ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ա.Ա.
Քաղաքական սակարկութիւններուն մէջ փոխադարձ զիջում հասկացողութիւնը գործադրելի կ՛ըլլայ, երբ կողմերը պատրաստ են զիջումներու, որպէսզի սեղանին դրուած խնդիրները եւ հարցերը լուծուին Փոխադարձ զիջումները ծանր գին ունին, որոնք սակայն կը նպաստեն,որ տարակարծութիւններու պատճառ դարձած հարցեր լուծուին եւ ամբողջական հանգուցաքակում տեղի ունենայ՝ նպաստաւոր պայմաններու ստեղծմամբ։ Այս բովանդակութեան մէջ ալ պէտք է շեշտել, որ միակողմանի զիջում կը նշանակէ պարտութիւն եւ անձնատուութիւն, որովհետեւ խնդրին մէկ կողմը կը կատարէ զիջումներ, առանց դիմացը բան մը ստանալու։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կողմերէն կը պահանջէ ծանր փոխադարձ զիջումներ, որոնց պարագային միայն կարելի կ՛ըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքել եւ փակել տագնապին էջը։ Ամերիկացի բանբերը սակայն չմանրամասնեց, թէ ծանր փոխադարձ զիջում ձեւակերպումը գործածելով, ինչ ըսել կ՛ուզէ։ Հայաստան ինչպիսի զիջում պիտի կատարէ, որ համարուի ծանր։ Հո՞ղ պիտի զիջի, շրջան մը ամբողջ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան տա՞կ պիտի դնէ, թէ հողէ եւ ինքնիշխան տարածքներէ պիտի զիջի, որպէսզի ատրպէյճանցիները ի վերջոյ համաձայն գտնուին խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու։
Հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը հաստատէ, որ հայկական կողմը զիջելու ոչինչ ունի։ Այս հաստատման ետին յստակօրէն կը նկատուին Սիւնիքի շրջանին կապուած մտավախութիւնները, մանաւանդ երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը յայտարարէր,որ «մենք ամէն ինչ քննարկած ենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մենք պէտք է բարձրացնենք խաղաղութեան առագաստները»։Թէ ինչ կը նշանակէ ամէն ինչ, քաղաքական փորձագէտներ նկատել կու տան, որ Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նկատի ունի այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը», որուն մասին ան կը շարունակէր իր յայտարարութիւնը եւ կը շեշտէր,որ միջանցքին բացումը կ՛ըլլայ «այս խաղաղութեան համաձայնագրին վերջնական քայլը եւ դրական արդիւնքներ կը բերէ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն համար»։
Ուաշինկթընէն իր վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Էրտողան նաեւ կ՛ըսէր.- «Զանգեզուրի միջանցքը ռազմավարական է եւ օգուտ կը բերէ բոլոր կողմերուն՝ Ատրպէյճանին, Հայաստանին եւ Իրանին։Երբ այս միջանցքը գործէ, պիտի հեշտացնէ բոլոր կողմերուն գործը», կ՛աւելցնէր ան, յիշեցնելով,որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս միջանցքին։
Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական մեծ ազդեցութիւն եւ շահեր ունեցող Իրանի հակազդեցութիւնը՝ Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւններուն, թէեւ քիչ մը ուշ, սակայն յստակ պատգամներ կը փոխանցէր։ «Իրանի համար կարեւոր է Սիւնիքի մարզին ապահովութիւնը, որովհետեւ անիկա ռազմավարական շրջան մըն է, որ մեծ դեր ունի ապահովութեան եւ առեւտուրի ապահովման համար՝ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Կապանի մէջ ալ Իրանի հիւպատոսութեան բացումը նպաստեց սահմանային հաղորդակցութեան բարելաւման», յայտարարեց Իրանցի դեսպանը SNN լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ՝ յստակօրէն բանաձեւելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին նկատմամբ Իրանեան վարչակարգին մերժողական կեցուածքը։
Իրանի դեսպանին այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ Երեւանի իշխանութիւններուն այն պնդումը, թէ Ատրպէյճանի պատկերացուցած միջանցքը Երեւանի համար կարմիր գիծ եւ Հայաստանէն տարածքային պահանջ է,առաւել կը շեշտադրէ Հայաստան – Իրան համակարգում մը՝ Սիւնիքի մարզին կապակցաբար եւ կը մերժէ այն բոլոր նկրտումները, զորս ունին ատրպէյճանցիները՝ Սիւնիքի մարզին նկատմամբ։ Այս ծիրին մէջ ալ բովանդակութիւն կը ստանայ Հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութեան այն համոզումը, թէ Միլըր՝ փոխադարձ զիջում եզրը գործածելով, ի մտի ունի Սիւնիքի մարզը, ուրկէ ամերիկացիներուն հաշւոյն ալ կու գայ ատրպէյճանական միջանցքի մը անցումը։Երեւանի իշխանութիւնները հաստատ պէտք է մնան իրենց կեցուածքին վրայ եւ չկքին ամերիկեան թուրքեւամերիկեան ճնշումներու դիմաց՝ Սիւնիքի մէջ ատրպէյճանցիներուն միջանցք մը տրամադրելու խիստ վտանգաւոր ծրագրին կապակցաբար։