ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ

ՓԱՐԻԶ․- Աշխարհահռչակ երգիչ Ազնաւուրի թաղման արարողութիւնը նշուեցաւ, պաշտօնական արարողութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ լոյսերու քաղաքի «Էնվալիտ» պալատին մէջ։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողքին, Հայաստանէն ժամանած էին նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց։ Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր այս յուզիչ արարողութեան։

Ֆրանսայի նախագահ՝ Մաքրոն

Ազնաւուրը առաջին երաժիշտն է, որուն պատուին տեղի կ՝ունենայ Ազգային յարգանքի տուրքի արարողութիւն: Ազնաւուրի դիազննութիւնը կատարուած էր Հոկտեմբեր 2-ին, եւ քննութեան արդիւնքներէն պարզուած էր, որ ան զոհ գացած էր թոքի բորբոքումի մը։ Հետեւաբար ան հրաժեշտ առած էր բնական մահով, լոգանքի ժամանակ:
Նախագահ Մաքրոն Շարլ Ազնաւուրի մահուան առթիւ ըսաւ․- «Խորապէս ֆրանսացի, ներքնապէս իր հայկական արմատներուն կառչած, ամբողջ աշխարհին ծանօթ Շարլ Ազնաւուր ուղեկցած է երեք սերունդներու ուրախութիւններուն եւ տխրութիւններուն։ Անոր գլուխ-գործոցները, անոր բարեխառնութիւնը, անոր անկրկնելի փայլքը երկար պիտի գոյատեւեն»։ Մաքրոն Ազնաւուրը հրաւիրած էր Երեւան, մասնակցելու Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին, որուն ընթացքին ան նաեւ ելոյթ պիտի ունենար:
Հ․Հ․ նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ ցաւակցական ուղերձը յղեց Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով.-
«Անասելի ցաւ ապրեցայ ծանր հարուածէն։ Ազնաւուրը այլեւս չկայ…
Համայն մարդկութիւնը կորսնցուց 20-րդ դարու ամենէն զգայուն հոգիներէն մէկը։
Շարլը մարդու հաւաքական կերպարն էր՝ իր յոյզերով ու ապրումներով, կեանքի դժուարութիւններով ու երազանքներով, սէրերով ու ատելութիւններով։
Դարու նման իր երկար կեանքի ընթացքին իր հոգեպարար երգերով, իր անկրկնելի կերպարով որքա՜ն յոյս վառած է ան միլիոնաւորներու սրտերուն մէջ, որքա՜ն ցաւեր ամոքած…
Գրեթէ մէկ դար գլորած բեմի հսկան տակաւին զսպանակի նման պիրկ ու ամուր էր լուսարձակներու առջեւ, անոր անկրկնելի ձայնը տակաւին կը փոթորկէր մարդկային հոգին, պատանիներն ու երիտասարդները, արդէն ճերմկած մազերով անոր միլիոնաւոր երկրպագուները կը վարակուէին կեանքի այն լուսաւոր սիրով, որ կը ճառագայթէր յաւերժի այդ ճամբորդէն։
Մեզմէ հեռացաւ Հայը, որ միայն ֆիզիքապէս կը գտնուէր հայրենիքէն դուրս. հայրենիքը անոր մէջ էր, ան՝ հայրենիքին…

Դերասան Ժան-Փօլ Պելմոնտօ (ձախէն երկրորդը)

Համաշխարհային ու հայկական մշակոյթէն պոկուեցաւ մեծ ու վառվռուն ասուպ մը, որ իր յետագիծով պիտի շարունակէ յաւերժական ճամբորդութիւնը արուեստասէրներու հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ…
Ես կորսնցուցի իմ լաւագոյն բարեկամներէն մէկը, որուն հետ իւրաքանչիւր հանդիպում իւրայատուկ էր իր ջերմութեամբ ու անջնջելի տպաւորութեամբ…
Սակայն դուն միշտ մեզի հետ ես, սիրելի՛ Շարլ, քու ժողովուրդիդ հետ, քու Հայաստան եւ Ֆրանսա հայրենիքներուդ հետ…
Անկեղծօրէն կը ցաւակցիմ եւ կը վշտակցիմ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն, Հայաստանի ու Ֆրանսայի ժողովուրդներուն, Ազնաւուրի արուեստի միլիոնաւոր երկրպագուներուն։
Ճամբուդ լո՜յս, Շարլ…»։

Միրէյ Մաթիէօ կը սգայ․․․

Վարչապետ Փաշինեանն ալ իր կարգին ցաւակցած էր, յայտնելով․-
Վարչապետ Փաշինեան Ազնաւուրի մահուան առիթով յղած ցաւակցական ուղերձին մէջ նշեց.
«Խոր ցաւով ստացայ Շարլ Ազնաւուրի մահուան բօթը. կեանքի 94-րդ տարեդարձին մեզմէ հեռացած է հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն մէկը։ Դժուար է հաւատալ, որ մահացած է անձնաւորութիւն մը, որ կերտած է ամբողջ դարաշրջան մը, կերտած է պատմութիւն, կերտած է սէր, եւ անմնացորդ ծառայած սեփական ժողովուրդին, սեփական ժողովուրդներուն, որովհետեւ Շարլ Ազնաւուր կ՚ըսէր՝ ես 100 առ հարիւր Ֆրանսացի եմ եւ 100 առ հարիւր Հայ։ Ան 80 տարի իր բեմական գործունէութեամբ հիացուցած, ջերմացուցած եւ ոգեշնչած է տասնեակ, հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ, բոլոր ցամաքամասերուն մէջ։
Ասիկա ցաւալի, սգալի օր է մեր ժողովուրդին եւ մեր երկրի պատմութեան համար։ Մահացած է Հայաստանի Ազգային հերոսը։ Անուրանալի է Շարլ Ազնաւուրի աւանդը Անկախ Հայաստանի կայացման ու հզօրացման գործին մէջ։

դերասան՝ Ռոպէր Հոսէյն (ձախին)

Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ ժողովուրդի անունով իմ խորին վշտակցութիւնս կը յայտնեմ Ֆրանսայի ժողովուրդին, Շարլ Ազնաւուրի հարիւր միլիոնաւոր երկրպագուներուն՝ աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ։ Կը ցաւակցիմ մեր բոլորին՝ ամբողջ հայ ժողովուրդին։
Ասիկա իսկապէս մեծ համամարդկային կորուստ է, որովհետեւ Ազնաւուրը մէկն է, որ ստեղծած է ո՛չ միայն ազգային, այլեւ համամարդկային արժէքներ, որոնք երկար տարիներ մարդկութեան պիտի ուղեկցին դէպի սէր ու համերաշխութիւն՝ այդ արժէքներու հիման վրայ մարդիկ մղելով դէպի առաքինութիւն»։
Ազնաւուրի մահուան գիշերն իսկ, հսկայ պաստառ մը զետեղուեցաւ Էյֆէլեան աշտարակին առջեւ, ուրկէ ան շարունակեց իր երգերով հմայել հազարաւոր երկրպագուներ, որոնք արցունքտ աչքերով հետեւեցան իր ելոյթներուն։ Այսպէս, հանրածանօթ աշտարակն ալ իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէր եւ հրաժեշտ կը յայտնէր մեծ երգիչին:

Social profiles