Գրական
***
Փարիզ
Փետրուար 7, 2016
սկիզբը
առաջին թելը փրթեցաւ
ապա
չորրորդը…
յետոյ
երկրո՞րդը
թէ՞ երրորդը՝
մարդ չգիտցաւ…
մէկը կամ միւսը
ի՞ նչ տարբերութիւն
կարեւորը
մնաց մէկ թելը…
մէկ թելին վրայ
ով որ թառած մնաց
ուզէ չուզէ
դարձաւ
լարախաղաց…
Փարիզ
Փետրուար 7, 2016
սկիզբը
առաջին թելը փրթեցաւ
ապա
չորրորդը…
յետոյ
երկրո՞րդը
թէ՞ երրորդը՝
մարդ չգիտցաւ…
մէկը կամ միւսը
ի՞ նչ տարբերութիւն
կարեւորը
մնաց մէկ թելը…
մէկ թելին վրայ
ով որ թառած մնաց
ուզէ չուզէ
դարձաւ
լարախաղաց…