Մասաչուսէց.- Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Քսանամեակի Նշում

0 0
Read Time:47 Second

 

Շաբաթ Դեկտեմբեր 9-ին, յատուկ յայտագրով մը նշուեցաւ Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ քսանամեակը: Հակառակ աննպաստ օդին, աւելի քան երկու հարիւր ներկաներ ժամանած էին եկեղեցւոյ սրահը: Այս առթիւ, Քալիֆորնիայէն ժամանած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեանը:

Օրուան հանդիսավարն էր Մարալ Տէր Թորոսեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւ վարդապետ Անտոն Ադամեանը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ, հակառակ տեղատարափ ձիւնին , հոծ բազմութեան ներկայութիւնը փաստ մըն է, որ այս հաւատացեալները որքան կառչած կը մնան իրենց ծուխին:

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեան իր կարգին շնորհաւորեց ներկաները եւ բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրերը՝ տէր եւ տիկին Նշան եւ Մարգարիտ Աթինիզեան: Առաջնորդ Մուրատեանը Աթինիզեան ամոլին յանձնեց յուշանուէրներ, որոնց կարգին Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ հրատարակուած դրոշմաթուղթեր:

Տարիներ շարունակ եկեղեցւոյ ծառայած եւ հոգաբարձութեան անդամ՝ Մարսէլ Քարեան կարդաց Միտըլսէքսի շէրիֆ Փիթըր Գութուճեանի շնորյհաւորագիրը:

Օրուան գեղարուեստական յայտագրին ելոյթ ունեցաւ դաշնակահար Մարինէ Մարգրեանն – Քավլաքեանը եւ Ռաֆայէլ Յովհաննէսեան – Գեղամ Մարգարեան զոյգը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles