
Հայր Անտոն Ադամեան
Պելմոնթ – Մասաչուսէց
Արդեօք մօտեցա՞ծ է օրը ուր յոյն փիլիսոփայ Տիոգենէսի նման կիզիչ արեւին տակ, Ճրագը մեր ձեռքին՝պիտի սկսինք Մարդ փնտռել մեր այս երկրագունդի ուղեմոլոր եւ մարդկութենէ մերկացած ընկերութեան մէջ : Աթէնքի բնակիչներէն շատեր որոնք աշակերտած էին այդ մեծ փիլիսոփային ոչ միայն զարմացած, այլեւ ապշա՛ծ էին երբ կը տեսնէին իրենց վարպետը Տիոգենէս՝ Աթէնքի փողոցները կը շրջէր կէսօրուայ արեւի յորդ լոյսին, ձեռքին ճրագ մը շալկած, աջ ու ձախ, փողոցներու անկիւնները կը զննէր՝կորսուած արժէքաւոր բան մը գտնելու համար: Անցնող դարձողները պահ մը կարծելով թէ մեծահռչակ Տիոգենէս խելքը կորսնցուցած ըլլար , իրեն կը մօտենան եւ կը հարցնեն.-«Վարպե՛տ, արեւին տակ ճրագը ձեռքիդ ի՞նչ կը փնտռես»: Տիոգենէս ափսոսանքով գլուխը շարժելով նայեցաւ շուրջը հաւաքուած աթէնացիներուն եւ ըսաւ.-«Արեւի լոյսին տակ ման եկայ Աթէնք ու մարդ չգտայ: Ես ինծի ըսի, ո՛վ մարդ, ճրագը ձեռքիդ փողոցներու անկիւնները նայէ, թերեւս տեղ մը պահուըտած մարդ մը գտնես: Դարձեա՛լ չգտայ»: Մարդիկը աւելի մեծ զարմանքով իրեն ըսին.-«վարպե՛տ,
այսքան անցնող դարձող մարդիկ կան առջեւդ,դեռ ի՞նչ կը փնտռես»: Անուանի փիլիսոփան պատասխանեց.-«Այո, ասոնք ամէնքը քալող,գացող եկող մարդիկ են,սակայն դժբախտաբար, մինչեւ հիմա Մարդ կը փնտռեմ ու չգտայ»: Ի՜նչ ահաւոր խեղճութիւն:
Ի՜նչ սնանկութիւն եւ անկում : Եկո՛ւր այս քանի մը միլիառ մարդոց մէջ Մարդ գտիր:
Ամէն քալող մարդ՝ մարդ չէ: Ամէն խօսող, շատախօսող, բամբասող ու զրպարտող՝ մարդ չէ: Հայհոյողն ու կեանքն անիծողը՝ մարդ չէ: Անիրաւն ու աւազակը մարդ չէ:
Հապա անմեղներուն արիւնը քամող ու խմողը՝մա՞րդ է: Աստուծոյ տուներուն հրթիռ արձակողը կարո՞ղ է մարդ կոչուիլ: Ի՞նչ կը հասկնայ մարդկութենէն այն որ մարդոց օրրանը, տաքուկ օճախը, հօրենական աղքատիկ տունը, իրենց զաւակներուն արիւնով գնուած ու ձեռք բերուած ազատ անկախ հայրենիքներ կործանողը: Երբեմն մարդ կ՛ամչնայ մարդ ըլլալուն: Եթէ այս վիճակի հասաւ աշխարհ, դեռ ի՞նչ կը մնայ ընելիք:
Անտառաբնակ մարդիկ չենք: Քսանմէկերրորդ լոյսի, գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան դարու զաւակ ենք: Լոյսը խաւար կը ծնի՞: Գիտութիւնը՝ շէն երկիր կ՛աւերէ՞: Քաղաքակրթութեան տէր ժողովուրդներ ու պետութիւններ հայրեր ու մայրեր կ՛ոչնչացնեն՝ անոնց զաւակներուն փառահեղ որբանոցներ կառուցանելո՞ւ համար: Եթէ մարդ ես եւ կենդանի խիղճ ունիս էութեանդ խորը, ի՞նչ բառերով կարող ես որակել մարդկութենէ հրաժարած նման մարդիկ:
Տիոգենէ՛ս, մահէդ քսանչորս դար ետք, աշխարհ տխուր է ու տրտում: Մռայլ է եւ չարի ստրուկ : Թիւով փոքր՝ որակով ունայնամիտ եւ ստորին մարդիկ ամէն միջոց ի գործ կը դնեն հալածելու , ճզմելու եւ ոչնչացնելու անզօրն ու անմեղը: Երանի՜ այսօր եւս աշխարհ գաս: Ձեռք ձեռքի տուած, ճրագը շալկած՝միասին Մարդ փնտռենք: