ԱրտերկիրԼրահոս

Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին Մէջ Ցուցահանդէս Նուիրուած Երուսաղէմի Հայութեան

 

Լիզպոնի Հայկական համայնքներու վարչութիւնը եւ «Կիւլպէնկեան» արուեստի գրադարանը եւ Արխիւը միասնաբար կազմակերպած են «Հայերը եւ Երուսաղէմը» խորագիրով ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէ սփիւռքի առաջին եւ ամենահին հայկական համայնքի հա-զարամեայ պատմութիւնը։ Երուսաղէմի հայկական թաղամասը Հին քաղաքի չորս թա-ղամասերէն մէկն է՝ անզուգական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան տունը։

2023 թուականին Փարիզի մէջ ի յայտ եկած Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենդարանի կառուցման վերաբերող արխիւները մեկնակէտը հանդիսացան ցուցահանդէսի մը, որ կ՚անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի միջեւ եղած սերտ կապին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ քաղաքին հետ անձնական կապին։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է նորայայտ փաստաթուղթերէն ընտրանի մը՝ Կիւլպէն-կեանի եւ ժամանակի պատրիարքներու նամակագրութեանց, եկեղեցւոյ կրօնական իրեր, Երուսաղէմէն փոխառուած հազուագիւտ եւ եզակի յախճապակեայ կտորներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութենէն փոխառուած Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի՝ Սուրբ Գլխադրի մատռան 18-րդ դարու ասեղնագործ վարագոյր մը Նախիջեւանէն, որ Լիզ-պոն փոխադրեց եւ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Երուսա-ղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան թանգարան»-ի տեսուչ՝ Արշակ աբղյ Ղազարեան։

Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան մշտապէս ամուր հոգեւոր կապ ունեցած է Սուրբ քա-ղաքին հետ եւ զգալի բարեսիրական ծրագրեր իրագործած է Սուրբ Աթոռէն ներս, մինչեւ իսկ իր ծնողներու՝ Սարգիս եւ Տիրուհի Կիւլպէնկեանի յիշատակին կառուցած է «Կիւլպէն-կեան» մատենադարանը։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը շարունակէ իր հիմ-նադրին աւանդութիւնը՝ աջակցելով Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին եւ Հա-յոց պատրիարքութեան։

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 20-ին Լիզպոն եւ պիտի շարունակուի մին-չեւ Սեպտեմբեր 22, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Արուեստի գրադարանի «Աթրիում»-ին մէջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button