ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅ ԳԻՐԻ ԵՒ ՀԱՐԱԶԱՏ ԽՕՍՔԻ ՍԻՐԱՀԱՐ ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆՆ ԱԼ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 55 Second

b-1

 

Յ. Պալեան

Այսօր, Երեւան, 19 հոկտեմբերին, առաւօտեան սուրճէն առաջ, համակարգիչիս առջեւ նստած էի եւ հայաշխարհէն լուրեր կը փնտռէի:

Գոյժ մը. երկու օր առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, Մովսէս հեռացած է աշխարհէն, իր անաւարտ սէրերով եւ կարօտներով:

Հալէպի Քարէն Եբբէ Ճեմարանի հայութեամբ թրծուած սերունդէն էր Մովսէս Պչաքճեան: Տարի մը առաջ նոյն երակէն Սարգիս Կիրակոսեանն ալ մեկնած էր: Անոնք հայ գրականութեան սէրը դարձուցած էին կիրք, ժամանակին դէմ պայքարելով:

Այսօր մտադրած էինք երթալ Երեւանի այն հրատարակչատունը, որ գեղատիպ հատորներով լոյս կ’ընծայէր Մովսէսի գործերը: Ժառանգութիւն մը: Գրականութիւնը սերունդի մը, որ տատանեցաւ ազգային խորքի եւ աշխարհի ըմբռնումներուն միջեւ:

Մովսէս անխարդախ հայերէն գիտէր: Այս կ’ըսեմ այն պատճառով, որ սփիւռքներու մէջ այդ «անխարդախ»ը յաճախ տեղի կու տայ շրջապատի տեղական ազդեցութիւներուն առջեւ: Նաեւ՝ Հայաստանի, ուր օտար ազդեցութիւնը՝ բառերու եւ շարահիւսութեան՝ դեռ կը շարունակուի, եւ կ’ըսուի՝ որ՝ «լեզուն կը յառաջդիմէ»:

Տարիներ առաջ Մովսէսի գիրքերէն մէկուն մասին խօսելով գրած էի, որ ան «սեփական հոգին ճմլելու արկածախնդրութեան մեկնում մըն է»: Այդպէս են Մովսէսի վէպերը, թերթերու մէջ լոյս տեսած տպաւորապաշտ էջերը: Գրականութիւն մը, ինչպէս ըսած էի կրկին, «ինքնախօսութիւն մը, ինք իր վրայ կծկուող, ուրիշի հետ հաղորդուելու բացակայութիւն մը, որ ինքնաբաւարարման կը ձգտի՝ գիտնալով հանդերձ որ միւսները կան, բայց անոնք կը թուին անթափանց ըլլալ»: Այդպէս էր Մովսէս կեանքի մէջ, այդպէս է իր գրականութիւնը:

Մեր աղմկոտ աշխարհին ինքզինք փնտռող եւ ներքին աշխարհ մը պատկերացնող եւ անով գինովցող գրականութիւն, որ հատորներով կը բացուի դէպի ուրիշը, բայց գրողը կը մնայ իր գաղտնի պարտէզին մէջ, ճանչցուելու, սիրելու եւ սիրուելու մնայուն ճիգով:

Մովսէս Պչաքճեանի գրականութիւնը տեւաբար տեղափոխուող, կայք փնտռող հոգիի մը աշխարհը կը բերէ: Ճիշդ է, ան կը փորձէր Հայաստանի մէջ գտնել այդ իջեւանը, առանց երբեք կարենալ հրաժարելու իր ճակատագրի աշխարհէն, որ Հալէպն էր՝ տիրական կերպով, եւ սփիւռքը ընդհանրապէս:

Յամառօրէն ստեղծագործելու իր լարումին մէջ, Մովսէս Պչաքճեան իր ինքնութեան տռամը չապրեցաւ որպէս իր ժամանակիցներու կացութիւնը, աշխարհը չիւրացուց եւ չգերանցեց: Այլ հարց՝ որ սփիւռքի հայ գրողը կրնա՞յ տարբեր ըլլալ: Ինքզինք դիտեց, իր ապրումներու խորութեամբ ապրեցաւ:

Այն տպաւորութիւնը ունիմ հիմա, որ Մովսէս Պչքաճեանի իրական կեանքի մէջ չունեցած արկածախնդրութիւնը կայ իր գիրքերուն մէջ, չաւարտած արկածախնդրութիւն մը: Եթէ վերջին տարիներուն կարենար գրել, կամ եթէ դեռ ապրէր, պիտի հասնէ՞ր հոն՝ ուր չխոստովանուած երազները զինք պիտի տանէին:

Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին հայերէնի եւ հայ գրականութեան սպասարկող գրող մը մեռաւ:

Մեռնող գրողին տրուած յարգանքի տուրքը անոր էջերու ընթերցումով  կ’ըլլայ, խունկէ, ծաղիկէ եւ յաւուր պատշաճի բան չնշանակող խօսքերէ անդին:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles