Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Ես խորապէս հիասթափած եւ վշտացած եմ Հայաստանի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն․ այնքան շատ բռնութիւն եղաւ եւ արիւն թափեցաւ Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ այնքան անխոհեմ յայտարարութիւններ հնչեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Շատ վրդովեցուցիչ էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Փաշինեանի ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ կը նետեն եւ կը ծեծեն խաղաղ տղամարդիկը, կիները եւ երեխաները, որոնք պարզապէս կ՛իրացնէին իրենց քաղաքացիական իրաւունքները երկրի մը մէջ, որ կեղծօրէն կը համարուի ժողովրդավարական: Բռնութիւնը հանրութենէն թաքցնելու համար, ոստիկանները նոյնիսկ յարձակեցան լրատուական միջոցներու տասնեակ ներկայացուցիչներու վրայ եւ ոչնչացուցին անոնց սարքաւորումները: Ոստիկանութիւնը նոյն մարտավարութիւնը կիրարկեց խորհրդարանին մէջ, երբ Փաշինեանի կողմնակիցները ֆիզիքական բռնութեան կ՛ենթարկէին ընդդիմութիւնը։ Ոստիկանութիւնը փորձեց ստիպել լրագրողները՝ դադրեցնել հեռարձակումը խորհրդարանի անդամներու բռնի վարքագիծին մասին, սակայն խիզախ լրագրողները, որոնք բոլորը կին էին, շարունակեցին հեռարձակել ամօթալի ծեծկռտուքը:
Աւելի քան 100 քաղաքացիներ եւ քանի մը ոստիկաններ հիւանդանոց տարուեցան: Մէկ ցուցարար կորսնցուց ձեռքի երեք մատները լուսաձայնային նռնակի պատճառով: Աւելին, Փաշինեանի քննադատ, քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու Աբրահամ Գասպարեան, յատուկ թիրախ դարձաւ ոստիկանութեան կողմէ: Անոր ձերբակալութենէն ետք, տասնեակ ոստիկաններ դաժանօրէն յարձակեցան վրան՝ պատճառելով ուղեղի ցնցում, գլխու խոր վէրք, ինչպէս նաեւ կոտրեցին անոր քանի մը կողոսկրները: Սուրիայէն Հայաստան ներգաղթած Գասպարեան դոցենտ է, հեռատեսիլի հաղորդավար եւ Genesis Armenia վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէնը։ Այս դաժան գործողութիւնները դատապարտած են Amnesty International-ը, Լեմքինի հիմնարկը եւ Ա․Մ․Ն․-ի հայ փաստաբաններու ընկերակցութիւնը:
Այժմ անդրադառնանք Փաշինեանի անհեթեթ յայտարարութիւններուն, որոնք խորհրդարանին մէջ հնչեցին աւելի քան հինգ ժամ՝ երկու օրուան ընթացքին: Նախ, ան յայտարարեց, որ Հայաստան դուրս կու գայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ), բայց ըսաւ, որ չի գիտեր, թէ ե՞րբ: Այդ կրնայ պատահիլ «մէկ ամիսէն, մէկ տարիէն կամ երեք տարիէն»: Այս է, որ ես կը կոչեմ «վճռական ղեկավար․․․»։
Այնուհետեւ Փաշինեան մեղադրեց Պելառուսիոյ (ՀԱՊԿ անդամ) նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն՝ 2020ի պատերազմէն առաջ եւ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանին աջակցելուն համար: Փաշինեան յայտարարեց, որ երբեք պիտի չայցելէ Պելառուսիա՝ ո՛չ ինքը, ո՛չ իր պաշտօնեաներէն մէկը: Իր անընդհատ հակասական յայտարարութիւններուն համահունչ, Փաշինեան դարձաւ եւ ըսաւ, որ իր որոշումը պիտի վերանայի միայն այն բանէն ետք, երբ Պելառուսիա որոշէ դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն կամ նախագահ Լուքաշենքօ ներողութեան եւ բացատրութեան այնպիսի խօսքեր ըսէ, որոնք հայ ժողովուրդին համար հասկնալի եւ ընդունելի ըլլան․․․
Թէեւ Լուքաշենքօ հրեշտակ չէ եւ արժանի է քննադատութեան Ատրպէյճանին ցուցաբերած աջակցութեան համար, Փաշինեան եւս մէկ անգամ ապացուցեց իր ապաշնորհութիւնը՝ թոյլ տալով քանի մը սխալներ.
1) Ինչո՞ւ Փաշինեան յանկարծ արթնցած է 2024ի այն փաստով, որ Պելառուսիա աջակցած է Ատրպէյճանի, երբ այդ մէկը հանրութեան յայտնի էր 2020էն առաջ իսկ։
2) ՀԱՊԿ-ի ղեկավար Ռուսաստան շուրջ 5 միլիառ տոլարի ռազմական արհեստագիտութիւն մատակարարած է Ատրպէյճանի, 2020ի պատերազմին համար։ Ինչո՞ւ Փաշինեան չի յայտարարեր, որ երբեք պիտի չայցելէ Ռուսիա, այնքան ատեն որ Փութին նախագահ է։
3) Թէեւ Իսրայէլ ՀԱՊԿ-ի անդամ չէ, սակայն ինչո՞ւ Փաշինեան չի քննադատեր այդ երկիրը եւ չի խոստանար որեւէ կապ ունենալ անոր հետ, թէեւ Իսրայէլ Ատրպէյճանի մատակարարած է միլիառաւոր տոլարներու յառաջադէմ անօդաչու թռչող սարքեր եւ արդիական այլ զինատեսակներ, որոնցմով հազարաւոր հայ զինուորներ վիրաւորուած կամ սպաննուած են։
4) Մինչ Փաշինեան կը մերժէ մեկնիլ Պելառուսիա, սակայն ան ուրախութեամբ մեկնեցաւ Անգարա՝ նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար, սեղմեց անոր ձեռքը եւ շնորհաւորեց զայն։ Թուրքիա ոչ միայն մատակարարած է մահաբեր «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքեր եւ Ատրպէյճան տեղափոխած հազարաւոր ճիհատիսթ ահաբեկիչներ Արցախի դէմ պայքարելու համար, այլեւ, աւելի կարեւոր՝ ղեկավարած է 2020ի պատերազմը: Արդեօք Փաշինեան պէտք չէ՞ հրաժարէր Թուրքիա մեկնելէ՝ փոխանակ Էրտողանին քծնելու եւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու չզղջացող ցեղասպան երկրին հետ, որ տակաւին կ՛օգնէ հայեր սպաննելու:
5) Ինչո՞ւ Փաշինեան չյայտարարեց, որ կը դադրեցնէ առեւտրական բոլոր յարաբերութիւնները Պելառուսիոյ, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ, քանի որ անոնք կ՛աջակցին Ատրպէյճանի: Ինչո՞ւ այդ սովորական առեւտուր է այն երկիրներու հետ, որոնք կը զինեն քու թշնամիներդ՝ քու քաղաքացիներդ սպաննելու համար:
Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն շարունակեց ամէնէն վիրաւորական եւ չարամիտ սուտերը ըսել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Արքեպիսկոպոս Բագրատ Գալստանեանի, արցախահայերու եւ ընդդիմութեան մասին: Նման վարքագիծ մը յարիր չէ երկրի մը վարչապետին․․․
Այնուհետեւ Փաշինեան խոստովանեցաւ, որ իր մեծագոյն ձախողութիւնը այն էր, որ Արցախը չէ տուած Ատրպէյճանի, երբ առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան։ «Եւ, այո, երէկ ես ընդունեցի, որ իմ մեծագոյն սխալը եւ մեծագոյն ձախողութիւնն էր այդ, որ չըրի 2018ին»: Այս նոյն մարդն է, որ 2019ին Արցախ այցելելու պահուն յայտարարեց. «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»։ Իսկ յետոյ, 2023ին դարձաւ եւ ըսաւ ճիշդ հակառակը՝ «Արցախը Ատրպէյճանի մաս է»։ Զարմանալի չէ, որ Փաշինեանի քննադատները կը կարծեն, որ անոր մէջ բան մը խանգարուած է։
Շարունակելով, Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստան պէտք է «իջեցնէր արցախեան կարգաւորման նշաձողը»՝ այս հարցին մէջ միջազգային համաձայնութեան համապատասխանելու համար։ Ան մոռցած էր, որ իր գործը Հայաստանի շահերը պաշտպանելն է, այլ ոչ թէ այլ երկիրներու ցանկութիւններուն ենթարկուիլը։ Անտրամաբանօրէն ան փորձեց բացատրել, թէ ինչո՛ւ սխալ է սկսիլ սակարկել քու ամէնէն բարձր պահանջէդ։ Այնուհետեւ ան ըսաւ, որ յայտնաբերած է 1996ի փաստաթուղթ մը, սակայն պնդեց, որ հազիւ թէ ոեւէ մէկը գիտնար ատոր մասին, քանի որ այն ատեն համացանց չկար։ Իրականութեան մէջ, համացանցը ստեղծուած է 1971ին: Ան կարդացած է ԵԱՀԿ նախագահի քննադատութիւնը Հայաստանի հասցէին, բայց չէ կրցած կարդալ ատոր վերաբերեալ Հայաստանի առարկութիւնները: Ան կեղծօրէն պնդեց, թէ «Հայաստանի կղերա-աւատապետական վերնախաւը» խաբած է ժողովուրդը, թէեւ ի՛նքն է որ փորձած է խաբել հանրութիւնը։
Փաշինեանն ու աջակիցները պէտք է գիտնան, որ վաղ թէ ուշ իրենք պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին Հայաստանի օրէնքները բազմիցս խախտած ըլլալնուն համար: Ան եւ իր ոստիկանութիւնը պէտք է դատուին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի եւ Միջազգային քրէական դատարանի կողմէ: Ատրպէյճանի հետ Փաշինեանի ստորագրած բոլոր անօրինական պայմանագիրները յաջորդ ազգային իշխանութիւնը պէտք է նկատէ անվաւեր եւ չեղեալ յայտարարէ։