ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ՄԸ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 7 Second

Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Մեկնաբաններ էջեր մրոտեցին եւ պիտի շարունակեն մրոտել, կիզակէտ ունենալով  տարօրինակ մահափորձը՝ Ա․Մ․Ն․ նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Տոնըլտ Թրամփի դէմ։

Այո՛. տարօրինակ իր ոճով, իր բեմագրութեամբ եւ իր «թայմինկ»-ով։

Արդէն իսկ բեւեռացած մթնոլորտի մէջ, Շաբաթ, 13 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6։01-ին արձանագրուած դէպքը՝ Փենսիլվանիոյ Պաթլըր քաղաքին մէջ, յաւելեալ հրահրումի տարաւ կացութիւնը։

Դէպքը պատահեցաւ Ուիսքանսընի մէջ նախատեսուած՝ հանրապետականներու պաշտօնական հաւաքէն միայն երկու օր առաջ։ 15 Յուլիսին պիտի յայտարարուէր պաշտօնապէս, թէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն Տոնըլտ Թրամփն է։ Այդպէս ալ եղաւ, հրապարակուեցաւ նաեւ փոխ նախագահի թեկնածուին ինքնութիւնը:

Վերլուծումներն ու կիսատ-պռատ կարծիքները այնքան շատ ու անհաւատալի են, որ կարելի է քանի մը հաստափոր ու լայնածաւալ գիրք լոյս ընծայել կամ վաւերագրական եւ մութ ոճրային ժապաւէններ («Սերի Նուար») պատրաստել։ Հարցը հասաւ հոն, որ քանի մը «իմաստո՜ւն մասնագէտներ» ամբաստանեցին… Իրանը: Էական հարցումներ եւ իսկական հեղինաներու որոնումը կը մնան քողարկեալ, կրնայ մի՛շտ ալ այդպէս պահուիլ, ինչպէս պատահեցաւ Ճոն Քենետիի սպանութեան պարագային (չենք բաղդատեր):

Ծայրայեղ յետամնաց աջակողմեաններ այպանեցին ապահովութիւնը ստանձնած մարմինը, որոնց մաս կը կազմէին իգական սեռի պատկանող խումբ մը մասնագէտներ, հարց տալով, թէ կիներու որքա՞ն կարելի է վստահիլ, կամ՝ արդեօք լաւապէս մարզուա՞ծ են։ Խեղկատակութիւնը հասաւ հոն, ուր ոմանք ըսին, թէ նախագահական թեկնածուն պաշտպանելու կոչուած հերոսուհիները, իրենց վտիտ մարմիններով, յարմար չեն պաշտպանելու հսկայ Թրամփը։

Ստեղծուած կացութեան դիմաց, արդեօք ի՞նչ պիտի ընէր իր մրցակիցն ու ներկայ նախագահ Ճօ Պայտընը։ Դեռ երկու շաբաթ առաջ, երկու թեկնածուները դէմ առ դէմ բեմահարթակ բարձրացած էին եւ ստեղծուած էր այլ տարօրինակ կացութիւն մը, երբ մէկ կողմէ՝ քաղաքական իրական աշխարհէն բոլորովին հեռու, եւ միւս կողմէ՝ յիշողութիւնը հետզհետէ կորսնցնող տիպարները (ան)բանավէճի մտած էին, մոլորեցնելով արդէն իսկ բաւական մը մոլորուած քուէարկողներ։

Պայտըն դատապարտեց եղածը, ցաւակցեցաւ մրցակիցին եւ յայտարարեց, թէ  պիտի ընդհատէ իր յարձակողական ծանուցումները, որոնք կը սփռուէին լսատեսողական «էջեր»-է՝ մետիայի ճամբով, ապա ան կոչ ուղղեց միասնականութեան։ Միասնականութիւն՝ որ խորքին մէջ գոյութիւն չունի եւ որուն պատճառով է, որ այսպիսի արարքներ կը պատահին։ Ի դէպ, բեւեռեալ մթնոլորտը միայն Միացեալ Նահանգներու մենաշնորհը չէ, այլ իր տիրապետութիւնը տարածած է հզօր ու տկար որակուած երկիրներու վրայ:

Դէպքէն ետք, ինքզինք վերագտած եւ ոտքի կանգնած Թրամփ, ներկաներուն բռունցքը ցոյց տալով՝ «Պայքա՛ր, պայքա՛ր եւ պայքա՛ր» բացագանչեց, թիկնապահներու խիստ հսկողութեամբ մտաւ ինքնաշարժ եւ ուղղուեցաւ հիւանդանոց։

Յիշատակելի է մահափորձի զոհ գացած Ճոն Քենետիի մէկ խօսքը․- «Ո՞վ գիտէ թէ քեզ ի՞նչ կը հարուածէ։ Զէնքի մը կրակոցը լաւագոյն միջոցն է»:

Ի՜նչ նախատեսութիւն։ Այդպէս ալ եղաւ 22 Նոյեմբեր 1963-ին։

13 Յուլիս 2024-ի մահափորձը ձախողեցաւ, իսկ Թրամփի թեկնածութիւնը յաջողեցաւ եւ արդէն ըսող կայ, թէ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ իր ընտրական արշաւին, ստեղծուած ալիքը կրնայ զինք վերադարձնել Սպիտակ Տուն, եթէ դեմոկրատները մնան այդ ալիքին տակը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles