ՓԱՊՈՒՂԻ՞ … ԹԷ ՓԱԿՈՒՂԻ

0 0
Read Time:2 Minute, 17 Second
Գործ՝ Արա Ազատի
Գործ՝ Արա Ազատի


ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Յուլիս 28, 2016

Լաբիւրինթոսային բացատրողականը հաւանաբար չափազանցութիւն մը չէ:
Ինչ որ կը պատահի Կիրակի, Յուլիս 17-էն ի վեր, Երեւանեան բեմահարթակէն ներս, կ՛ընթանայ այնպիսի ուղղութեամբ մը, որ լուրջ հարցադրումներու եւ վերլուծումներու կրնայ յանգիլ:
Երբ բրիտանացի գրագէտ Էնթընի Պըրճէս (1917-1993) տարօրինակ երեւակայութեամբ եւ մտայղացումով մը, 1962-ին լոյս ընծայած էր մեծ հռչակ սփռած «Ինքնագործ Նարինջը» («A Clockwork Orange»), ներկայացուցած էր ապառնիի անիշխանական Լոնտոն մը, ուր օրինականն ու ապօրինին իրար հետ բախելով, ստեղծած էին ահաւոր միջավայր, ժողովուրդ, քաղաք…երկիր մը՝ Սարսափիստան: Նոյնքան հմտութեամբ, տասնեակ մը տարի ետք, բրիտանացի հանրահռչակ բեմադրիչ Սթանլի Քիւպրիք (1928-1999), այդ գրական գործը տեղադրած էր եօթներորդ արուեստի բնագաւառէն ներս, յաւելեալ փայլք մը տալով:
Այս «Ինքնագործ Նարինջը» (ոչ մէկ կապ կամ ակնարկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նկարագրած սփիւռքահայութեան նարինչ համտեսողներուն՝ ծիրանի երկրին մէջ) գործին մէջ, սուր երգիծանքով կը նկարագրուէր հոգեբանական ծայրայեղ միջոցներու գործածութիւնը՝ ամբողջատիրական եւ ծաւալողապաշտ ընկերութեան մը՝ կառավարութեան մը, ուր մարդ էակը վերածուած է ինքնագործ մեքենայի՝ ռոպոթի:
Սակայն Երեւանի մէջ պատահած ու ստեղծուած կացութիւնը ժապաւէն մը չէ: Այլ պաստառներու ետին, իսկական դէպքերն են, որոնք կը պատահին, ահազանգի մատնելով տրամաբանութիւնն ու արդարամտութիւնը:
Այսինքն ներկայ երկրի տիրող պայմաններէն դժգոհ հայորդիներ, ներկայ ղեկավարութիւնը տապալելու մտայնութեամբ, հայրենակից ոստիկանի՞ն կը սպաննեն: Այս ցոյցերուն կը մասնակցին ամէն գաղափարի անձնաւորութիւններ, նոյնիսկ դերասաններ, հակառակ անոր որ պատահածը իսկական է..եւ պարզ երեւակայուած կամ յօրինուած ժապաւէն մը չէ:
Հաւանաբար թէ՛ ձերբակալողը եւ թէ՛ ձերբակալուողը ակնթարթ մը հարց տան թէ.- «Յո՞ երթանք»:
«Խորենացի» պողոտային վրայ կատարուածը ամենէն աւելի պիտի մտահոգէր նոյնինքն Ոսկեդարի պատմաբան, գրագէտ, բանաստեղծ Մովսէս Խորենացին (410-490), որուն նկարագրած «Պատմութիւն Հայոց»ը հաւանաբար եթէ այս օրերուն շարունակուէր, այդչափ ալ ոսկեգոյն էջերով պատուած պիտի չըլլար:
Խորենացին պիտի չուզէր այս բոլորին ականատեսը դառնալ: Ի վերջոյ ան պարտականութիւն մը ունէր սերունդներ դաստիարակելու եւ տեղեկացնելու պատմութիւնը՝ Հայոց Պատմութիւնը:
Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ ցոյցերու ընթացքն ու ցուցարարներու ժամադրավայրը, «Խորենացի» պողոտայէն այլ վայրեր փոխադրելը պարզ այրած սրտի մխիթարանք մը պիտի ըլլար հարիւրաւոր հայ սերունդներ ակնածանքով ու երախտագիտութեամբ տպաւորած եւ դաստիարակած իմաստասէր հանճարը: Վէրքը պիտի մնար վէրք, այնպիսի ծանր «Վէրք Հայաստանի» մը, որ նոյնինքն Խաչատուր Աբովեանն ալ անձնատուր պիտի ըլլար: Հետեւաբար ցուցարարները «Աբովեան» պողոտա՞յ փոխադրել թէ «Ազատութիւն» հրապարակ…վէրքը պիտի մնայ վէրք:
Դժբախտաբար, այս դէպքերը կը յիշեցնեն կարդացողին համար այլ նորավէպ մը՝ ամերիկացի Փօլ Ֆրետըրիք Քլուկի «Դրամատան Տղաքը» («The Boys in the Bank»), որ ամերիկացի բեմադրիչ Սիտնի Լումէթ ամէնայն հմտութեամբ ներակայացուցած էր շարժապատկերի աշխարհէն ներս «Dog Day Afternoon» գործով:
Սակայն, դէմ դիմաց կանգնող բոլոր կողմերն ալ, ամէնէն աւելի անիշխանական ցուցարարէն մինչեւ ամենէն աւելի հլու կամակատար ոստիկանը, պէտք է քաջատեղեակ ըլլան, թէ Էրեբունիի մէջ պատահածը «Dog Day Afternoon»եան դրամատան կողոպուտ մը չէ, այլ շատ աւելի ահաւոր կողոպուտ մը՝ ազգային ապահովութեան եւ պատկանելիութեան կողոպուտ:
Փապուղի՞…թէ փակուղի: Դժբախտաբար ցայսօր զանազան վերլուծումներ եւ բաղդատականներ, շատ աւելի կ՛աղաւաղեն, արդէն իսկ վատառողջ լաբիւրինդոսային մթնոլորտը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles