնային նռնակներ գործածելու, ինչ տեսակի նռնակներ գործածուած են։Անոնք արտօնելի՞ տեսակ են, թէ ոչ։

Ներքին գործոց նախարարութիւնը դէպքէն 30 օր ետք տեղեկատու կարգ մը աղբիւրներու հարցումներուն պատասխանելով՝ յայտնած է, թէ ներկայիս ոչ մէկ տեղեկութիւն կրնայ հաղորդել, որովհետեւ դէպքին շուրջ յետաքննութիւն կ՛ընթանայ։

Ըստ իրաւաբան Զարուհի Յովհաննիսեանի, պետութիւնը ցարդ չէ յաջողած ամբողջական տեղեկատուութիւն տրամադրել հասարակութեան, թէ ինչու այդ միջոցները կիրառուած են։ Ան նաեւ յիշեցուց, թէ պէտք չէ,  մոռնալ, որ հարիւրէ աւելի մարդ տուժած է՝ ոստիկանութեան կողմէ կիրառկուած միջոցներուն եւ որդեգրուած քայլերուն պատճառով։Հասարակութիւնը տակաւին կը սպասէ, որ յստակ բացատրութիւն տրուի, թէ ինչու լուսաձայնային արգիլուած նռնակներ գործածուած են։

*

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքացիական ապահովութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով տեղակալ Ազրա Զեյա հարցազրոյցի մը մէջ հաստատեց,որ ամերիկեան բանակէն ներկայացուցիչ մը պիտի աշխատի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։ Ան մանրամասնութիւններ չհաղորդեց։

Զեյա այս գործակցութիւնը համարեց ողջունելի զարգացում մը, նաեւ ողջունելով Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ պաշտպանութեան, քաղաքացիական եւ ապահովութեան համագործակցութեան խորացումը։ Ան ըսաւ, որ այս զարգացումները ցուցանիշ են, թէ հայեւամերիկեան յարաբերութիւնները ռազմավարական նոր հանգրուան կը թեւակոխեն։ Տեղին է նշել, որ ապրիլին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին յայտարարած էր, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամերիկացի խորհրդական մը պիտի ունենայ։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ հայեւամերիկեան ռազմափորձերը մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն Հայաստանի ապագային կապակցաբար։ Ան կ՛ակնարկէր «Արծիւ գործընկեր 2024» ռազմափորձին, որ ընթացք առած էր 15 Յուլիսին։

Ըստ Զախարովայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան խնդիրն է փորձել ամրապնդուիլ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ ի վնաս շրջանի պետութիւններուն աւանդական գործընկերներուն եւ հաւանաբար ասիկա կարելի է իրականացնել Հայաստանի տարածքին մէջ։ «Նման կշռոյթով խորացնելով համագործակցութիւնը անոնց հետ, որոնց նպատակը, ինչպէս կը յայտարարեն Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութիւնն է, վտանգ կայ, որ Երեւան իր ձեռքերով ապակայունացնէ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը՝ ի վնաս նաեւ իր սեփական ապահովութեան», ըսաւ ան։

*

Կառավարութիւնը մէկ միլիառ 49 միլիոն դրամ յատկացուց պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին,որպէսզի ծառայողական 49 ինքնաշարժ գնուի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու համար։ Նիկոլ Փաշինեան երբ ընդդիմադիր էր,  կը պահանջէր, որ ընդամէնը 30-35 ծառայողական ինքնաշարժ յատկացուի յատուկ պահպանութեան ենթակայ պաշտօնեաներու համար։ Ըստ փտածութեան դէմ պայքարի «Թրանսփարընսի»  կեդրոնի հանրային գնումներու ծրագրերու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանի, քաղաքական որեւէ ուժ, երբ իշխանութեան կը հասնի, որոշ ժամանակ ետք կ՛առնէ համը իշխանութեան եւ կը մոռնայ, թէ ինչ ըսած է, երբ իշխանութեան վրայ չէր գտնուէր։

Տեղին է նշել, որ ծառայողական 49 ինքնաշարժ գնելու հարցը կառավարութեան օրակարգի չզեկուցուող կէտերէն էր եւ անիկա չքննարկուեցաւ, այլ ընդունուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ չզեկուցուող հարցերու փաթեթով։

*

Մ․Ա․Կ․-ի մէջ ներկայացնելով Մ․Ա․Կ․-ի կայուն զարգացման օրակարգի եւ նպատակներու եւ թիրախներու իրականացման յառաջընթացը ամփոփող Հայաստանի հանրապետութեան երրորդ կամաւոր ազգային զեկոյցը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հայաստան կը շարունակէ ճիգեր թափել՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման նպատակով։Ան աւելցուց, որ Հայաստան նաեւ կը շարունակէ ճիգերը՝ կառուցային սահմանափակումները եւ խոցելիութիւնը յաղթահարելու համար։

Խօսելով Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրման հեռանկարներուն մասին, Միրզոյեան նշեց, որ Հայաստան անկեղծ է իր ճիգերուն մէջ՝ հիմնուելով իրարու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքին վրայ, որ նաեւ կը ներառէ շրջանային փոխադրութեան ենթակառոյցներու ապաշրջափակում։«Այս պատկերացմամբ  ալ Հայաստան նախաձեռնած է Խաղաղութեան Խաչմերուկ ծրագրին, որ կը հետապնդէ Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու միջեւ հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացումը, այդպիսով հարաւային կովկասեան շրջանի յարաբերութիւններու ամբողջ տրամաբանութիւնը հակամարտութիւններէ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան փոխակերպերով», յայտնեց Միրզոյեան։

*

Տարիներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն դեսպանները ի վերջոյ վաւերացուցին Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւններ սկսելու Եւրոպական Յանձնաժողովի առաջարկը։

Այս հաւանութենէն ետք, հարցը պաշտօնապէս պիտի քննարկուի Եւրոպական Խորհուրդին կողմէ, ապա պիտի փոխանցուի Եւրոպական Յանձնաժողովին, որ իր կարգին պիտի յայտարարէ, թէ երբ ընթացք պիտի առնեն բանակցութիւնները եւ թէ գործողութիւններու ինչ ծրագիր պիտի ներկայացուի Երեւանի իշխանութիւններու։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պիտի ներկայացուին կատարուած քայլերու մասին տարեկան զեկոյցներ։ Պէտք է նշել,որ Մոլտովայի պարագային այս հոլովոյթը տեւեց չորս տարի, Վրաստանի պարագային՝ հինգ, Ուքրայինայի պարագային՝ 9 տարի։ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները 10 տարիէ աւելի կը շարունակուին։ Այնպէս որ ամէն մէկ երկիր տարբեր կերպ կը կտրէ այս ճանապարհը։Ասիկա հոլովոյթին սկիզբն է, ո,ր իր աւարտին հասցնելու համար ժամանակ կը պահանջուի։

Հայաստանի պարագային ընդունուած որոշման մէջ նշուած է, թէ վիզաներու պահանջը կը հանուի անհրաժեշտ բոլոր չափանիշերուն լիարժէք բաւարարման պարագային։ Իբրեւ կանոն, Պրիւքսէլ կ՛առաջադրէ չորս հիմնական պահանջ՝ սահմաններու կառավարումէն մինչեւ կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան դէմ պայքար։ Ասոնք հարիւրաւոր էջերէ բաղկացած ծաւալուն պահանջներու ցանկ մըն են, որ Հայաստան պէտք է իրագործէ եւ ասոր համար տարիներ կը պահանջուին։

*

Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ պիտի ցուցադրուի Անահիտ չաստուածուհիին պրոնզէ արձանին պահպանուած գլուխն ու ձեռքը։ Ցուցադրութիւնը պիտի կազմակերպէ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, որուն գործունէութեան 105-ամեակը պիտի նշուի այս տարի։

Անահիտ չաստուածուհիին պրոնզէ արձանին գլուխը եւ ձեռքը կը գտնուին Բրիտանական թանգարանին մէջ, որուն հետ համագործակցութեան միացեալ ծրագրերու կազմակերպումը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին վարկանիշը պիտի բարձրացնէ։ Ցուցահանդէսին բացումը նախատեսուած է 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան օրուան տօնախմբութիւններուն ծիրին մէջ։

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles