ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԵԿՆԱՐԿԷ «ՆՈՐԱՐԱՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԾՐԱԳԻՐ»-Ը
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել: Ծրագրին հիմնական նպատակն է խթանել արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրառութիւնը: Հիմնարկութիւնը «Նորարար...