ՎԵՐԱԴԱՐՁ… ՊՈԼԻՍ

0 0
Read Time:3 Minute, 51 Second

istanbul-history  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Անց­եալ շա­բա­թա­վեր­ջը, պատ­մա­կան էր թէ՛ Պոլ­սոյ եւ թէ՛ հա­յու­թեան հա­մար: Ար­դա­րեւ, 1923-էն ի վեր, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով է, որ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան պաշ­տօ­նա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը Պո­լիս կ՛այ­ցե­լէր:

Նկա­տի ու­նե­նա­լով վեր­ջին ամիս­նե­րու (…եւ տա­րի­նե­րու) ան­ցու­դար­ձե­րը, հա­ւա­նա­բար հա­յորդի­ին հա­մար, անակն­կալ պի­տի չըլ­լար այս պա­տա­հա­ծը:

Ար­դա­րեւ, քա­նի մը տարիէ ի վեր սկսած էին Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ, կարգ մը եկե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­շի­նու­թիւն­նե­րը, իսկ քայլ մը աւե­լի ան­դին եր­թա­լով, Տիգ­րա­նա­կեր­տի եօթ­նագմ­բէթ Սուրբ Կի­րա­կոս եկե­ղե­ցին սկսած էր գոր­ծել: Քա­նի մը ամիս առաջ, Պոլ­սոյ մէջ կա­տար­ուած ցոյ­ցե­րուն, յստա­կօ­րէն կը բա­ցատր­ուէր թէ “Թաք­սիմ“ հրա­պա­րա­կի “Կե­զի“ այ­գին, նա­խա­պէս եղած է հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տուն: …Դեռ աւե­լին, նոյ­նիսկ այդ պայ­թու­ցիկ օրե­րուն, կա­րե­լի եղած էր յատուկ ձեռնարկով մը ոգեկոչել Հնչակեան կուսակցութեան այն քսան գործիչները, որոնք 1915ի Յունիս 15-ին կախաղան հանուած էին, Պայազիտի հրապարակի վրայ, շնոր­հիւ Ռա­կըպ Զա­րա­քոլ­ուի թա­փած ճի­գե­րուն:

Ան­շուշտ, դեռ քա­նի մը օր առաջ աւար­տե­ցաւ Պոլ­սոյ Պօ­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կա­տար­ուած, իս­լա­մաց(ու)ած հա­յե­րու մա­սին կազ­մա­կերպ­ուած եռօր­եայ հա­մա­գու­մա­րը, որ իր տե­սա­կով եւ մա­կար­դա­կով իւ­րա­յա­տուկ էր: Բե­մա­հար­թա­կին վրայ կանգ­նե­լով եւ յանդգ­նե­լով, տե­ղա­ցի­ներ քննա­դա­տած էին իրենց ղե­կա­վար­նե­րէն` Իս­մէթ Ինէ­օնիւի ցե­ղա­պաշտ խօս­քե­րը.- “Այս երկ­րին մէջ ապ­րող բո­լոր մար­դի­կը պի­տի թրքա­նան ու թրքե­րէն պի­տի խօ­սին, իսկ անոնք, որոնք պի­տի չհա­մա­կեր­պին, պի­տի կո­տոր­ուին, շպրտուին“:

Ժա­մա­նա­կը եկած էր շղթա­յա­կապ վա­րա­գոյ­րը վար առ­նե­լու եւ յայտ­նե­լու թէ Ճշմար­տու­թիւնն ու ար­դա­րու­թիւնը եր­բե՛ք չեն կրնար մնալ մու­թի եւ խա­ւա­րի մէջ:

Այս գի­տա­ժո­ղո­վի աւար­տէն հա­զիւ շա­բաթ մը ետք, կա­տար­ուե­ցաւ ամիս­նե­րէ ի վեր որոշ­ուած Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նին հա­մա­գու­մա­րը, որուն ան­դամ է Ա.Պ.Հ..-ի եր­կիր­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն լի­ի­րաւ ան­դա­մի կար­գա­վի­ճակ ստա­ցած առա­ջին կու­սակ­ցու­թիւնը` Հ.Յ.Դ.-ը, 2003-էն ի վեր:

Ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ըն­կեր­վա­րա­կան եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ հա­մախմ­բող հա­մաշ­խար­հա­յին այս կա­ռոյ­ցի նիս­տե­րուն, առանց բառ մ՛իսկ ծամծ­մե­լու, կրկին բե­մա­հար­թա­կէն յայ­տա­րար­ուե­ցաւ թէ, աւե­լի քան քսան տարիէ ի վեր Ան­գա­րա անար­դա­րօ­րէն փա­կած է Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­ման­նե­րը: Նա­եւ, յստա­կօ­րէն շեշտ­ուե­ցաւ թէ ժա­մա­նա­կը հա­սած է, որ Թուրք­ի­ան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ իր պատ­մու­թիւնը եւ ըն­դու­նի իր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը, քսա­նե­րորդ դա­րու առա­ջին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագր­ման եւ իրա­գործ­ման հա­մար:

Վե­րա­դարձ Պո­լիս… Սա­կայն հա­կա­ռակ այս կա­ցու­թեան, յա­ռա­ջա­պահ եւ ազա­տա­միտ ընտ­րանիի մը կող­մէ կազ­մա­կերպ­ուած հա­մա­գու­մար­նե­րու դի­մաց դժբախ­տա­բար, մութ ձեռ­քեր կը փոր­ձեն շա­րու­նակ մի­ջա­մուխ ըլ­լալ եւ յատ­կա­պէս Անա­տոլ­ուի մէջ,  պահ­պա­նո­ղա­կան կամ ազ­գայ­նա­պաշտ հիմ­նարկ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պել հա­մա­գու­մար­ներ‘ ժխտե­լու հա­մար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles