ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ ՄԸ ՍՐԲԱՊՂԾՈՒՄԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 57 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Ինչպէ՞ս կարելի է մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ սեւով ճերմակի վրայ նկարագրել 28 Մայիս 2024-ին պատահածը։ Միայն սեւո՛վ…
Վստահաբար նախընտրելի է մոռնալ եւ չյիշել պատահածը, ջնջել այդ էջը, որ պարզ ու մեկին՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ մըն էր։
Աւելին. պէտք է դարձեալ ահազանգել, մանաւանդ որ դէպքերը պատահեցան Սարդարապատի յուշահամալիրի մուտքին, հոն՝ ուրկէ զանգերը կը ղօղանջեն յարատեւօրէն։
Սպասելի էր, որ այս տարի Հայաստանի Անկախութեան հռչակման տօնը նշուէր փոթորկալի մթնոլորտի մէջ, նկատի ունենալով Տաւուշի շրջանի «սահմանազատման» յարուցած տագնապը ու այդ առթիւ «Տարուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումին ստեղծած ժողովրդականութիւնը, առանց մոռնալու քանի մը ամիս առաջ Արցախի կորուստը…
Այդպէս ալ եղաւ. Բագրատ Սրբազանն ու անոր գլխաւորած շարժումին հետեւորդները գիշերեցին յուշահամալիրին մէջ, եւ հակառակ «խունթա»-յապետի պաշտպան ոստիկաններուն հաստատած արգելքներուն՝ իբրեւ հաւատարիմ ուխտաւորներ շարունակեցին հաւաքը։
Սակայն այլանդակ իրադարձութիւնը պատահեցաւ, երբ յետմիջօրէին Էջմիածինէն ժամանած պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, իր դիմաց գտաւ խուլիկանադրոշմ ոստիկանական ամբոխը, որ հրահանգ ստացած էր իր մեծաւորէն՝«ազգընտիր վարչապետ»-էն՝ ամէն գնով կասեցնել անոր այցելութիւնը։
Իսկ նոյնինքն վարչապետը, որ երկու օր առաջ, միայն տասնեակ մը գիւղացիներու եւ թիկնապահներու ընկերակցութեամբ այցելած էր Լոռիի ու Տաւուշի ողողուած եւ մարդկային ու նիւթական կորուստներ կրած շրջանները, այս անգամ խիտ «ոստիկանապատ» պատուիրակութեամբ մը, որոշած էր հասնիլ «Անլռելի զանգակատուն»։ Թիրախը թուրքը չէր, ո՛չ ալ ազերին, այլ հոգեւորական վեղարաւորներու դասը։
Քանի մը օր առաջ բնութեան պատճառած ահաւոր աղէտին բաղդատած՝ Սարդարապատի համալիր այցելելու (արդեօք վերջի՞ն անգամ ըլլալով) «վարչապետ»-ին «քաջագործութիւնը» տարբեր ակնոցով պէտք է դիտել։
Այլեւս «ազգընտիր» ածականով կարելի չէ արտայայտուիլ վարչապետի մը մասին, որ հայրենիքին ազգային շահերը բոլորովին մէկդի դրած՝ կը հետապնդէ իր «ես»-ն ու անմիջական շրջապատին, այսինքն՝ «ուսապարկեր»ուն շահը։ Նորաձեւ աւատապետական այս համակարգին մէջ, իր ստեղծած «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ն ալ՝ քաղաքացիին ի նպաստ ո՛չ մէկ պայմանագիր կը հետապնդէ, այլ գրաւոր ու բերանացի պայմանագիրներով՝ Հայաստանը պատառ-պատառ կը նուիրէ թշնամիին, միայն ու միայն իր նեղ օղակին շահերը ապահովելու նպատակով։ Ամբոխահաճ գործելաձեւն ալ սկսած է ամլանալ։
Բագրատ Սրբազանին առաջնորդած՝ «Տարուշը Յանուն Հայրենիքի»-ի շարժումին դիմաց, վարչապետին կը մնայ մէկ լուծում. ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ։
Չկայ այլընտրանք:
Իսկ իր ստեղծած «ոստիկանական հանրապետութեան» ծառայողներուն՝ ժամանակն է տեղեկացնելու, թէ երկրի անդորրութեան եւ ապահովութեան համար վարձկան զինուորի կարիք չկայ, այլ արդարութիւն եւ ՀԱՅՈՐԴԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ ոստիկանութեան։
Ներկայ վարչակա՛րգն ալ, իրենց ստեղծած «ոստիկանապետութի՛ւն»-ն ալ թող իմանան, թէ կարելի չէ աղաւաղել ու փոշիացնել հայոց պատմութիւնը, հարցականի տակ առնել հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայրենիքի սահմանները։
Մէկ խօսքով, պէտք է անյապաղ կասեցնել ՓՐԿԱՐԱՐ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ ՄԸ ՍՐԲԱՊՂԾՈՒՄԸ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
100 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles