ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ.- ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ ԵՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

0 0
Read Time:10 Minute, 10 Second

Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի 35րդ Շրջա­նա­յին Ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ Ապ­րիլ 30-ին Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հա­յոց Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ նո­րա­կա­ռոյց սրա­հում:

Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը այս ժո­ղո­վին առն­թեր, կազ­մա­կեր­պել էր հա­մախմ­բում եւ գե­ղար­ուես­տա­կան երե­կոյ, որուն կ՛անդ­րա­դառ­նանք սոյն թղթակ­ցու­թեան աւար­տին:

Ժո­ղո­վի բա­ցու­մը կա­տա­րեց` Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ` ընկ. Արա Նա­զար­եա­նը, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րին եւ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­մազ­գա­յի­նի կա­տա­րած կա­րե­ւոր դե­րի մա­սին, հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման եւ տա­րած­ման գծով տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րի առն­չու­թեամբ:

Մի­ա­ձայ­նու­թեամբ դիւա­նի ան­դամ­ներ ընտր­ուե­ցին` Հրանդ Մար­գար­եան , ատե­նա­պետ եւ Զա­րու­հի Նշան­եան ատե­նադպ­րու­հի:

Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին` Նիւ Եոր­քի, Նիւ Ճըրզիի, Շի­քա­կո­յի, Ուա­շինկ­թը­նի, Պոս­թը­նի, Տիթ­րոյ­թի եւ Ֆի­լա­տելֆ­իոյ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը կը բա­ցա­կա­յէր միայն Փրո­վի­տեն­սի մաս­նա­ճիւ­ղը:

Ժո­ղո­վին, որ­պէս հրա­ւիր­եալ­ներ ներ­կայ էին նա­եւ` Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հրայր Պա­րոն­եան, Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան կող­մից ընկ. Յով­սէփ Աւագ­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մից Եղիսաբէթ Տրամ­կոչ­եան, Հ.Ե.Դ.ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մից` ընկ. Րաֆ­ֆի Յո­վա­կիմ­եան:

Կա­տար­ուեց յանձ­նա­խում­բե­րի ընտ­րու­թիւն: Արխիւա­յին` Հեր­մի­նէ Մա­նուկ­եան եւ Նո­րա Տի­րա­ցուօ­ղու: Բա­նա­ձե­ւի յանձ­նա­խումբ` Գրի­գոր Գրի­գոր­եան եւ Աւե­տիս Հաճ­եան:

Հաշ­ուեքն­նիչ յանձ­նա­խումբ` Յա­րու­թիւն Աղա­ճան­եան, Աւօ Պա­րոն­եան եւ Արաք­սի Խա­չիկ­եան:

Ըստ զե­կուց­ման Հա­մազ­գա­յի­նի Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի ան­դամևան­դա­մու­հի­նե­րի թիւը 171 հո­գի է:

Խօսք տրուեց հրա­ւիր­եալ ըն­կեր­նե­րին, որոնք իրենց բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը եւ Հա­մազ­գա­յի­նի մի­ջո­ցով տար­ուած ազ­գա­յինևմշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը դրուա­տե­ցին եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին:

Նախ­քան բուն օրա­կար­գի անց­նի­լը, դիւա­նի նա­խա­գահ` Հրանդ Մար­գար­եա­նը առա­ջար­կեց յոտն­կայս յար­գել նո­րոգ հան­գուց­եալ ըն­կեր­ներ` Գէ­որգ Վի­շապ­եա­նի եւ Գուր­գէն Ասատր­եա­նի յի­շա­տա­կը:

Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան մի­ամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան հա­մա­ռօտ տե­ղե­կա­գի­րը, ըն­թեր­ցեց վար­չու­թեան քար­տու­ղա­րու­հի Յաս­միկ Աբ­րա­համ­եա­նը, որու ըն­թաց­քին տրուեց նա­եւ յա­ւել­եալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ:

Նիւ­թա­կան տե­ղե­կա­գի­րը ներ­կա­յաց­րեց Հրանդ Ճի­նոզ­եա­նը:

Վար­չու­թեան մի­ամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան առն­չու­թեամբ կա­տար­ուեց քննար­կում:

Ժո­ղո­վը դրուա­տեց Շրջ. Վար­չու­թեան ելեկտ­րո­նա­յին արդ­ի­ա­կա­նաց­ման հա­մար տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը, հա­մա­ցան­ցի հաս­տա­տու­մը եւ այլ դրա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ժո­ղո­վա­կան­նե­րի կող­մից գնա­տատ­ուեց Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մից տրա­մադր­ուած հա­յոց բա­նա­կի զի­նուո­րա­կան տո­ղանց­քի տե­սա­ե­րի­զը, որը ցու­ցադր­ուեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան 20ամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ըն­թաց­քին:

Առա­ջար­կու­թիւն­ներ եղան 2011և2012 տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէ­ու­թեան առնչու­թեամբ լայն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն, քոյր միու­թիւն­նե­րի հետ, լուրջ աշ­խա­տանք տա­նել, միու­թիւնը երի­տա­սար­դաց­նե­լու հա­մար:

Քա­ջա­լե­րել, գրող­նե­րի, մտա­ւո­րա­կան­նե­րին եւ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րին:

Հայ­րե­նիք Շա­բա­թա­թեր­թի եւ “Armenian Weekly“ի մէջ ու­նե­նալ յա­տուկ էջ, որ­տեղ պի­տի ար­տա­ցոլ­ուեն Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին եւ Մաս­նա­ճիւ­ղե­րի գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը:

Հա­մազ­գա­յին Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան մա­կար­դա­կով, յա­տուկ ֆոնտ ստեղ­ծել Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ դպրոց­նե­րի, շի­նա­րա­րա­կան, նո­րո­գու­թեան եւ այլ կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու հա­մար:

Նո­րըն­տիր վար­չու­թեան յանձ­նա­րար­ուեց, կեան­քի կո­չել յա­տուկ յանձ­նա­խումբ, կապ ստեղ­ծել ու­սա­նո­ղա­կան ֆոնտերի պատ­կան հիմ­նա­դիր­նե­րի հետ եւ մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով կազ­մել ֆոն­տերից օգտ­ուե­լու կա­նո­նադ­րու­թիւն:

Սոյն ձե­ւով Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան կա­րե­լիու­թիւն կը տրուի, ֆոնտերի օգ­տա­գործ­ման մէջ, իր կա­նո­նագ­րա­կան ներդ­րում ու­նե­նալ:

Մաս­նա­ճիւ­ղե­րը իրենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի մի­ջո­ցով ըն­թեր­ցե­ցին եւ զե­կու­ցե­ցին իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թեան շուրջ:

Ժո­ղո­վը ու­րա­խու­թեամբ նկա­տեց որ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, իրենց կա­րե­լին չեն խնա­յեր, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու հայ մշա­կոյ­թի գծով տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րի մէջ:

Մաս­նա­ճիւ­ղե­րի զե­կու­ցում­նե­րից յե­տոյ, տե­ղի ու­նե­ցաւ մտքե­րի լայն փո­խա­նա­կում, որին առն­թեր կա­տար­ուեց նոր առա­ջար­կու­թիւն­ներ եւ յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ, որոնց շար­քին կա­րե­լի է նշել` հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն Ամե­րիկ­եան հա­մալ­սա­րան­նե­րում գո­յու­թիւն ու­նե­ցող Հայ Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թիւն­նե­րի հետ:

Հո­վա­նա­ւո­րել հայ պա­տա­նի­նե­րի եւ երի­տա­սարդ­նե­րի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը Մայր Հայ­րե­նիք:

Սփիւռ­քում կորս­տից փրկե­լու հա­մար հո­վա­նա­ւո­րել եւ քա­ջա­լե­րել հայ ժո­ղովր­դա­կան աշու­ղա­կան նուա­գամ­բե­րի ստեղծ­ման: Զարկ տալ հա­յա­գի­տու­թեան եւ լեզ­ուի դա­սա­ւանդ­ման կա­րե­լիու­թիւն­ներ ստեղ­ծել:

Բա­նա­ձե­ւա­յին յանձ­նա­խում­բը, լսե­լով ժո­ղո­վա­կան­նե­րի թեր ու դէմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, եւ արխիւա­յին եւ հաշ­ուեքն­նիչ յանձ­նախմ­բե­րի զե­կու­ցում­նե­րը Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը գտաւ “յոյժ գնա­հա­տե­լի“: Փակ քու­է­ար­կու­թեամբ կա­տար­ուեց վար­չու­թեան նոր կազ­մի լրա­ցու­ցիչ ընտ­րու­թիւնը:

Եր­կու տար­ուայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նով վե­րընտր­ուե­ցին ներ­քոյ յիշ­եալ ըն­կերևըն­կե­րու­հի­նե­րը.և

Ընկ. Արա Նա­զար­եան

Ընկ. Հար­միկ Աւետ­եան

Ընկհ. Լե­նա Օհան­նէս­եան

Ընկ. Յա­կոբ Մել­քոն­եան

Հե­տե­ւա­բար նո­րըն­տիր վար­չու­թիւնը ստա­ցաւ հե­տեւ­եալ պատ­կե­րը.և

Արա Նա­զար­եան` Ատե­նա­պետ

Յաս­միկ Աբ­րա­համ­եան` Ատե­նադ­պիր

Յա­կոբ Մել­քոն­եան` Գան­ձա­պահ

Լե­նա Օհա­նէս­եան` Խորհր­դա­տու

Մա­կի Սի­մոն­եան` Խորհր­դա­տու

Ալին Պաղ­տա­սար­եան` Խորհր­դա­տու

Հար­միկ Աւետ­եան` Խորհր­դա­տու

 

Ժո­ղո­վի վեր­ջա­ւո­րու­թեան դիւա­նի ատե­նա­պետ` Հրանդ Մար­գար­եա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին, իրենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւթեան հա­մար եւ հեր­թա­կա­նօ­րէն ձայն տուեց ըն­կեր­ներ`

Գրի­գոր Գրի­գոր­եա­նին, Յով­սէփ Աւագ­եա­նին եւ Հրայր Պա­րոն­եա­նին, որոնք շնոր­հա­ւո­րե­ցին նո­րըն­տիր կազ­մը եւ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թե­ցին:

Նիս­տը փակ­ուեց երե­կոյ­եան ժա­մը 4:30ին:

Ինչ­պէս նշել էի սոյն թղթակ­ցու­թեան առա­ջա­բա­նում այս տար­ուայ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը ծրագ­րել էր նա­եւ հա­մախմ­բում, դա­սա­խօ­սա­կան եւ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րով: Ուր­բաթ Ապ­րիլ 29ին տէր եւ տի­կին Մայ­քըլ եւ Սօն­իա Նալ­բանտ­եան­նե­րի բնա­կա­րա­նում տե­ղի ու­նե­ցաւ մտեր­միկ հա­մախմ­բում, որ­տեղ ներ­կայ էին հա­մազ­գայ­նա­կան­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ:

Ապ­րիլ 30ին, Շրջա­նա­յին Ժո­ղո­վի դա­դա­րի ըն­թաց­քում Կա­քա­ւիկ ման­կա­կան հան­դէ­սի` խմբա­գիրևտնօ­րէ­նու­հի Ժիւլի­էթ Դաւ­թեա­նը, ներ­կա­յաց­րեց իր խմբագր­ուած, գու­նա­գեղ եւ ճա­շա­կա­ւոր Կա­քա­ւիկ ման­կա­կան հան­դէ­սը, որը ներ­կա­նե­րի կող­մից յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ:

Շա­բաթ, Ապ­րիլ 30, 2011ին ցու­ցադր­ուեց Էրիք Նա­զար­եա­նի “The Blue Hour“ ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւնը: Ֆի­լա­տելֆ­իա­յի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հա­յոց Առա­քե­լա­կան եկե­ղե­ցու, նո­րա­կա­ռոյց հան­դի­սաս­րա­հում տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի հա­մախմբ­ման Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ` Դոկ. Արա Նա­զար­եա­նը, որ խօ­սեց Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ներ­կայ եւ ապա­գայ ծրա­գիր­նե­րի շուրջ: Դոկտ. Լե­ւոն Ավ­տոյ­եա­նը բա­նա­խօ­սեց Հա­յաս­տա­նը եւ Քոնկ­րէ­սի Գրա­դա­րա­նը նիւ­թի շուրջ: Ելոյթ ու­նե­ցաւ Մեղ­րիկ պա­րա­խում­բը եւ մե­նա­պա­րեց Ատ­րի­նէ Խա­րակ­եա­նը: Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մից պար­գե­ւատր­ուե­ցին, Հա­մազ­գա­յի­նի եր­կար տա­րի­նե­րի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան գան­ձա­պահ` ընկ. Հրանդ Ճի­լոզ­եա­նը եւ Պոս­թը­նի Մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ, երի­տա­սարդ ընկ. Նար­պէյ Տէ­րէ­պէկ­եա­նը: Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը ար­ժե­ւո­րեց Ֆի­լա­տելֆ­իա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի ժրա­ջան ատե­նա­պե­տու­հի` ըն­կե­րու­հի Անի Աղա­ճան­եա­նը: Ներ­կա­յաց­ուեց` պրն. Մի­քա­յէլ Պօ­պէլ­եա­նի “Children Of Armenia“ գիր­քը:

Վեր­ջում ելոյթ ու­նե­ցաւ Զու­լալ հայ­կա­կան եռ­եա­կը, մաս­նակ­ցու­թեամբ` երգ­չու­հի­ներ` Երազ Մար­գար­եան, Թե­նի Աբէլ­եան եւ Անա­յիս Թե­քէր­եան:

Եռ­եա­կի ելոյ­թը ուն­կընդր­ուեց մեծ հա­ճոյ­քով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles