ՔՈՒԷՆ… Ո՛Չ-ՈՔԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 50 Second

 

khemp1ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Նոյեմբեր 2, 2016

Վճռական ժամը կը մօտենայ, եւ քանի մը օրէն՝ յառաջիկայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8-ին Միացեալ Նահանգները պիտի ընտրեն իրենց 45-րդ նախագահը:
Արդեօք որքանո՞վ մնացած է հետաքրքրութիւն, պայքար եւ ամենէն կարեւորը՝ մակարդակ: Յստակ է թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու պատմութեան, ամենէն աւելի արտառոց կացութիւնը ստեղծուած է, ուր երկու թեկնածուները փոխանակ յառաջիկայ չորս տարիներու յատուկ փլաթֆորմ, գործընթաց եւ թղթածրար պատրաստելու եւ ներկայացնելու, ընդհանրապէս ցեխարձակումներ կատարեցին իրենց ընտրարշաւին եւ դէմ առ դէմ վիճաբանութեան ընթացքին:
Կարգ մը դէտեր, այս ստեղծուած կացութիւնը վերագրեցին Հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփին, որ անմակարդակ եւ անվայել ելոյթներով, պատճառ դարձած է որ ստեղծուի նմանօրինակ անսպասելի անել կացութիւն մը: Անխոհեմ, մանկամիտ ու գռեհիկ արտայայտութիւններ, որոնք քիչ մը աւելի անդին երթալով բազմիցս «փողոցային» մակդիրին արժանացան, ստեղծելով այս աղիողորմ եւ… վտանգաւոր կացութիւնը:
Թրամփի որդեգրած հակառակորդ թեկնածու՝ Հիլըրի Քլինթընը վարկաբեկող ցեխարձակումներու ոճը ունեցած է ոլրանետեան (պումըրանկ) տարբերակ ազդեցութիւն մը, որ լաւապէս օգտագործուեցաւ մրցակիցին կողմէ եւ այսօր ընտրութիւններուն քանի մը օր մնացած, հետզհետէ աւելի կը յստականայ թէ արդէն իսկ արդիւնքը յստակ է եւ շօշափելի տարբերութեամբ՝ ի նպաստ տիկին Քլինթընի:
Մտահոգիչն ու ընդվզեցուցիչը այն է թէ, գերակայութեան բարդոյթէ տառապող Թրամփ շարունակ կը շեշտէ թէ իրեն դէմ դաւադրութիւն մը սարգուած է եւ այդ իսկ պատճառով, ան ժողովրդականութիւն եւ ինքնաբերաբար քուէներ կորսնցուցած է: Եւ առ այդ, ան մտադրած է, հաւանական պարտութեան պարագային, մերժել արդիւնքը եւ երբեք վստահութիւն չունենալ երկրի ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ կառոյցներուն նկատմամբ։ Նմանօրինակ կացութիւն մը, կրնայ աշխարհին համար ծիծաղելի նկատուիլ աւելի քան երկու հարիւր տարուայ ժողովրդավարական կանոններու վրայ հիմնուած Նոր Աշխարհին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն համար:
Փոխարէն, Հիլըրի Քլինթըն, կառչած իր ամուսնոյն ստեղծած հռչակին եւ անոր արդիւնք գոյութիւն ունեցող՝ «Քլինթըն Ֆաունտէյշըն»ին, արդէն իսկ օգտուած է իր մրցակիցին տարրական եւ գլուխ գործոց սխալներէն՝ Մեքսիքայի սահմանային տարածաշրջանէն ներս անծայրածիր պատի կառուցումէն մինչեւ այլ յարանուանութիւններու (յատկապէս իսլամ) պատկանող տեղացիներու եւ կանանց հանդէպ կոշտ եւ վիրաւորական մօտեցումներէն:
Բացի զգայացունց եւ կացութիւններ շրջանցող անակնկալէ մը, ընտրութեան օրը չհասած, գրեթէ յստակ է արդիւնքը, սակայն հայորդիին համար յատկապէս այս անգամուայ ընտրարշաւը ցոյց կու տայ թէ երկու թեկնածուներն ալ ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Հայ Դատի առնչուող հարցերուն:
Հետեւաբար, Ո՛չ Թրամփին…Ո՛չ ալ Քլինթընին: Փոխարէն, հայորդիին համար առաջնահերթ է մասնակցիլ ու գործօն դեր ունենալ դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մակարդակներէ ներս կատարուող ընտրութիւններուն, քուէարկելով ի նպաստ հայութեան մօտիկ բարեկամ եւ Հայ Դատի սատարած թեկնածուներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles