ՍՓԻՒՌՔՆԵՐ. ՎԱԽՃԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ… ՎԱԽՃԱՆԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 8 Second

balian ArmenianDiaspora

Յ. Պալեան

Սփիւռքներու վախճանականութիւնը երբեք չենք ուզած բացորոշ կերպով քննել:

Ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ:

Ո՞ւր հասնիլ ոչ միայն անհատական բաւարարութեան համար, այլ որպէս ազգ եւ ազգի անդամ: Սփիւռքը ապահովութեան եւ բաւարարութեան երաշխի՞ք է միայն, թէ՞ ազգովին անոր տուած ենք, կամ պէտք է տուած ըլլայինք  կամ պէտք է տալ այլ հեռանկար մը, քանի մը որ սփիւռքը ցարդ ինքզինք դաւանած է ազգի հատուած:

Որպէս ազգի հատուած ի՞նչ ապագայ ունին սփիւռքները:

Երբ Հայաստանը աշխահարհագրական բացատրութիւն դարձած էր մէկ կամ միւս կայսրութեան սահմաններէն ներս, հայերը պանդխտութեան կ’երթային Պոլիս եւ մինչեւ Ամերիկա: Կամ կը ցրուէին կայսրութեան մը մէջ: Սփիւռք չէին:

Սփիւռքը նոր երեւոյթ է: Մեզմէ առաջ եղած է հրեական սփիւռքը:

1915-1922-ին Արեւմտահայաստանի ժողովուրդը զանգուածային կերպով ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆ եղաւ: Ցեղասպանութենէ ճողոպրածներ դարձան գաղթական, աստանդական, ապաստան գտան Արեւելահայաստան, արաբական երկիրներ, Եւրոպա, Ամերիկաներ: Հայկական սփիւռքը սկսաւ հայրենահանումով, որուն մասին չի խօսուիր, ցեղասպանութեան լացուկոծը տեղ չի ձգեր հայրենահանման ըմբռնումին եւ անոր հետեւանքներուն մասին ազգային-քաղաքական մտածողութեան զարգացման:

Կը պատահի՞, որ գիտաժողովներու, հանրաժողովներու, հանրաժողովներու ընթացքին խօսուի հայրենահանման մասին: Ցեղասպանութեան փաստերը բազմապատկելու տենդը ժամանակ չի ձգեր ուրիշ բանի: Իսկ այպէս կոչուած օտար հիւրերու ներկայութեան հայրենահանման մասին չենք խօսիր, քանի որ այդ կը նսեմացնէ մեր լաւ մերուած քաղաքացիի պատկերը:

Այս հայկական տարտղնուած եւ արմատախիլ զանգուածները չէին ընտրած իրենց գոյավիճակը, այսօրուան սփիւռքի առաջին սերունդը ինք չէր ընտրած իր վիճակը: Հայրենահանման պարտադրանք էր առաջին սերունդի սփիւռքը: Այդ սերունդը միշտ ունեցած էր ՎԵՐԱԴԱՐՁի հզօր ցանկութիւնը, որուն փաստը Երկրորդ Աշխարհամարտէն անմիջապէս վերջ տեղի ունեցած ներգաղթի կոչին տրուած պատասխանն էր:

Մտորումը շարունակելէ առաջ հարց պէտք է տալ, թէ մեր ժամանակակից սփիւռքը պահա՞ծ է ՎԵՐԱԴԱՐՁի հզօր ցանկութիւնը:

Առաջին սերունդին յաջորդած ժամանակակից սփիւռքին ոչ ոք կը պարտադրէ սփիւռք մնալ, անոնց որոնք յաջորդներն են առաջին սերունդին, անոնց որոնք հայրենալքում-արտագաղթով կը գումարուին առաջինի վրայ, մանաւանդ որ երազուած անկախութեան իրականացումով ապրող հայրենիք կայ, որուն համար կը գրենք, զայն կ’երգենք, ուր կ’երթանք որպէս զբօսաշրջիկ: Հակասութիւններէ այլեւս չենք վախնար:

Կը մնայ այն խաբկանքը, որ սփիւռքը հայրենիք է, երկրորդ հայրենիքներով թերեւս, բայց նախամեծար՝ ընտրութեան պարագային: Այսօր, ժամանակակից սփիւռքը, ներառեալ Հայաստանէն արտաղթողները, կ’ուզէ ազգ ըլլալ առանց հայրենիքի: Հայրենասիրական համարուած արտայայտութիւնները կը մնան բարեսիրականի սահմաններուն վրայ կամ շաբաթավերջի զուարճութիւններու:

Ազգը հայրենիքով կ’ըլլայ: Այս պարզ ճշմարտութեամբ չեն գործեր սփիւռքները, այդ պատճառով ալ անոնք հետզհետէ կը դադրին ըլլալէ ազգի հատուած, կը դառնան համայնքներ, ինչ որ լաւագոյն ձեւով կը բացատրուի «ծագումով հայեր»ու տարազով, ինչ որ կ’ըսեն հիւրընկալ երկիրները, անոնց հետեւութեամբ կ’ըսեն նաեւ «սփիւռքահայեր»ը, գոհ ըլլալով «էթնիք» խմբակներու շնորհուած իրաւունքներով: Սփիւռքներու միլիոնները ազգային «հաստութիւն» չունին, այդ թիւերը հետզհետէ մանրուող եթերային հաստատումներ են:

Ի՞նչ կը մտածեն ժամանակակից «սփիւռքներու հայերը»:

Ի՞նչ կը մտածեն զանազան բնոյթի ղեկավարութիւնները սփիւռքներու հոլովոյթի մասին, պատմութեան տեսանկիւնէ ի՞նչ ապագայ կը սպասէ ժողովուրդի մը կէսէն աւելիին: Այդ կէսէն աւելին ինչպէ՞ս կը տեսնէ ինքզինք «հայ ազգ»ին յարաբերաբար, այսօր, տասը, քսան կամ հարիւր տարիէն: Անհատներ, ի հարկէ, այս հարցումը կրնան ուղղել իրենք իրենց, բայց ղեկավարութիւնները իրենք իրենց կրնա՞ն թոյլ տալ այս հարցը մնայուն օրակարգ չդարձնել իրենց ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն:

Այս հարցը կը նմանի «Պանտորա»յի տուփին, չենք համարձակիր կափարիչը վերցնել: Մեծ տեսաբան եւ ընկերաբան ըլլալու կարիք չկայ երեւակայելու համար գալիքը: Սփիւռքները որպէս «ազգային հաւաքականութիւն» չեն կրնար յաւակնիլ տեւողութիւն ըլլալու որպէս այդպիսին: Անոր անդամները անհատապէս տեւողութիւն պիտի ըլլան, համաշխարհայնացող մարդկութեան մէջ, որպէս արտադրող եւ սպառող, համարկուելով շրջապատին մէջ: Այդ շրջապատը նոյնացում պիտի ստեղծէ տնտեսական, կենցաղային, մշակութային եւ բարքերու միջոցաւ, առանց պարտադրանքի եւ ճիգի:

Բայց ազգ մը անհատներու եւ որեւէ մարդոց գումար չէ: Շարունակութիւն եղող ինքնութիւն մըն է:

Այդ ինքնութիւնը ունի իր իւրայատուկ ստորոգելիները:

Մակերեսային եւ կագախօսային արտայայտութիւններով օրօրուելով, չենք ուզեր քննել այդ ստորոգելիներուն առկայութիւնը սփիւռքացած եւ հետզհետէ աւելի սփիւռքացող հայութեան պարագային: Միշտ «յաճախորդութիւն» չկորսնցնելու պատեհապաշտութեամբ:

Որքան որ ալ ժամանակավրէպ թուի, այդ ստորոգելիներէն առաջիններէն է «ծագում»ը, որ կազմուած կ’ըլլայ ԲՆԱՎԱՅՐով եւ հոն ապրուած հաւաքական կեանքով, յառաջացնելով հասարակաց զգալու, մտածելու կերպեր եւ կենցաղ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը ձեւաւորեն մարդիկը: Տեսութիւններու ետին պէտք չէ թաքնուիլ: Ազգերը նոյնատեսակ չեն, հաւասարապէս յարգելի են, բարքերը կրնան ըլլալ տարբեր, աշխարհընկալման ըմբռնումներ կան, այդ բոլորը գումարուելով ճաբոնցին, չինացին, անգլիացին, արաբը, ռուսը, զուլուն, հաւասար են որպէս մարդ, բայց իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ նկարագիրը: Այսինքն չինացին արաբ չէ, ճաբոնցին ալ հայ չէ:

Այս մտածումներով եթէ առաջնորդուինք եւ առանց հաճոյակատարութեան, ինքնարդարացման եւ շահախնդրութեան ուզենք դիտել սփիւռքեան կացութեան փապուղիին ծայրը, ազգային իրաւութեամբ ընթացք թերեւս կարելի կ’ըլլայ որդեգրել: Սփիւռքներու եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները, եւ բոլոր կառոյցները ազգապահպան են, անկասկած, բայց ինչպէս կ’ըսուի, «երկար ժամանակի վրայ» դատապարտուած են անհետացման: Մատրասի եկեղեցիին պատերը հոն են, բայց տէրեր չկան, հնդիկ պահակ մը կայ որ հայերէն գիտէ:

Մեկնելով այս անհաճոյ թուացող իրատեսութենէն, պէտք է ունենալ եւ մանաւանդ ընդունիլ ազգային հեռանկարային քաղաքականութիւն մը, եւ զայն գործադրել առանց հռետորական ճապկումներու: Այդ քաղաքականութիւնը ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ ԴԷՄ ՄՆԱՅՈՒՆ ՊԱՅՔԱՐն է: Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստերու հաւաքումը եւ անոր շուրջ ստեղծուող աղմուկը պատմագիտական, սգատօնային եւ լճացման ընթացք են, եթէ տեւաբար առկայ չեն հայրենահանման եւ հայրենիքի բռնագրաւման հարցերը:

Ազգային իրաւ քաղաքականութիւնը ազգի գոյացման եւ անոր շարունակութիւնը երաշխաւորող ստորոգելիներու վերականգնումն է:

Հաւանօրէն պէտք է մտաբերել, որ լուսաւոր պահու մը, խորհրդային իշխանութեան օրերուն, Հայաստանէն բարձրացաւ ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ աղաղակը: Հայրենահանման դէմ պայքարի խորքին կը գտնուին ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ, եւ երբեք բաւարար չափով չենք ըսեր, մենք մեզի եւ աշխարհին, ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն, որ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ:

Միջազգային ժողովներու փորձած ենք յուշագիր ներկայացնել, պահանջելով, որ սահմանները վերատեսութեան ենթարկուին: Ցեղասպանութեան ճանաչման ճիգերը եւ փաստահաւաքը մոռացութեան մատնած են ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ աղաղակով բանաձեւուող ազգային քաղաքականութիւնը:

ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋը կը մնայ սոսկ տօնական առիթներով մեզ զուարճացնող ճառ, եթէ ազգի իր կէսէն աւելիին համար չունի ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒ-ԹԻՒՆ: փոխարէն կ’աճի ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՈՒՄը, կը քաջալերուի զգացական զբօսաշրջութիւնը, որ  ոչինչ ունի հեռանկարային՝ ազգի տեսանկիւնէ, նոյնիսկ եթէ ան եկամտաբեր կը համարուի:

Սփիւռքները անջատուած ըլլալով ըլլալով ազգի գլխաւոր ստորոգելի բնավայրէն, կ’ապրին անբնական կացութեան մը մէջ, ուր օտարացում եւ օտարում անխուսափելի են, հակառակ նոյնիսկ մեծ զոհողութիւններու եւ ճիգերու: Շրջապատի մշակոյթի եւ կենցաղի նոյնիսկ քաղաքակիրթ ճնշումը, արմատներէ հեռացման ազդակ է, լեզուամշակութային եւ կենցաղային յաջորդական եւ յարաճուն ազդեցութիւններով:

Չենք համարձակիր բարձրաձայն խօսելու աճող խառն ամուսնութիւններու ազգին համար գոյութենական բացասական հետեւանքներու մասին, որպէսզի նեղմիտ եւ ցեղապաշտ չամբաստանուինք, նաեւ այն միամիտ եւ ինքանախաբէութեան տանող հաւատքով, որ օտարը կը հայացնենք, յիշեցնելով բացառիկ պարագաներ: Այնքան ատեն որ կայ եւ կը տեւէ սփիւռքեան կացութիւնը, խառնուելու ճնշումը պիտի աճի եւ ազգի համրանքի աճման բացասականօրէն պիտի անդրառանայ: Եթէ միջոցներ ունենայինք վիճակագրական տուեալներով տախտակներ կազմելու, մեր հաւկուրութիւնները մասամբ գէթ կը դարմանուէին:

Ազգի հասարակ յայտարար է լեզուն, ինչպէս հող-բնավայրը: Սփիւռքները, հակառակ ճիգի եւ զոհողութեան, աստիճանաբար պիտի կորսնցնեն լեզուն: Եթէ հայրենահանման հետեւանքով բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի քաղաքական եւ ազատագրական պայքարի յանձնառութեան գաղափարախօսութիւն ներշնչուած ըլլար սփիւռքին, առանց ինքնաբաւարարութիւն ցուցաբերելու տեսնելով փոքրամասնութիւն մը, յաջորդական պատշաճեցումներով չէինք գումարեր տեղատուութիւնները, որոնք կը կրծեն մեր համրանքը:

