ՓԱՐԻԶ․- Հարիւր տարի ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով «լոյսերու քաղաք»-ին մէջ, մեկնարկը տրուեցաւ Ողիմպիական 30-րդ խաղերուն։ Օգոստոս 11-ին պիտի աւարտին այս մրցումները, որոնց բացման հանդիսութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։
Հայաստանի Ողիմպիական հաւաքականը ամառնային Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի 15 մարզիկով:
Ստորեւ՝ մարզիկները, անոնց կիրարկած մարզախաղն ու ժամանակացոյցը.
– Յուլիս 27․- Էլմիրա Կարապետեան. հրաձգութեան որակաւորման փուլ. Յուլիս 28-ին` եզրափակիչ:
– Յուլիս 27․- Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան. մարմնամարզութեան յենացատկի եւ օղակներու վարժութիւններու որակաւորման փուլ:
– Յուլիս 27․- Վարսենիկ Մանուչարեան. լողի որակաւորման փուլ եւ եզրափակիչ:
– Յուլիս 29․- Դաւիթ Չալոյեան. կռփամարտի որակաւորման փուլ:
– Յուլիս 30․- Արթուր Բարսեղեան. լողի որակաւորման փուլ եւ եզրափակիչ:
– Օգոստոս 4․- Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան. մարմնամարզութեան եզրափակիչ:
– Օգոստոս 6․- Մալխաս Ամոյեան, Արթուր Ալեքսանեան. յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի սկիզբ, եզրափակիչը` Օգոստոս 7-ին:
– Օգոստոս 7․- Երուանդ Մկրտչեան. 800 մեթր վազքի որակաւորում:
– Օգոստոս 7․- Սլաւիկ Գալստեան. յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ, եզրափակիչը` Օգոստոս 8-ին:
– Օգոստոս 8․- Արսէն Յարութիւնեան. յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ, եզրափակիչը` Օգոստոս 9-ին:
– Օգոստոս 9․- Անդրանիկ Կարապետեան. ծանրաբարձութեան մրցաշարք:
– Օգոստոս 10․- Գարիկ Կարապետեան, Վարազդատ Լալայեան. ծանրաբարձութեան մրցաշարք:
– Օգոստոս 10․- Վազգէն Թեւանեան, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ, եզրափակիչը` Օգոստոս 11-ին: