Ասկերանի Մէջ.- Հ․Յ․Դ․ Պատանեկան Բանակումի Փակումը

0 0
Read Time:45 Second

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ (“Ապառաժ“).- Յուլիս 28-ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան կողմէն Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ կազմակերպուած պատանեկան բանակումի փակման արարողութիւնը:
Բանակումի աւարտական հանդէսին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Ասկերանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալիոշա Գաբրիէլեան, Ասկերանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Գեղամ Բեգլարեան, ասկերանցիներ եւ հիւրեր:
Պատանիները ներկաներուն ներկայացուցին անցած շաբթուան ընթացքին իրենց սորված երգերը, պարերը, հանդէս եկան ասմունքներով, թատերական եւ մարզական ներկայացումներով:
Բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Կիրօ Գարավարդանեան յայտնեց, որ Ասկերանի հիւրընկալ յարկին տակ անմոռանալի օրեր անցուցին, շնորհակալութիւն յայտնելով շրջանի ղեկավար կազմին եւ Հ.Յ.Դ. կառոյցին՝ աջակցութեան համար:
Ալիոշա Գաբրիէլեան կարեւոր համարեց Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, որուն շնորհիւ միայն կրնանք նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել պետականաշինութեան գործին մէջ: «Ամրան մեր երեխաները սրտի թրթիռով կը սպասեն Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ժամանումին, անոնց կազմակերպած բանակումներուն: Իսկ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները ամբողջ տարուան ընթացքին կ՛աշխատին հոգալ նիւթական եւ կազմակերպական հարցերը: Անոնց համար ամենամեծ հաշուետուութիւնը այսպիսի յաջող բանակումն է», իր խօսքին մէջ ըսաւ Ալիոշա Գաբրիէլեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles