
ՊՈՍԹԸՆ (Մասարուսէց).- Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպած գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 11-12-ին, Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանին մէջ:
Այս գիտաժողովը, նաեւ կը վայելէ համագործակցութիւնը Հայկական Նիւթերու Ուսումնասիրութեան եւ Հետազօտութեան Ազգային Հիմնարկին (NAASR) եւ ՛՛Արմինիըն Ռիւիու՛՛-ին:
Գիտաժողովին ազդանշանը պիտի տրուի Ուրբաթ Մայիս 11-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ուր կլոր սեղանի շուրջ փրոֆէսօրներ՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ռոնըլտ Սիւնի, Ստեփան Աստուրեան եւ Տիգրան Խալիկեան պիտի քննեն.- ՛՛Ա. Հանրապետութիւնը՝ Հարիւր Տարի Ետք՛՛ (501 Northwest Corner Building) նիւթը:
Շաբաթ, Մայիս 12-ին, գիտաժողովը պիտի սկսի ժամը 9:30-ին, հետեւեալ նիւթերով եւ բանախօսներով (329 and 428 Pupin Hall 538 West 120th St.).-
Ժամը 9:30-11:00
Նիւթ.- Հայաստան եւ Մեծ Ուժերը
Բանախօսներ.-
Հենրի Թորիօ (Ա.Մ.Ն.), Կրեկըրի Աֆթանտիլեան (Ա.Մ.Ն.), Մարք Մամիկոնեան (Ա.Մ.Ն.):
Ժամը 11:15-12:30
Նիւթ.- Ա. Հանրապետութեան Դէմքերն ու Դէպքերը
Բանախօսներ.-
Հայերէն՝ Ամատունի Վիրապեան (Հայաստան) եւ Յակոբ Պալեան (Ֆրանսա):
Անգլերէն՝ Խաչիկ Մուրատեան (Ա.Մ.Ն.), Վարդան Մաթէոսեան (Ա.Մ.Ն.), Նարէ Քիւփէլեան (Ա.Մ.Ն.):
Ժամը 1:00-2:15
Ճաշ եւ խօսք՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի (Վայր՝ Columbia University’s Faculty House)
Ժամը 2:30-4:00
Նիւթ.- Պայքար՝ Պաշտպանելու Համար Հայաստանի Սահմանները
Բանախօսներ.-
Հայերէն՝ Ռուբէն Սաֆրաստեան (Հայաստան), Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Լեռնիկ Յովհաննիսեան (Հայաստան):
Անգլերէն՝ Ռոպերթ Գրիգորեան (Ա.Մ.Ն.), Անդրանիկ Գասպարեան (Ա.Մ.Ն.), Փիեթրօ Շաքարեան (Ա.Մ.Ն.):
Ժամը 4:15-6:00
Նիւթ.- Ա. Հանրապետութիւն՝ Պատկերացումներ
Բանախօսներ.-
Արա Սանճեան (Ա.Մ.Ն.), Մարգ Նշանեան (Փորթուգալ), Հայկ Դեմոյեան (Հայաստան) եւ Վարագ Գեթսեմաննեան (Ա.Մ.Ն.):
Ժամը 6:00-7:00
Փակում (Վայր՝ Pupin Hall)
Այս գիտաժողովին մասին անդրադառնալով, հանդիսավար Տիգրան Խալիկեան կը հաստատէ թէ.- ՛՛ Այս դասախօսներն ու մասնագէտները ոչ թէ միայն պիտի անդադառնան անցեալին մասին, այլ նաեւ տեղեկացնեն թէ այդ օրերու դէպքերը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են, երեսուն տար առաջ, երբ Խորհրդային վարչակարգէն դուրս գալով, վերստին անկախացաւ Հայաստանը՛՛: