Գրեթէ հինգ տարիէ ի վեր, շարունակ կը պահանջուէր Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծի քննար-կումն ու բնականաբար վաւերացումը: Որոշում մը, որ առնուած էր լոյսերու քա-ղաքի Ազգային Ժողովին կողմէ … Հոկտեմբեր 2006ին:
Ի վերջոյ, Մայիս 4-ին որոշուած էր հարցին քննարկումը կատարել: Մինչ այդ սակայն, Անգարայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մեքենան, գործի լծուած էր, այս որոշման դէմ:
Աշխատանքը հեզասահ ձեւով ընթացաւ եւ թուաբանական հաշիւով մը` քուէնե-րու շուրջ երկու երրորդ համեմատութեամբ, Ֆրանսայի Ծերակոյտը մերժեց Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող այդ բանաձեւը:
Ինչպէ՞ս բացատրել այս խաւարը…լոյսերու քաղաքին վրայ:
Առաջին հերթին, օրինագիծի քուէարկման նախօրեակին Փարիզ ժամանած էին թրքական լոպիինկի կազմակերպութիւններ, պատմաբաններ եւ քաղաքագէտներ` ծերակուտականներուն վրայ ճնշումներ բանեցնելու միտումով:
Ապա նաեւ լուսարձակի վրայ էր այդ աշխարհաքաղաքական անկիւնադարձա-յին իրադարձութիւնը` Պըն Լատէնի ահաբեկչութիւնը, որ ցայսօր կը շարունակէ արձագանգել, իբրեւ կեդրոնական կիզակէտ:
Կարկինը աւելի սեղմելով, ներքին ֆրանսական միջավայրէն ներս, այդ միեւնոյն օրերուն յայտնաբերուած էր զեղծարարութիւն մը, որ ունէր ցեղապաշտական բնոյթ եւ դրդապատճառ: Արդարեւ, ի յայտ եկած էր թէ մարմնամարզանքի եւ յատկապէս ոտնագնդակի բնագաւառէն ներս, յատուկ աշխատանք տարուած էր, պակ-սեցնելու թիւը` ափրիկեցի եւ արաբ երիտասարդ մարզիկներու:
Իսկ Էլիզէն, իր կարգին անկարող կը թուէր ըլլալ, մանաւանդ երբ հայկական պատուիրակութեան մը հետ տեսակցութեան ընթացքին, նախագահ Նիքոլա Սար-քոզի հակառակ յայտարարած ըլլալուն թէ ժխտողականութիւնը համազօր է ցեղա-պաշտութեան, տեղեկացուցած էր թէ ինք այդչափ ալ ազդեցութիւն չունէր Ծերակոյտին վրայ: Անշուշտ, հոս տեղին է աւելցնել թէ Սարքոզիի հակադիր ճակատը` Ընկերվարական կուսակցութիւնը, առաջարկած էր այս օրինագծի թղթածրարի քննարկումը` Ծերակոյտի ժողովին:
Վերոյիշեալ իրադարձութիւններու, անցուդարձերու եւ աննպաստ պարագանե-րու (bad timing) լոյսին տակ, քուէարկուեցաւ այս շռնդալից ’’Ո՛չ’’ը:
Մտահոգուած է Ֆրանսահայը, Փարիզաբնակը, Եւրոպահայը, Սփիւռքահա-յը…ընդհանրապէս հայորդին:
Պատահածը անցողակի դէպք մըն է. . .Խաւար մը որ կարճ ժամանակաշրջանի մը համար մթագնած է լոյսերու քաղաքը:
Read Time:1 Minute, 22 Second