Տեղատուութիւնները, առաջին հերթին, հարուածած են եւ կը շարունակեն հարուածել ազգային լեզուն: Մարդորսական նկատումներով դռները լայն բացած ենք օտարախօսութեան եւ օտարագրութեան առջեւ, մեղսակից դառնալով մեր ինքնութեան կորուստին: Օտարախօսութիւն եւ օտարագրութիւն ժամանակ մըն ալ  կ’ապրեցնեն զգացումով հայեր, ծագումով հայեր:

Կը մշակենք անապագայ սնապարծութիւն մը, մեր շրջապատին ուզելով ցոյց տալ, որ լաւ համարկուած ենք, տեղացիէն աւելի լաւ կը խօսինք իր լեզուն, օտարախօս դարձնելով մեր հաղորդակցական միջոցները, ընդունելի գտնելով հայերու կողմէ մշակուող բազմալեզու գրականութիւնը, որ կրնայ յաջողութիւն եւ փառք ապահովել գրողին, ծառայել մեր քարոզչութեան, բայց ոչինչ աւելցելով մեր ինքնութեան եւ ժառանգութեան վրայ:

Նաեւ մեր եկեղեցին: Առանց կրօնամոլ ըլլալու, պարտաւոր ենք ընդունիլ, որ պատմութեան ընթացքին, ան ունեցած պահապանի եւ միացնողի հեղինակութիւն: Աղանդներու եւ այլ զարտուղութիւններու ազդեցութիւնները կանխելու յստակ վերաբերում չունինք, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ինչ որ կը գումարուի մեր տեղատուութիւններուն վրայ:

Այս ստորոգելիներուն վրայ հարկ է գումարել հայկական բովանդակութեամբ հայ դպրոցը, որուն համար անհրաժեշտ է ունենալ յատուկ մանկավարժական ծրագիր, որ տարբեր է շաբաթական քանի մը պահ դասաւանդութենէ: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ լաւագոյն պարագային անգամ, սփիւռքի որպէս ազգ պահպանման համար, ժամանակաւոր են նաեւ դպրոցները: Բայց վերադարձի ընդհանուր գաղափարախօսութեան ծիրէն ներս, դպրոցը համրանքը պաշտպանելու եւ մշակոյթ ժառանգելու անփոխարինելի միջոց է:

Այսօր պէտք է մտածել, տրամագծօրէն հակադրուելով հայրենահանման՝ ՀԱՅՐԵՆԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ մասին, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ստեղծելով պայմանները, կարելիութիւնները վերադարձի: Ազգային գաղափարախօսութեան զարգացումով պէտք է պատասխանել տկարացած հոգիներու նպարավաճառային տրամաբանութեան, թէ «ինծի ի՞նչ պիտի Հայաստանը», կամ «հոն ապրուելիք տեղ չէ»: Հայրենահանուած սերունդը դրախտներու մէջ ապաստան չգտաւ, տքնեցաւ, բարօրութեան հասաւ: Ինչո՞ւ ազգային իրաւ գիտակցութեամբ մը, պիտի չիրականանայ հայրենադարձութիւնը, տէր ըլլալու համար Հայաստան-Արցախ հայրենիքին, որուն տարածութեան վրայ բնակելի վայրի դժուարութիւն չկայ: Միայն Արցախը Լիբանանէն ընդարձակ է եւ Լիբանանի բնակչութիւնը չորս միլիոնէն աւելի է: Պելճիքան (Բելգիա) Հայաստանի տարածութիւնը ունի աւելի քան տասը միլիոն բնակչութեամբ:

Տուելաները խօսուն են եւ տգեղ է ըսել «նոյնը չէ»: Տարբեր վայրերու մէջ ի հարկէ կացութիւնները տարբեր են, բայց թիւերու վճիռը վիճելի չէ:

Ի սէր որու որ կ’ուզէք, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումներու ակնկալութեան չստորադասենք ոչ հայրենահանումը եւ ոչ ալ հայրենադարձութիւնը, անոնց վրայ կը կը կառուցուի իսկական ազգային քաղաքականութիւնը:

Առանց այս քաղաքականութեան սփիւռքները պիտի շարունակեն ըլլալ նահանջի մոլորակային բեմ, երգով կամ առանց երգի:

Հայ ազգային քաղաքականութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, սողալու վիճակէն դուրս պէտք է բերել՝ յառաջացնելով բազմաճակատ զօրաշարժ, եզրակացնելէ առաջ որ արդէն ուշ է:

Հայրենահանման մերօրեայ պատասխանը պէտք է ըլլայ հայրենադարձութիւնը: Միացներու ստեղծումը հեռանկարային ղեկավարումի խնդիր է:

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles