ՔԱՐԱՆՁԱՒԷ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ՁԵՌՔԷ  ՁԵՌՔ ՉԵՆ ԽԼՈՒԻՐ ԳԻՐՔԵՐԸ… ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄ

0 0
Read Time:4 Minute, 28 Second

balian haddejian1

 

Յ. Պալեան

Ինքզինքի մէջ հարազատութիւն փնտռելու եւ երբեմն ալ ձանձրոյթի դէմ պայքարելու զանազան ձեւեր կան. ծովափը, լեռները, օդափոխիչները, շաքարի տակառ զովացուցիչները, թանգարանները: Կայ նաեւ մոռցուած-մոռցուող միջոց մըն ալ. ընթերցումը: Եթէ մենք մեզմէ դուրս բանտարկուելով հակամշակոյթ չենք դարձած, երեւելիութեան ախտին մէջ խեղդուելով:

Ձմեռնամուտին, երբ ցերեկը երեկոյէն հազիւ կը սկսի զանազանուիլ, երբ պատուհանէն կը տեսնուին կմախքացող ծառերը եւ ծիտի պէս գետնին վրայ ոստոստող թզենիի տերեւները, որոնք չեն յաջողիր աշնանային մերկութիւնը ծածկել, ձանձրոյթը մեղմաց-նելու համար կայ մոռցուող-մոռցուած ընթերցումը, եթէ չենք ընդարմացած հեռատեսիլի պատուհանին առջեւ մշակուած ծուլութեամբ:

Եթէ ընթերցման եւ գիրքի մասին խօսիք ընդունելութեան մը կամ ժողովներու ընթացքին, կը յառաջանան ծիծաղներ կամ, երբ քաղաքավար են՝ քմծիծաղներ:

Ամրան ընդարմացնող տօթը,- կամ շոգը,- երբ յուլօրէն կը նստի ամէն տեղ, կամ ձմրան թուխպ երկինքը մեզ կը փակէ դռներու ետին, բան մը ընելու ցանկութիւն կ’ունենանք, Եթէ հեռատեսիլը, սքայփը, համացանցը չգրաւեն մեզ, թերթի մը վերտառութիւնները կը փորձուինք կարդալ (ո՞վ ժամանակ ունի երկարապատում էջեր կարդալու): Հազուադէպօրէն գիրք մը գտնենք: Հետզհետէ նուազած եւ նուազող փորձութիւն-առաքինութիւն մը:

Պատահմամբ գիրք մը վերցուցի ընթերցող սպասող անկեն-դան դէզի մը տակէն, տան մէկ անկիւնը, ուր ոչ հեռատեսիլ կար եւ ոչ ալ համակարգիչ, աթոռ մը գտայ, բացի գիրքը:

Քանի մը տարի առաջ սեղանիս գիրքերու դէզին վրայ եկած հանգչած էր ան: Ուրիշներ ալ եկած եւ զինք ծածկած էին: Կողքը եւ անունը ժամանակակից ըլլալու ոչ մէկ գրաւչութիւն ունէին:

Երբեմն գիրքեր կը գնուին կամ պահուին իրենց գեղեցիկ կողքին կամ կազմին համար, ինչ որ կարեւոր է քաղքենիներու գրա-դարանին մէջ տեղ գտնելու, քանի որ տան ապակեպատ եւ գեղատեսիլ գրադարանները յաճախ գիրքերու համար չեն, այլ գեղօր են՝ այցելու տպաւորելու:

Երբեմն, արտաքինէն խաբուիլ մերժելով, հարկ է բանալ գիրքը:

Հայ գիր-գրականութեան անխոնջ քուրմ Ռոպէր Հատտէճեան «Մարմարա»յի իր էջերը առանձին հատորով լոյս կ’ընծայէ: Ինչպէս ուրիշներ, ինք ալ գիտէ, որ օրաթերթի էջերը «առաւօտի մը չափ կը տեւեն», ինչպէս կէս հազարամեակ առաջ բանաստեղծ մը ըսած էր գեղեցիկ վարդին համար:

Գիրքին անունը. «Յուշատետր – 65 – ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ:

Տրուեցայ խաղին: Պտոյտ չէր. գրականութիւն էր: Պարզ: Գրողներ՝ իրենց ժամանակին մէջ, օրուան աշխարհին մէջ, ժամանակակիցներու հետ մարդկային եւ ստեղծագործական մնայուն շփումով:  Մենք սովորաբար գրողը կը ճանչնանք իր գործով, գործը կը գնահատենք կամ քննադատենք, կ’առանձնացնենք անոր դրական արժէքները կամ բացասական երեսները, յաճախ հետեւելով մեր ենթակայական դատումներուն: Կարծէք գրողը անհոգի, անհասցէ, անշրջապատ եւ անանուն արարած մը ըլլար:

Ռոպէր Հատտէճեան  հայ գրողին առասպելական տխուր կամ ուրախ կերպարը կը հրամցնէ, ինչ որ յաճախ կը մոռնանք երբ երկը կ’ուզենք հասկնալ, կամ կը գոհանանք քանի մը կցկտուր կենսագրական հեռագրական տեղեկութիւններով: Գրականութիւնը կը մշակուի մարդու մը կողմէ եւ այդ մարդը անծանօթ կը մնայ: Անոր ապրումները, պայքարները, յուսախաբութիւնները կ’անգիտացուին: Մինչդեռ գրողը, անկախաբար իր տաղանդէն, ժամանակի մը եւ միջավայրի մը ինքնատիպ արտադրութիւնն է:

Այսպէս, Ռոպէր Հատտէճեան երեք գրողներու վէպը գրած է (Է. հատոր), առանց վէպ գրելու յաւակնութեան: Հատորի ներկայացման էջով, կը բանայ բեմը, խորագրելով՝ Կովկասահայ Գրականութեան Երեք Չարքաշ Սպասաւորները:

Երբ Ղազարոս Աղայեան կ’ըսուի, անմիջապէս կը յիշենք «Ծիծեռնակը բոյն կը շինէ»ն, կամ «Տորգ Անգեղ»ը, եթէ դեռ յիշողներ ըլլան «պատկերներ»էն անդին, կը յիշենք զինք որպէս մանկական գրականութեան մշակ: Հաւանօրէն քիչեր գիտեն, որ Ղազարոս Աղայեան ինք ալ հուժկու հսկայ մըն էր: Ռոպէր Հատտէճեան հայ գրողը «կ’ապրեցնէ» որպէս պատումի հերոս, որ սոսկ գրական անուն մը չէ, այլ մարդ է, իր առօրեայով, ապրումներով, հանդիպած կեանքի դժուարութիւններով, ինչպէս որ ենք բոլորս: Այլ խօսքով, Ռոպէր Հատէճեան իր ընտրած գրողները կը դարձնէ մեզի մտերիմ, մարդիկ որոնք կը դառնան մեզի դրկից, որոնց հետ կը բաժնենք մեր կեանքի այս կամ այն էջը:

Բազմանուն դէմքեր, որոնք ծանօթ են որպէս անուններ, երբեմն լուսանկարներ, կամ յիշատակ-կոթող զոհուած ըլլալու: Այս «Պտոյտ»ները իսկական դպրոցներ են անցեալէն ամէն օր ազգային մշակոյթէն քիչ մը աւելի հեռացող օտարաբարբառ, գործնապաշտ եւ համաշխարհայնացող զանգուածներուն համար (թէեւ այլեւս զանգուած բառը պերճանք մըն է, որուն կը հանդիպինք միայն երբեմն տարեկան ցոյցի մը կամ փող-թմբուկի եւ բարձրախօսային երեկոներու), որպէսզի օտարումի յորձանքը պահ մը մեղմանայ:

Յիշեցի Ղազարոս Աղայեանը: Բայց ո՞վ կը յիշէ Տիգրան Կամսարականը, Թլկատինցին, Նար Դոսը…, բոլոր անոնք որոնք տօնական օր մը բեմէն չեն արտասանուիր:

Եթէ հայկական թաղերու մէջ «ընթերցման երեկոներ» կազմակերպուէին, ոչ մեծ սրահներու մէջ, երթալով դէպի համեստները, թերեւս ճամբայ կը հարթուէր իսկական հոգեկան-ոգեկան զարթօնքի մը, որ գար ժողովուրդի համեստ խաւերէն, մարդոցմէ՝ որոնք ժողովականներ չեն, բարերարի կոչումներ չունին, մեծանուն հիւրանոցներու փարթամ ճաշկերոյթներուն չեն մասնակցիր:

Ի՞նչ կ’ընենք հայ մարդիկը, երիտասարդներ եւ երէցներ, առաջնորդելու համար Ռոպէր Հատտէճեանի «քուլիսներ»ը, հրաժարելով զանոնք փողի-թմբուկի գոռում-գոչիւնով քնացնելու եւ ինքնագոհութեան մէջ թաղուելու տխրութենէն:

Գիրքը տպուած թուղթ է, նոյնիսկ եթէ գեղեցիկ կողք ունի եւ ակնթարթ մը տեւող գինեձօնի կ’արժանանայ, եթէ չհասնի ընթերցողին, եթէ ընթերցողը անոր չհանդիպի, անոր էջերուն մէջ ինքզինք դիտելու եւ ճանչնալու համար…

Գիրքը շաու բիզնես չէ… Ինչպէս բեմին վրայ բարձրախօս-ներէ կախուած եւ գալարուող երգիչները եւ նուագածուները, որոնցմով խանդախառ երեկոներ կը կազմակերպեն «մշակոյթ»ի կեղծ պիտակին տակ… եկամուտ ապահովելու համար: Ի վերջոյ, ճաշկերոյթի համար զանգուած կարելի չէ խմբել Մեծարենց, Ինտրա, Վեհանուշ Թեքեան, Արտեմ Յարութիւնեան լսելու եւ դրամ շահելու:

Այդպէս է՝ բովանդակութենէն տարբեր բաներու համար, եթէ իրատեսութենէ չենք հրաժարած, չենք խրած անմիջականի գործնապաշտութեան մէջ:

Չխրելու համար գործնապաշտութեան տիղմին մէջ «մշակու-թային ղեկավարում» պէտք է, որ հաշուապահութենէ տարբեր որակ է, որ կը պահանջէ տեսիլք եւ բարոյական, քանի որ «մշակութային ղեկավարում»ը առանց «էթիք»ի (ethique), բախտաւոր պարագային աղմուկ է:

Եւ հանրային կեանքի մէջ,- մշակութային, քաղաքական, բա-րեսիրական, կրթական,- երբ չկայ ազնուացնող բարոյականութիւ-նը, կը յառաջանայ ինքնագոհութեան ճահիճը: Այսինքն՝ պատերուն փակցուած թանկարժէք որմազդները… երբ գիրքի հրատարակու-թեան համար կ’ըսեն «դրամ չկայ» եւ ապա գիրք չի գնուիր եւ կ’ըսեն «ո՞վ պիտի կարդայ»:

Ռոպէր Հատտէճեանի «քուլիսներ»ը մոռցուած քարանձաւնե՞ր են, թէ լոյսի ճառագայթ՝ մութի մէջ ճամբացոյց…

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles